Մինչեւ սփիւռքահայ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ ծերակոյտի յառաջացման գաղափարին իրականացումը երկար ու խութերով լի ճամբայ կայ դեռ


Մինչեւ սփիւռքահայ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ ծերակոյտի յառաջացման գաղափարին իրականացումը երկար ու խութերով լի ճամբայ կայ դեռ

  • 13-04-2011 12:19:30   | Հայաստան  |  Յօդուածներ
Ռամկավար Մամուլ Անցեալ Փետրուարին, Գալիֆորնիոյ հայ համայնքին հետ հանդիպման ընթացքին, Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յայտարարեց թէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան մտադրութիւն ունի Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութեամբ Հայաստանի Ազգային ժողովը (խորհրդարանը) երկպալատանի դարձնելու առաջարկ մը ներկայացնել` կարելիութիւն տալով սփիւռքահայ ներկայացուցիչներուն մաս կազմելու Վերին պալատին` ծերակոյտին: Հայաստանի Ազգային Ժողովի դահլիճը Երկպալատանի խորհրդարաններ ունին աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ: Այդպիսի խորհրդարանները կամ օրէնսդիր մարմինները կազմուած են երկու պալատներէ (chambers, houses),- Ներքին պալատ (Lower House) եւ Վերին պալատ (Upper House) կամ Ծերակոյտ (Senate), որ կընտրուի կամ կը նշանակուի Ներքին պալատին կողմէ: Ներքին պալատը գրեթէ միշտ օրէնսդրութեան հիմնական հեղինակն է, իսկ Ծերակոյտին դերը Ներքին պալատին ընդունած օրէնքները վաւերացնելը կամ մերժելն է: Իբրեւ ժողովուրդի անմիջական ներկայացուցչական մարմին, գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ, հարկային եւ ելեւմտական օրէնսդրութիւնը Ներքին պալատին բացառիկ լիազօրութիւններուն մաս կը կազմէ, կամ անոր հակակշիռին տակ կը գտնուի: Հայաստանի Ազգային Ժողովը երկպալատանի դարձնելու եւ ծերակոյտի կազմին մէջ սփիւռքահայեր ընդգրկելու գաղափարը նորութիւն չէ անշուշտ: Արդարեւ, անցնող տարիներուն, Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին սփիւռքահայութեան մասնակցութեան հարցերուն նուիրուած քննարկումներու եւ բանավէճերու ընթացքին շատերու կողմէ արծարծուած է այդ գաղափարը: Երկպալատանի խորհրդարանի ջատագովներուն տեսակէտով, ծերակոյտի յառաջացումը հայկական պետականութիւնը զօրացնելու եւ քաղաքական ու տնտեսական մարտահրաւէրները դիմագրաւելու նպատակին շուրջ հայութեան ոյժերու համախմբումին կը ծառայէ: Անոնք իրաւացիօրէն կը պնդեն թէ` Հայաստանի Հանրապետութիւնը ոչ միայն անոր տարածքին վրայ ապրող հայերու հայրենիքն է, այլեւ համայն հայութեան: Հետեւաբար, սփիւռքահայութիւնը նոյնպէս իրաւունք ունի մասնակցելու իր հայրենիքի ճակատագրի տնօրինումին: Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս անգամ ալ իրարամերժ արձագանգներ ու մեկնաբանութիւններ լսուեցան Հայաստանի խորհրդարանը երկպալատանի դարձնելու առաջարկին մասին: Շատեր ողջունեցին գաղափարը, ուրիշներ դրական տրամադրութիւն ցոյց տալով հանդերձ որոշ վերապահութիւններ յայտնեցին, իսկ կարգ մը շրջանակներ ալ ,անհեթեթութիւնե եւ ,անիրատեսականե որակեցին զայն: Մեկնաբանելով Հայաստանի պետական կառավարման համակարգի նման կարեւոր փոփոխութեան մասին նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի յայտարարութիւնը, Հայաստանի նախագահին մամլոյ բանբերը յայտարարեց, որ ,Հայաստանե Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Մայիս 2010ի ժողովի օրերուն Հայաստան- Սփիւռք կապերու ընդլայնումի միջոցներուն մասին քննարկում