Արամ Ա Կաթողիկոս շնորհաւորեց Մարոնիներու Պատրիարք Րայիի ընտրութիւնը


Արամ Ա Կաթողիկոս շնորհաւորեց Մարոնիներու Պատրիարք Րայիի ընտրութիւնը

  • 24-03-2011 18:19:14   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ, Հինգշաբթի 24 Մարտ 2011-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պքերքէ՝ անձամբ շնորհաւորելու շուրջ շաբաթ մը առաջ ընտրուած Պատրիարք Պշարա Ալ Րային: Մարոնիթ Պատրիարքին կողքին ներկայ էին նաեւ նախկին Պատրիարք Նասրալլա Սֆէյր եւ մարոնիթ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներ: Իսկ Վեհափառ Հայրապետին կ'ընկերանային Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան՝ Լուսարարապետ Մայր Տաճարի, Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան՝ Առաջնորդ Թեհրանի հայոց թեմին, Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան՝ Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին, եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան՝ միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց Վարիչ: Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն շնորհաւորելով Պատրիարք, Րային մաղթեց որ գործակցութեան նոր էջ մը բացուի հայ եւ մարոնիթ եկեղեցիներուն միջեւ՝ գործնապէս արտայայտելով եկեղեցւոյ միութիւնը: Պատասխանելով Վեհափառ Հայրապետին մաղթանքին, Պատրիարք Րային ըսաւ, թէ մօտէն ծանօթ ըլլալով Վեհափառին լայն փորձառութեան միջ-եկեղեցական գործակցութեան ծիրէն ներս, խորհրդակցութեան ու գործակցութեան լայն հորիզոններ վստահաբար պիտի բացուին երկու եկեղեցիներուն դիմաց: Ապա երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Լիբանանի վրայ: Անոնք շեշտեցին Լիբանանի Քրիստոնեայ-Իսլամ գոյակցութիւնը, պետական կառոյցներու կենսունակութիւնը ու Լիբանանի միութիւնը ու գերիշխանութիւնը աւելի ամրապնդելու հրամայականը եւ այս ուղղութեամբ՝ միասին գործակցելու անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը այս առիթով լայն ծանօթութիւններ փոխանցեց նորընտիր Պատրիարքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վարչական կառոյցին ու անոր առաքելութեան մասին: Նորընտիր Պատրիարքը իր կարգին արծարծեց կարգ մը կրօնական ու միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող խնդիրներ՝ իմանալու համար Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը այդ գծով: Շուրջ ժամ մը տեւող մտերմիկ հանդիպման աւարտին, Պատրիարք Րային հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուելու Ուրբաթ ժամը 5-ին Պքերքէի մէջ տեղի ունենալիք իր գահակալութեան արարողութեան:
  -   Մամլո հաղորդագրություն