Մարոնիներու նորընտիր Ն. Ա. Մար Պշարա Ռաայի պատրիարք յատուկ այցելութեամբ եկաւ Անթիլիասի Մայրավանքը


Մարոնիներու նորընտիր Ն. Ա. Մար Պշարա Ռաայի պատրիարք յատուկ այցելութեամբ եկաւ Անթիլիասի Մայրավանքը

  • 08-04-2011 19:13:48   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Ուրբաթ 8 Ապրիլ 2011-ի կէսօրին, Մարոնիներու նորընտիր Ն. Ա. Մար Պշարա Ռաայի պատրիարք, յատուկ այցելութեամբ եկաւ Անթիլիասի Մայրավանքը, իր ընտրութենէն ետք եղբայրական հանդիպում ունենալու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ: Կէսօրուան ժամը 11.30-ին, Ռաայի պատրիարք իր շքախումբով, որուն մաս կը կազմէին չորս եպիսկոպոսներ, մուտք գործեց Կաթողիկոսարան եւ Վեհարանին մէջ դիմաւորուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ: Ապա, Միաբան Հայրերու եւ Դպրեվանքի սարկաւագաց դասու թափօրով երկու հոգեւոր պետերը առաջնորդուե-ցան Մայր Տաճար: «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ թափօրը յառաջացաւ դէպի Մայր խորան, ուր տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք, հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով: Տէրունական Աղօթ-քի եւ «Կիլիկիա» Հայրապետական մաղթերգի երգե-ցո-ղու-թեամբ իր աւարտին հասաւ կանոնական բաժինը: Ապա, Վեհարանի դահլիճին մէջ, ի ներկայութեան Միաբան Հայրերու, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու ան-դամ-ներուն, հայ պետական դէմքերու՝ նախարար-ներու, երեսփոխաններու, պաշ-տօ-նա-կան խօսքեր փոխանակուե-ցան: Վեհափառ Հայրապետը իր բարի գալստեան խօսքին միացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու հայ ժողովուրդին շնորհաւորանքը, Նորին Ամենա-պատուութեան մաղթեց քաջառողջութիւն եւ բազմաբեղուն գահակալութիւն, Մարո-նի եկեղեցւոյ դարաւոր պատրիարքական գահուն վրայ: Արամ Ա. Կաթողիկոս պատմու-թեան անցքերէն քաղելով յիշեց այն սերտ յարաբերութիւնը, որ Հայ Եկեղե-ցին ունե-ցած է Հռոմի եկեղեցւոյն հետ: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ուրախութեամբ նշեց, որ այսօր եւս աստուածաբանական երկխօսութեան մէջ են եկեղեցական երկու ընտանիքները: Արամ Ա. Կաթողիկոս ներկայացուց նաեւ հայ եկեղեցւոյ աշխարհա-տա-րած թեմերուն մէջ հայ եւ մարոնի համայնքներու գործակցութեան օրինակելի պատկերը, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ-ներուն հետ գործակցութեան եղբայրական ոգին թեմական մակարդակի վրայ: Ապա, անդրադառնալով Լիբանանի կացութեան, անոր համայնքային խճանկա-րին ու քաղաքական տարբեր հոսանքներու գործունէութեան, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ՝ թէ ներկայ հանգրուանին քրիստոնեայ թէ իսլամ համայնքները ու բոլոր կողմերը վառ յոյսերով կը նային Պքերքէի գահակալին, որ իր իմաստուն քաղաքականութեամբ հանդուրժողութիւն կը սերմանէ բոլորին միջեւ, լիբանանցիները համախմբելով մէկ դրօշի տակ՝ Լիբանանի գերիշխանութեան, լիբա-նանցիութեան ինքնութիւնը յաչս բոլոր համայնքներուն բարձր պահելով: Եղբայրական ողջոյնի իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը ոսկեզօծ զարդախաչ նուիրեց Ռաայի պատրիարքին, որպէս մնայուն յուշարար խաչապաշտ հայ ժողովուրդի ու հայ եկեղեցւոյ սիրոյն: Ռաայի պատրիարք, իր կարգին խօսք առնելով, շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին, եղբայրական սիրոյն ու յարգանքին համար զոր ունեցած էր իր անձին հանդէպ: Մարոնի պատրիարքը անդրադարձաւ Նորին Սրբութեան բազմա-բեղուն գործունէութեան միջ-եկեղեցական կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ անոր անդուլ ճիգերուն՝ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան, մերձեցման ու գործակցութեան գծով: Ան ըսաւ թէ գործակցութեան նոր էջ կը բացուի այսօր Հայ եւ Մարոնի եկեղեցիներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ու Միջին Արեւելքի մէջ իրենց Աթոռանիստը ունեցող բոլոր եկեղեցիներու եւ կրօններու պետերուն միջեւ: Ապա, Ռաայի պատրիարք խօսեցաւ Հայ Ժողովուրդի տառապանքէն ծնած փոր-ձառութեան մասին, եւ Հայ Եկեղեցւոյ նահատակութեան ուղին օրինակելի նկա-տեց բոլոր քրիստոնեաներուն համար: Խաչի ճամբէն քալած հայ ժողովուրդին տա-ռապանքը մեղմած Լիբանանին հանդէպ մեր ժողովուրդին երախտագիտութիւնը, Ռաայի պատրիարք տեսաւ լիբանանահայութեան պարտաճանաչ ու օրինակելի քաղաքա-ցիութեան մէջ: Ան նշեց թէ լիբանանահայութիւնը իր պետական ներկայա-ցուցիչներով ու նախարարներով, Լիբանանի գերիշխանութիւնը միշտ վեր դասած է ամէն հաշիւներէ: Մարոնի պատրիարքը իր այցելութիւնը եւ եղբայրական ողջագուրումը Վեհ-ա-փառ Հայրապետին հետ, ինքնին պատգամ մը նկատեց, ուղղուած բոլորին, Լիբանա-նի ներ-քին միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ հասարակաց մարտահրաւէրները դիմագրա--ւելու: Երկու եկեղեցիներուն միջեւ եղբայրական գործակցութեան ուղին արդէն իսկ ամրագրուած ներկայացուց ան, իր նախորդին՝ Ն.Ա. Մար Նասրալլա Սֆէյր նախկին պատրիարքին կողմէ, որ այնքան մտերիմ բարեկամ էր Նորին Սրբութեան, ինչպէս ըսաւ նորընտիր պատրիարքը: Ուստի, գործակցութեան նոյն ուղին վերա-նորոգելու, ու միասնականութեան նոր թափ տալու համար ձեռք-ձեռքի պիտի տանք բոլորս, ըսաւ ան: Հանդիսութեան պաշտօնական բաժնէն ետք, երկու հոգեւոր պետերը իրենց շքախումբերով ուղղուեցան Ապրիլեան Նահատակաց Յուշարձան-Մատուռը, ուր նորընտիր պատրիարքը յատուկ աղօթք բարձրացուց հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ապա, անոնք ուղղուեցան «Զարեհեան» դամբարան, ուր դարձ-եալ Մար Պշարա Պութրոս պատրիարք «Հոգւոց» արտասանեց Երանաշնորհ Հայրա-պետներու եւ հոգելոյս Միաբաններու հոգիներու խաղաղութեան համար: Ապա, երկու հոգեւոր պետերը առանձին հանդիպում ունեցան Նորին Սրբու-թեան գրասենեակին մէջ, որմէ ետք Ռաայի պատրիարք իր շքախումբի անդամներով Վեհարանի սեղանատան մէջ Վեհափառ Հայրապետին ճաշի հիւրը եղաւ: -
  -   Մամլո հաղորդագրություն