մը տեղի ունեցած է, որուն ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան խորհուրդի անդամներուն առաջարկած է տարի մը յետոյ գաղափարներ ներկայացնել այդ ուղղութեամբ: Երկպալատանի խորհրդարան ստեղծելու մտադրութեանց մասին կատարուած յայտարարութիւնը մեկնաբանեց նաեւ Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան: Ան ըսաւ թէ ատիկա լուջ քննարկումի ենթակայ գաղափար մըն է սոսկ, որուն իրագործումը երկար միջոց եւ աշխատութիւն կը պահանջէ, մինչդեռ Հայաստան հիմա աւելի կարեւոր եւ անյապաղ լուծումներ պահանջող մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ: Հակառակ ,Հայաստանե Համահայկական Հիմնադրամի գոյութեան, Հայաստան-Սփիւռք իրերայաջորդ համաժողովներու գումարումին եւ Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումին, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները եւ մանաւա՛նդ քաղաքական համագործակցութիւնը կառուցային հաստատուն հիմերու վրայ չէ դրուած տակաւին: Ազգային-քաղաքական հիմնահարցերու շուրջ երբեմն ծագող անհամաձայնութիւնները եւ անհասկացողութիւնները ապացուցանած են թէ` Հայաստան-Սփիւռք քաղաքական յստակ համակարգումի մը անհրաժեշտութիւնը կայ, իսկ այդ համակարգումը կառոյցով մը միայն կարելի է ապահովել: Արդեօ՞ք Հայաստանի խորհրդարանի ապագայ Ծերակոյտը այդ կառոյցը կրնայ ըլլալ: Սփիւռքահայ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ ծերակոյտի ստեղծումը, բնականաբար, Հայաստանի Սահմանադրութեան, պետական կառավարման համակարգին, ընտրական օրէնսգիրքին եւ քաղաքացիութեան օրէնքին մէջ կնճռոտ փոփոխութիւններ կենթադրէ: Իսկ սահմանադրական փոփոխութիւններն ալ հանրաքուէի միջոցով կարելի է կատարել: Տակաւին չենք մանրամասներ ծերակոյտին ներկայացուցչական հանգամանքին, լիազօրութիւններուն, սփիւռքահայ ծերակուտականներու ընտրութեան սկզբունքներուն, նիստերու անոնց մասնակցութեան եւ առնչակից այլ հարցեր: Վստահաբար ո՛չ մէկը կրնայ ընդունիլ, առաւել եւս Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին, որ սփիւռքահայ ծերակուտականներ, նիստէ նիստ Երեւան ժամանելով, զբօսաշրջիկի հոգեբանութեամբ, մտնեն խորհրդարան եւ սեղմեն քուէարկութեան կոճակը, յաճախ առանց խորապէս ըմբռնելու մանաւա՛նդ այն հարցերը, որոնք վճռորոշ նշանակութիւն կրնան ունենալ երկրին մէջ ապրող եւ աշխատող հայ մարդուն համար: Երկպալատանի խորհրդարան ստեղծելու կողմնակիցներէն շատերու պատկերացումով ծերակոյտը հայութեան բոլոր հատուածները ներկայացնող խորհրդակցական մարմին մը կրնայ ըլլալ միայն` համահայկական հիմնահարցեր բանաձեւող եւ լուծումներ յառաջադրող: Եթէ այդպէս է, ուրեմն կը նշանակէ, թէ ծերակոյտի անդամներ օրէնսդրական կամ վերահսկողական դերակատարութիւն մը չունին, ոչ ալ անմիջական կապ մը երկրին ներքին քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կեանքին, բայց նաեւ ժողովրդավարութեան զարգացումին հետ: Մինչեւ սփիւռքահայ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ ծերակոյտի յառաջացման գաղափարին իրականացումը, երկար ու խութերով լի ճամբայ կայ դեռ: Կրնայ անիրականալի ալ մնալ այդ գաղափարը: Մինչ այդ, Հայաստան եւ Սփիւռք շատ բան ունին ընելիք համազգային հարցադրումներուն պատասխաններ տալու ուղղութեամբ: Իսկ գլխաւոր հարցադրումը շատերու համար հետեւեալն է. Սփիւռքը անջա՞տ, թէ՞ Հայաստան- Սփիւռք իրարու միացնող եւ զօդող համազգային կառոյց մը պէտք է ունենայ: ՅՈՎԻԿ ԷՕՐՏԵՔԵԱՆ Երեւան
  -   Յօդուածներ