Ատրպէյճան քսան տարիէ ի վեր կը կառավարուի միակ ընտանիքի մը կողմէ


Ատրպէյճան քսան տարիէ ի վեր կը կառավարուի միակ ընտանիքի մը կողմէ

  • 04-04-2011 19:10:59   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Այն օրերէն ասդին երբ բռնատիրական կարգերու դէմ ապստամբութեան ալիքներ բարձրանալ սկսան նախ Եգիպտոսի ու Լիբիոյ, ապա Միջին Արեւելեան երկիրներու մէջ եւ վերջին անգամ ալ Սուրիա, շատեր կը մտածէին հաւանաբար, բայց չէին համարձակեր հրապարակել, թէ ապստամբութեան ալիքը կրնար հասնիլ նաեւ Ատրպէյճան, որ մօտաւորապէս քսան տարիէ ի վեր կը կառավարուի միակ ընտանիքի մը կողմէ, Ալիյեւ, նախ Հայտար Ալիյեւ, ապա անոր որդին Իլհան Ալիյեւ։ Բայց արդէն լուրեր հրատարակուիլ սկսան այն մասին թէ ապստամբութեան հոսանքը սկսած է գործել Ատրպէյճանի մէջ ալ։ »Թարաֆ« երէկ կ’արձագանգէր Ատրպէյճանի մէջ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու կողմէ կազմակերպուած հանրահաւաքներու, որոնց արգելք հանդիսացած է ոստիկանութիւնը։ Ընդդիմադիրները ուզած են հաւաքուիլ հրապարակի մը վրայ, բայց ոստիկանութիւնը դիտել տուած է որ անոնք իրաւունք չունին այդ հրապարակին վրայ հաւաքոյթ կազմակփերպելու։ Ճամբաները փակուեցան, քաղաքացիներուն չարտօնուեցաւ որ հրապարակէն ներս մտնեն։ Հրապարակին շուրջ զանազան կուսակցութիւններու խմբակները ուզեցին իրարմէ անկախ ցոյցեր սարքել, լոզունգներ արձակեցին պահանջելով որ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիյեւ հրաժարի իր պաշտօնէն։ Ցոյցի ընթացքին ցուցարարները պոռացին. »Հրաժարէ«, »Ազատութիւն«, »Իլհան Ալիյեւ, կորսուէ«։ Հանրահաւաքը կազմակերպողներու խմբակէն Կիւլաղա Ասլանլը անուն ցուցարար մը Ատրպէյճանի պաշտօնական Թուրան գործակալութեան յայտարարեց որ ձերբակալուած ցուցարարները ի պահ դրուեցան պահականոցներու մէջ, ձերբակալուածներուն մէկ մասէն որեւէ լուր չստացուեցաւ։ Ձերբակալուածներուն միջեւ կը գտնուին լրագրողներ ալ։ Ոստիկանները ցուցարարները հրելով առած են օթօթպիւսներէն ներս ու զանոնք տարած են պահականոց։ Մօտաւորապէս 200 հոգի հսկողութեան տակ առնուած ըլլալով հանդերձ պաշտօնական աղբիւրները այս մասին որեւէ լուսաբանութիւն չեն ըրած։ Միայն թէ Ատրպէյճանի Արտաքին Նախարարութիւնը նախընթաց օր լուսաբանութիւն մը ընելով պնդեց թէ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները չեն կրնար իրենց ընտրած վայրերուն վրայ հանրահաւաքներ սարքել, եթէ փորձեն ընել այդպիսի բան մը, պիտի կատարուի անհրաժեշտ միջամտութիւնը։ Այժմ յայտնի կը դառնայ որ խռովութիւնները շատ ալ նոր չեն, անցեալ ամիս ալ 150 ցուցարարներ հսկողութեան տակ առնուած էին զանազան հանրահաւաքներու ընթացքին։ »Թարաֆ« դիտել կուտայ որ Ատրպէյճան մօտաւորապէս քսան տարիէ ի վեր կը կառավարուի միակ ընտանիքի մը կողմէ։ Ասիկա Ալիյեւ ընտանիքն է։ 1993-ին իշխանութեան գլուխ եկած էր Հայտար Ալիյեւ, որուն մահէն վերջ իշխանութիւնը ստանձնեց անոր որդին Իլհամ Ալիյեւը։ Կարգ մը քաղագէտներու համաձայն, որքան ալ ընդդիմադիրները ներշնչուին արտասահմանեան երկիրներու մէջ պատահած յեղաշրջումներէն, շատ հաւանական չէ որ յեղաշրջում մը իրականանայ Պաքուի մէջ։ Իշխանութիւնը միջոցէ մը ի վեր շատ ծանր ճնշում ունի ընդդիմադիրներու վրայ։ Միջազգային Ներման Կազմակերպութեան համաձայն, ոստիկանութիւնը ձերբակալեց Ճապպար Սավալան անուն քսան տարեկան ընդդիմադիրը որ 3 Մարտին Ֆէյսպուքի էջերուն վրայ բողոքի ցոյցեր կազմակերպած էր։ Այս ձերբակալութեան յաջորդեց ճնշումի ալիք մը, որուն դէմ հակազդեցութիւն էր այն հանրահաւաքը զոր ընդդիմադիրները 2 Ապրիլին կազմակերպեցին »Զայրոյթի Օր« կոչելով ձեռնարկը։ Այս առիթով հսկողութեան տակ առնուած են 150 ցուցարարներ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը