Գոհար Կիրակոսեան բանտէն ազատ արձակուելէ ետք, կրկին Հայաստանէն աղջիկներ կը բերէ Թուրքիա


Գոհար Կիրակոսեան բանտէն ազատ արձակուելէ ետք, կրկին Հայաստանէն աղջիկներ կը բերէ Թուրքիա

  • 15-04-2011 20:24:42   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ամիսներ առաջ հաղորդած էինք որ Տրապիզոն քաղաքի ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուած էր յայտնի կաւատ Գոհար Կիրակոսեան։ Կիրակոսեան երկու ամիս բանտի մէջ մնալէ ետք ազատ արձակուեցաւ եւ այժմ ան կրկին կը շարունակէ Հայաստանէն երիտասարդ աղջիկներ Թուրքիա բերել՝ մարմնավաճառութեամբ զբաղելու համար։ Տեղական աղբիւրներու համաձայն, Հայաստանի »Յոյս եւ օգնութիւն« հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Ենովք Շատուորեան Թուրքիոյ Արտաքին Նախարարութեան միջոցաւ ազդարարած էր Տրապիզոնի ոստիկանութիւնը, որ »Վերջին տիրուհի« ծածկանունով Գոհար Կիրակոսեան բանտէն ազատ արձակուելէ ետք, կրկին Հայաստանէն աղջիկներ կը բերէ Թուրքիա, զանոնք ծախելու նպատակով։ Յիշեցնենք որ Հոկտեմբեր 2010ին Տրապիզոնի մէջ ձերբակալուած էր 18 հոգինոց խումբ մը, որու ղեկավարն էր 48ամեայ Գոհար Կիրակոսեան։ Ան թուրքի մը հետ ամուսնացած է եւ թրքահպատակ է։ Կիրակոսեան Հայաստանի ոստիկանութեան կողմէ հետապնդումի տակ է, թրաֆիքինկի պատճառով։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը