Զուիցերահայ կազմակերպութիւնները կը մերժեն Մայր Աթոռի տնօրինումները


Զուիցերահայ կազմակերպութիւնները կը մերժեն Մայր Աթոռի տնօրինումները

  • 12-04-2011 19:29:53   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Միջոցէ մը ի վեր բաւական անախորժ լուրեր կը հասնէին մեզի Զուիցերիոյ հայ գաղութի եւ Մայր Աթոռի միջեւ շարունակուող անհամաձայնութեան մը առընչութեամբ։ Հարցն այն էր որ Վեհափառ Հայրապետը թեմակալ Առաջնորդով մը օժտել կ’ուզէր Զուիցերիոյ հայ գաղութը, իսկ կը պնդուէր որ գաղութն ալ՝ գլխաւորութեամբ Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանի, կողմնակից չէր այսպիսի նոր առաջնորդի մը նշանակումին, քանի որ ի վիճակի պիտի չըլլար դիմագրաւելու առաջնորդ մը ունենալու նիւթական պարտաւորութիւնները։ Մենք միջոցէ մը ի վեր վերապահութեամբ հետեւեցանք զարգացումներուն, հաւատալով որ ի վերջոյ համաձայնութեան գետին մը պիտի գտնուէր Մայր Աթոռի եւ գաղութի միջեւ։ Այս գծով արդէն Մայր Աթոռն ալ Առաջնորդական տեղապահ նշանակած էր Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանը եւ զայն ներկայացնելու պաշտօնի կոչած էր Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, բայց հայկական աղբիւրներէն մեզի հասնող վերջին լուրերը ցոյց կուտան որ անհամաձայնութիւնը հասած է սուր համեմատութիւններու։ Հայկական լրատու աղբիւրները հաղորդեցին որ նշանակուած Առաջնորդական Տեղապահը եւ Յովնան Սրբազան դժբախտաբար պատշաճ կերպով չդիմաւորուեցան եւ Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դռները փակ գտան իրենց առջեւ։ Բաւական անհաճոյ տեսարան մըն է որ այս կերպով կը պարզուի Հայաստանեայց Եկեղեցիի նոր շրջանի պատմութեան մէջ։ Հաղորդուած լուրերուն արձագանգ կը հանդիսանանք մաղթելով եւ յուսալով որ այս անհաճոյ կացութեան համար շուտափոյթ կերպով կողմերը յարմարագոյն լուծում մը կը բերեն եւ վերջ կուտան այս անբաղձալի կացութեան.- Անցեալ շաբաթավերջին Զուիցերիոյ թեմը վերակազմակերպելու առաջադրութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի յանձնարարութեամբ Ժընեւ մեկնեցան թեմի նոր նշանակուած Առաջնորդական Տեղապահ Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան եւ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Բայց Զուիցերիոյ հայկական համայնքի եւ Մայր Աթոռի միջեւ ստեղծուած տագնապը աւելի լուրջ բնոյթ ստացաւ, քանի որ նախընթաց օր, Կիրակի, Ժընեւի հայ եկեղեցւոյ դռները փակ էին հաւատացեալներու առջեւ, որոնք Ս. Պատարագին մասնակցելու համար եկեղեցի գացած էին։ Եկեղեցւոյ դռները փակելու որոշման պատասխանատուութիւնը իր վրայ առած է հայ եկեղեցական վարչութիւնը, սակայն հայաստանեան կարգ մը լրատու գործակալութիւններ, հաւաստի աղբիւրներու վրայ հիմնուելով, կը հաղորդեն թէ եկեղեցւոյ դռները հաւատացեալներու եւ Էջմիածնի պատուիրակութեան առջեւ փակած է համայնքի հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Աբէլ Քահանան։ Ինչպէս աւելի առաջ ալ հաղորդած էինք, Ժընեւի եկեղեցական վարչութիւնը, որ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի կառոյց կը նկատուի, քանի մը անգամ նամակ ղրկած է Էջմիածին, յայտարարելով թէ չ’ընդունիր Մայր Աթոռի որոշումները՝ Զուիցերիոյ մէջ հայոց թեմի թեմական կառոյցները կազմակերպելու եւ թեմական առաջնորդ նշանակելու մասին։ Իրականութեան մէջ 1990ականներուն Զուիցերիոյ թեմը ստեղծելու համար Ժընեւի հայոց եկեղեցական վարչութիւնը դիմած էր Երանաշնորհ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին, որպէսզի Վեհափառ Հայրապետը համապատասխան կոնդակով մը Զուիցերիոյ հայկական գաղութը թեմի վերածէ։ 1992ին Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի կոնդակով թեմը հիմնուած է։ Բայց Ժընեւի եկեղեցական վարչութեան ղեկավարութեան փոփոխութենէն ետք Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութիւնները մերժուած են, իսկ Երանաշնորհ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան օրով ալ՝ առանց Կաթողիկոսի հետ համաձայնութիւն գոյացնելու, Ժընեւի վարչութիւնը ծառայութեան հրաւիրած է Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանը։ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսը օրին դատապարտած էր այս ապօրէն քայլը եւ արգիլած քահանայի յետագայ ծառայութիւնը՝ Զուիցերիոյ մէջ։ Բայց Գարեգին Բ. Վեհափառի որոշումը եւս մերժուած է։ Վերջերս, արդէն Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական որոշումով, Զուիցերիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ եւ Ժընեւի հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան։ Կարգ մը տեղեկութիւններու համաձայն, Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանն է որ Էջմիածնի պատուիրակութեան եւ անոնց հետ միասին Պատարագի գացած հաւատացեալներու առջեւ փակած է եկեղեցւոյ դռները։ Յիշեցնենք որ Ժընեւի մէջ 2000 հայեր կ’ապրին եւ անոնց մէկ մասն է որ դէմ արտայայտուած է Մայր Աթոռի որոշման, սակայն այս դիրքորոշումը կը ներկայացուի իբրեւ ամբողջ զուիցերահայութեան կարծիք։ Յայտնի է որ Զուիցերիոյ այլ քաղաքներու մէջ ապրող հայեր ժխտական դիրքորոշում չունին Մայր Աթոռէն ժամանած պատուիրակի դէմ։ Ժընեւի Եկեղեցական վարչութիւնը իր որոշումը կը պատճառաբանէ անով, որ Մայր Աթոռը կը փափաքի համայնքի ու ծուխի գումարներուն տիրանալ, իսկ Կիրակի եկեղեցւոյ դռները փակ պահելը կը բացատրէ անով, որ չեն ուզած աւելորդ ձգտեալ վիճակ ստեղծել համայնքէն ներս։ Մայր Աթոռն ալ իր կարգին կը հերքէ »գումարներուն տիրանալու« մասին լուրերը եւ կը նշէ որ հանգանակութիւնները կամ բարեգործութիւնը կը կատարուի անհատական կարգով, իսկ Զուիցերիոյ նոր հոգեւոր հովիւ եւ առաջնորդական տեղապահ նշանակելու որոշման նպատակն է կազմակերպել Զուիցերիոյ հայ համայնքի հոգեւոր կեանքը։ Նոր զարգացումներու մասին պիտի հաղորդենք յառաջիկայ թիւերով։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը