Հոնկ Քոնկի մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհի ամենաբարձր պանդոկի բացումը<br />


Հոնկ Քոնկի մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհի ամենաբարձր պանդոկի բացումը

  • 30-03-2011 19:07:24   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Հոնկ Քոնկի մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհի ամենաբարձր պանդոկի բացումը։ »Ֆրանսփրէս« գործակալութիւնը կը հաղորդէ թէ »Ռից Քարլթոն« պանդոկը կը գտնուի Քոուլուն կղզիի վրայ եւ կը գրաւէ միջազգային Առեւտրական կեդրոնի 102-118րդ յարկերը։ Համալիրի բարձրութիւնը կը կազմէ 490 մեթր։ Պանդոկն ունի 312 սենեակ, որոնց բարձրութիւնը կը սկսի 50 մեթրէն։ Պանդոկի տարածքի մէջ են աշխարհի ամենաբարձր »պառ«ը, ակումբային գօտին, սփա-կեդրոնը, լողաւազանը եւ վեց ճաշարաններ։ Պանդոկի մէջ մէկ օրը »տէլիւքս« կարգի համար պիտի արժէ առնուազն 770 տոլար, իսկ նախագահական »լիւքս«ը 12.8 հազար տոլար։ Մինչեւ այսօր աշխարհի ամենաբարձր պանդոկը կը նկատուէր Շանկհայի Համաշխարհային Ելմտական կեդրոնի 79-93րդ յարկերու վրայ գտնուող »Փարք Հիյաթ«ը։ Այդ երկնաքերը կը հանդիսանայ նաեւ Չինաստանի ամենաբարձր շէնքը։ 2014ի վերջաւորութեան եւ 2015ի սկզբին ամենաբարձր պանդոկի կոչումը պիտի փոխանցուի Ժի-Հօթէլին, որ պիտի տեղակայուի Շանկհայի աշտարակ համալիրի մէջ։ Պանդոկը պիտի գրաւէ 632 մեթր բարձրութեամբ շէնքի 84-110րդ յարկերը։ Կ’ենթադրուի որ Շանկհայի աշտարակը Չինաստանի ամենաբարձր շէնքը ըլլայ եւ բարձրութեամբ երկրորդ շէնքը աշխարհի մէջ )Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու »Պուրճ Հալիֆ« աշտարակէն ետք_։ Աշխարհի ամենաբարձր պանդոկը, որու շէնքը ամբողջութեամբ կը գործածուի պանդոկային նպատակներով, Ռոզ-Ռէյհանն է, որ բացուած է Տուպայիի էջ 2010ին։ Այդ պանդոկի բարձրութիւնը 333 մեթր է։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը