Արամ Ա կաթողիկոս շեշտել է Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ աւելի կազմակերպուած գործակցութիւն ծաւալելու կարելիութիւնները


Արամ Ա կաթողիկոս շեշտել է Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ աւելի կազմակերպուած գործակցութիւն ծաւալելու կարելիութիւնները

  • 28-03-2011 17:03:14   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Երկուշաբթի 28 Մարտ 2011-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաջորդաբար ընդունեց Հայաստանի ու Զուիցերիոյ դեսպանները: Հայաստանի դեսպանը, Տիար Աշոտ Քոչարեան, եկած էր Վեհափառ Հայրապետէն իմանալու Ապրիլ 24-ի առթիւ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն մասին, ինչպէս նաեւ տեղեակ պահելու Հայաստանի ու Լիբանանի միջեւ կազմուած տնտեսական ընկերակցութեան մասին: Այս առիթով նաեւ քննարկուեցան յառաջիկայ Հոկտեմբերին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք Ֆրիճոֆ Նանսընին նուիրուած հանդիսութիւնը, ինչպէս նաեւ դեսպանատան կողմէ ծրագրուած կարգ մը ձեռնարկներ: Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով Հայաստանի ու Լիբանանի միջեւ զարգացող գործակցութիւնը նաեւ շեշտեց, ընդհանրապէս Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ աւելի կազմակերպուած գործակցութիւն ծաւալելու կարելիութիւնները: Զուիցերիոյ դեսպանին, Տիկին Ռութ Ֆլինթին առաջին այցելութիւնն էր Անթիլիաս: Նոր դեսպան ըլլալով, ան ուզեց որոշ տեղեկութիւններ ունենալ ընդհանրապէս Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու յատկապէս Լիբանանի հայութեան մասին: Վեհափառ Հայրապետը անհրաժեշտ տեղեկութիւնները ու լուսաբանութիւնները հայթայթելէ յետոյ ընդգծեց Լիբանանի հայութեան կարեւոր դերը, որպէս եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը Լիբանանի քաղաքական կեանքէն ներս: Ան նաեւ յիշեցուց որ Լիբանանի հայութիւնը առանցքային տեղ ունի սփիւռքի հայութեան կեանքին մէջ: Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցաւ ցեղասպանութեան ու պահանջատիրութեան հարցը: Վեհափառ Հայրապետը յստակօրէն իր կարծիքը յայտնեց նաեւ այս առիթով անդրադառնալով Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ կնքուած փրոթոքոլին, ուր Զուիցերիան որոշ դեր ստանձնած էր: Դեսպանը Ժընեւէն ըլլալով խօսակցութեան ընթացքին նաեւ անդրադարձ եղաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին ու այդ գծով Վեհափառ Հայրապետին դերակատարութեան:
  -   Մամլո հաղորդագրություն