ՍԵՐՆԴԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ<br />


ՍԵՐՆԴԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

  • 20-08-2008 19:00:00   | Կանադա  |  Յօդուածներ
Հայկ Նագգաշեան, Ռամկավար-ազատական կուսակցութեան մամուլ, Մոնթրէալ Անհատ մարդուն նման ազգերն ալ կը ծերանան ու կը մեռնին, վերջ տալով իրենց ֆիզիքական գոյութեան, բայց հատուած մը գրաւելով մարդկային պատմութեան մէջ` դրական, ժխտական, կամ աննկատառելի ստորոգելիներով: Անոնցմէ ոմանք թէեւ չեն սրբուած ապրող ազգերու շարքէն, բայց պարզապէս ծերավայել ապարդիւն կեանք մը կ'ապրին: Կան նաեւ ազգեր, հին-հին ծերացած ազգեր, որոնք վերանորոգութեան` վերստին երիտասարդանալու ընթացքին մէջ են, ճիշդ այնպէս, ինչպէս մեռնելու դատապարտուած դարաւոր կաղնիի մը բունին քովն ի վեր նոր շիւեր կը ծլին` ապահովելու համար տեսակին շարունակութիւնը: Ասիկա բնութեան մէջ սերնդափոխութեան անյեղլի օրէնքն է, որ կը շարունակուի պարտադիր կերպով: Բուսական եւ կենդանական կեանքը կը հետեւի նոյն օրէնքին` արուի եւ էգի միացումով շարունակելու համար սերնդափոխութեան ընթացքը: Բայց ասիկա պարտադիր եւ անխուսափելի կողմն է սերնդափոխութեան: Իսկ մարդկային կեանքին մէջ նոյն անխուսափելի գործընթացին զուգահեռ կայ նաեւ կամովին կամ ընտրովի սերնդափոխութեան երեւոյթը, որ կենսական է հաւաքականութիւններու եւ ազգերու ճակատագրի կերտումին համար: Այն ազգերը որոնք կը հետեւին սերնդափոխութեան ընտրովի օրէնքին, կը վերանորոգուին ու կը զօրանան, իսկ անոնք որ չեն հետեւիր ընտրովի (կամովին) օրէնքին, կը ծերանան` բուսական կեանք մը քարշ տալու համար պարզապէս, եւ կամ, կը ջնջուին աշխարհի երեսէն: Անհատական կեանքն ալ կը հետեւի նոյն օրէնքին: Անհատներ կան որոնք ազգերուն նման շուտ կը ծերանան, երիտասարդ տարիքէն արդէն սպառած են: Ասոնք բուսական կեանք ապրողներն են առանց ստեղծագործութեան կարողութեան, կամ առանց նոյնիսկ բան մը ընելու ճիգի մը: Կ'ուտեն, կը խմեն, կը զուարճանան, կը յագենան կեանքէն` օր մըն ալ հողին տակ թաղուելով ծառայելու համար նոյն այդ բուսական կեանքին: Ստեղծագործական կարողութիւն ըսելով պարտադիր չէ որ ենթական բանաստեղծ, երաժիշտ կամ նկարիչ ըլլայ: Օրինակի համար, պարտէզ մշակելը, ծաղիկ ու բանջարեղէն մշակելն ալ ստեղծագործութիւն է, քանի որ, հողին մէջ մեր ուզած հունտերը ցանելով բերք կը ստանանք: Ամուլ հողէն կեանք կը ստեղծենք: Այս դասակարգի մարդիկ չեն ծերանար եւ, հակառակ տարիներու բեռան, հոգիով միշտ երիտասարդ կը մնան, հակադրուելով քառասունի նոր հասած ծերերուն: Տեսնենք թէ հայ ազգը ո՞ւր կը գտնուի այս պատկերին մէջ: Եթէ մեր բազմադարեայ գոյութիւնը նկատի առնենք, անուրանալի է որ մեր սերնդափոխութեան բնական ու պարտադիր օրէնքին աղէկ-գէշ հետեւեր ենք. փաստն ալ այն է որ կայ'նք, գոյութիւն ունինք այսօր, ընտանիք կազմեր ու բազմացեր ենք, ինչ որ անխուսափելի վարկանիշ մը չ'ապահովէր մեզի: Հայկ Նահապետի օրերէն ի վեր մնացեր ենք «Փոքր Ածու»: Որովհետեւ սերնդափոխութեան ընտրովի գործընթացը անտեսեր ենք, խափանելով ազգին նորոգութեան եւ հզօրացման ընթացքը: Սփիւռքահայ կեանքին վրայ ակնարկ մը նետելով կը տեսնենք նաեւ թէ զանազան կազմակերպութիւններու ղեկավարներ բազմաթիւ տարիներէ ի վեր կը մնան նոյն աթոռներուն վրայ, նորերուն` կորովով լեցուն երիտասարդներուն արգելք ըլլալով: Տակաւին կայ նաեւ աւելի ազգավնաս երեւոյթը, որ կը վերաբերի այն աթոռներուն բազմած ցմահներուն: Կ'երեւակայէ՞ք ծիծաղելիութիւնն ու ողբալիութիւնը այս երեւոյթին, որուն հետեւանքը կ'ըլլայ լճացում ու նեխում: Այս մասին տրուած արդարացումները սուտ ու սխալ են: Դատապարտելի երեւոյթ է նաեւ սրահներ կամ շէնքեր ողջ մարդոց անուններով կոչելը, բացի այն պարագային երբ բարերար մը մեծագումար նուիրատուութեամբ կը կառուցէ շէնք մը իր անունով: Խօսքը կը վերաբերի անոնց, որոնք իրենց աշխատանքին փոխարէն իրենց անունով կոչել կու տան այդ կառոյցները, մինչդեռ ատիկա յետ մահու գնահատանք կրնայ ըլլալ արժանաւորներուն: Սուտ ու սխալ է ըսել նաեւ թէ նորերը չկան. երիտասարդները չեն հետաքրքրուած ազգային կեանքով, անոնք կլանուած են իրենց սեփական կեանքով, հարստանալու տենչով ու զուարճութիւնով: Ասոնք հիներու կողմէ յառաջ քշուած սին պատճառաբանութիւններ են իրենց փառքի եւ երբեմն ալ շահի դիրքերը նորերուն չզիջելու համար: Եթէ այս պատճառաբանութիւնները չբաւեն, կ'աւելցնեն նաեւ ուրիշ մը` թէ անոնք անփորձ են: Այո', անփորձ են, անփորձ ալ կը մնան այնքան ատեն որ գործ չվստահուի անոնց: Բայց հարց տանք աթոռակալներուն որ իրենք փորձառո՞ւ էին, երբ ստանձնեցին իրենց պաշտօնները: Փորձառութիւնը կը շահուի ժամանակով, դիրք եւ պատասխանատուութիւն վստահելով նորերուն, ի հարկին օգնելով, բարի նպատակով հսկելով անոնց գործունէութեան վրայ, խորհուրդ տալով, ի վերջոյ, իրենց դիրքերը անոնց զիջելու պատրաստակամութեամբ: Բաներ` որոնք կը մնան փափաքի սահմանին մէջ, առանց անոնց իրագործումը անկեղծօրէն հետապնդելու: Ուշադիր ակնարկով մը դժուար չէ նշմարել այս տխուր վիճակը Հայրենիքէն մինչեւ Սփիւռք: Բայց եթէ վերափոխուիլ, երիտասարդանալ ու հզօրանալ կ'ուզենք, պարտաւոր ենք կիրարկել սերնդափոխութեան կամաւոր գործընթացը:
  -   Յօդուածներ