Դէպքերը որոնք կը պատահին իբրեւ աշխարհագրական տարածք կարեւոր են հայութեան համար


Դէպքերը որոնք կը պատահին իբրեւ աշխարհագրական տարածք կարեւոր են հայութեան համար

  • 30-03-2011 13:22:08   |   |  Յօդուածներ
Շրջանային մակարդակի վրայ իրադարձութիւններու զարգացումը տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու դուռ բացած է: Ընդհանուր ուղղուածութիւնը շրջանի երկիրներու ժողովրդավարացման կը յակի: Երեւութական այս ուղղուածութիւնը սակայն խորքին մէջ գերտէրութիւններու ազդեցութեան գօտիներու ընդարձակման նպատակով իրականցուող քաղաքականութեան ընդհանուր պարունակի մէջ կը տեղադրուի: Տեղ-տեղ միջամտելու յստակ որոշումներ, այլ տեղեր լրատուական քաղաքականութեան կիրակումով թէժ մթնոլորտ ստեղծելու յստակ ճիգեր.ուրիշ երկիրներու պարագային գործող իշխանութիւնները հեռացնելու յորդորներ, իսկ այլոց պարագային ալ բարեկարգումներու ակնկալիքներ: Իւրաքանչիւր երկրի նկատմամբ, կը թուի, թէ յատուկ յայտարարողական քաղաքականութիւն կիրարկուած է միջազգային ընտանիքին կողմէ, առաջնորդութեմբ անշուշտ Միացեալ Նահանգներուն: Այստեղ դեր ունին կատարելիք ՄԱԿը, միւս գերտէրութիւնները, ՕԹԱՆ-ը եւ եւ համապատասխան կառոյցներ: Փորձենք մօտենալ հայկական գործօնին հետ առնչուող խնդիրներուն: Սուրիոյ տարածքին ծայր առած շարժումները կտրուկ շրջադարձ ունեցան, երբ յատկապէս երէկ, նախագահին հանդէպ ցուցաբերուած զօրակցութեան զանգուածային ալիքը իր տարողութեան տակ նսեմացուց բողոքի ելոյթները: Այստեղ էր փաստօրէն, որ պաշտօնական Անգարան, նախքան զօրակցական ալիքի մակընթացութիւնը, հեգնական շեշտով եւ իր արտաքին հարցերու գերատեսչութեան ղեկավարին ճամբով յոխորտաց, որ վաղուց խորհուրդ տուած է բարեկարգումներու ձեռնարկելու: Ապա, ի տես բողոքի ելոյթներու ալիքի տեղատուութեան եւ անոնց դիմաց ժողովրդային տրամադրութեան աննախընթաց դրսեւորման այս անգամ իր վարչապետին ճամբով յայտարարելու, թէ Թուրքիան անտարբեր չի կրնար մնալ իր ռազմավարական նոր գործընկերոջ ապրած իրադարձութիւններուն դիմաց: Այս յայտարարութիւնը գրեթէ զուգահեռ էր Սէուտական Արաբիոյ յայտնած զօրակցութեան եւ մանաւանդ պաշտօնական Ուաշինկթընի կողմէ սուրիական օրինակի առանձնացման, ընդգծելով ուժային միջամտութեան ընտրանքի չգոյութիւնը կամ իշխանափոխութեան բացառումը: Պաշտօնական Անգարայի ցուցադրած քաղաքական այս աճպարարութիւնը վստահաբար աննկատ չ՛անցնիր: Յիշենք, որ օրին քաղաքական հոգեվարք ապրող Եգիպտոսի իշխանութիւններուն դաս տուող Անգարան ստացաւ հատու պատասխան մեկնող իշխանութիւններէն: Անցնինք: Դէպքերը որոնք կը պատահին իբրեւ աշխարհագրական տարածք կարեւոր են հայութեան համար: Ա՛յն երկիրներուն մասին կը խօսինք, ուր դասական Սփիւռքի հայահոծ գաղութներ կը գործեն եւ որոնք շատ հասկնալիօրէն կը տագնապին ոչ յստակ հեռանկարներու իրականութեան դիմաց: Միջին Արեւելքի գաղութները կարեւոր են հաւասարապէս թէ՛ Սփիւռքին եւ թէ՛ Հայաստանի հանրապետութեան համար: Ճիշդ է, որ իրադրութիւնները սերտօրէն կապ ունին աշխարհաքաղաքական մակարդակի վրայ արձանագրուող գործընթացներու հետ, այսուհանդերձ հայկական անուղղակի առնչութիւնները այս բոլորին պէտք է քննարկել: Աւելի ճիշդ բանաձեւումով, այս բոլորին ազդեցութիւնները հայկական համայնքներուն վրայ իր զանազան հնարաւոր հետեւանքներով պէտք է լուսարձակի տակ բերել: Հեռու` խուճապային տրամադրութիւններէ հարցերը պէտք է քննարկել տարածաշրջանի մակարդակով ցանցային համախմբումով եւ այդ տրամաբանութեամբ: Խնդիրներն ու երեւոյթները եւ տակաւ զարգացող իրադրութիւնները փոխկապակցուած են եւ անոնց պատճառահետեւանքային տրամաբանութեամբ քննարկումները կրնան լոյս սփռել իրադրութիւններուն յառաջիկայ ուղղուածութիւններուն վրայ: Ստեղծուած ճգնաժամերը տեղայնական խնդիրներ չեն անշուշտ: Հայկական առումով անոնց հաւանական ազդեցութիւններու քնննարկումները եւս տեղայնական չեն կրնար ըլլալ: Իսկ այստեղ արդէն մասնակցութիւն պէտք է ունենայ նաեւ հայկական պետական գործօնը: Շահան Գանտահարեան ,Ազդակեի գլխաւոր խմբագիր
  -   Յօդուածներ