Դո՞ւն Ալ, Օպամա<br />


Դո՞ւն Ալ, Օպամա

  • 05-05-2009 14:20:00   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
Նամակ Մը Նախկին Համակիրէ Մը Յարութ Սասունեան, «Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի Խմբագիր Պրն. նախագա'հ, ինչպէ՞ս կրցաք այդ մէկը ընել: Ձեր թեկնածութիւնը մաքուր օդ էր: Դուք փոփոխութիւններու ջատագով էիք: Դուք հիանալի խոստումներ տուիք եւ ամերիկահայերը վստահեցան Ձեզի: Մենք այժմ սոսկալիօրէն յուսախաբուած ենք, որովհետեւ դուք Ձեր նախորդներէդ աւելի տարբեր ձեւով չվարուեցաք Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին մէջ: 24 Ապրիլի Ձեր պատգամը Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ձեր հանդիսաւոր խոստումէն շատ աւելի թերարժէք էր: Իբրեւ ծերակուտական եւ նախագահական թեկնածու, Դուք ոչ մէկ կասկած ձգեցիք այդ հարցին գծով ձեր մտադրութիւններուն շուրջ: Դուք այդ մասին խօսեցաք ամենայն պերճախօսութեամբ եւ եռանդով: Սակայն երբ ժամանակը հասաւ հրապարակելու Ձեր 24 Ապրիլի պատգամը, մենք զարմանքով լսեցինք, որ «ցեղասպանութիւնը» փոխարինուած էր «Մեծ Եղեռն»ով (հայերէն հնչիւնով արտասանուած նախագահին կողմէ). խելացի խաղ մը` անկասկած Ձեր հնարամիտ օգնականներէն մէկուն կողմէ առաջարկուած: Դուք հաւանաբար պիտի ուզէիք գիտնալ, թէ «Մեծ Եղեռն» չի նշանակեր ցեղասպանութիւն. անիկա կը նշանակէ` «Մեծ Աղէտ»: Հայերը այդ եզրը գործածեցին նախքան «ցեղասպանութիւն» եզրին հնարումը Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ` 1940ականներուն: «Ճենոսայտ» բառին թարգմանութիւնը «ցեղասպանութիւն» է հայերէնով, ինչ որ շատ աւելի ճշգրիտ եզր մըն է քան «Մեծ Եղեռն»ը, եթէ' որոշէք գործածել զայն ապագային: Ոչ միայն Ձեր օգնականները հայերէն սխալ բառը հայթայթեցին, այլեւ անոնք անոր անգլերէն թարգմանութիւնն ալ չյայտնեցին, որպէսզի ոչ-հայերը հասկնային անոր իմաստը: Վերջ ի վերջոյ ի՞նչ էր անգլերէն բնագիրին մէջ հայերէն բառ մը գործածելուն իմաստը: Արդեօք Ձեր անձնակազմին մօտ սպառա՞ծ են աւելի մեղմ ոճով ցեղասպանութեան հոմանիշները: Եթէ յանկարծ Ձեր հնարալից խորհրդականները կը կարծեն, թէ իրենք առաջինն էին «ցեղասպանութիւն»ը «Մեծ Եղեռն»ով փոխարինելու խելացի խաղը խաղալուն մէջ, արտօնեցէք տեղեկացնեմ Ձեզ, թէ շարք մը նախկին ղեկավարներ ե'ւս նոյն ճարպիկութիւնը փորձած են ընել: Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը այդ եզրը գործածեց 2001ին, Հայաստան այցելութեան ժամանակ: «Պի.Պի.Սի.»ին օրին դիտել տուաւ, թէ ան «Մեծ Եղեռն» ըսած էր Թուրքիան չնեղացնելու համար: Ձեր նախորդը` նախագահ Ճորճ Պուշ որդին, եւս նոյն այդ խաբող եզրին անգլերէն թարգմանութիւնը գործածեց 24 Ապրիլ 2005ի իր պատգամին մէջ, երբ ըսաւ. «Այդ սոսկալի դէպքը, որ շատ մը հայեր «Մեծ Աղէտ»ը կը կոչեն...»: Պրն. նախագա'հ, անցեալ տարի երբ Դուք ամերիկահայերուն քուէներուն եւ նիւթական յատկացումներուն կարօտ էիք, Դուք անոնց չխոստացաք ճանչնալ «Մեծ Եղեռն»ը... Դուք իրողապէս անոնց ըսիք. «Իբրեւ նախագահ, ես պիտի ճանչնամ Հայկական Ցեղասպանութիւնը»: Առաւել, Դուք չնշեցիք, թէ Ձեր կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը կապուած էր հայ-թրքական բանակցութիւններուն, Հայաստանի սահմանին բացումին, Իրաքի պատերազմին կամ որեւէ ուրիշ բանի հետ: Դուք յստակ խոստում մը տուիք, առանց «եթէ»ներու կամ «բայց»երու: Նաեւ երկու շատ յստակ հակասութիւններ կան նախագահի պաշտօնին ընտրուելէն առաջ եւ ետք Ձեր գործածած բառերուն մէջ: Ձեր 24 Ապրիլ 2009ի պատգամին մէջ Դուք ըսիք. «Ես հաստատօրէն նշած եմ 1915ին պատահածներուն շուրջ իմ սեփական տեսակէտս, եւ այդ պատմութեան շուրջ իմ տեսակէտս չէ փոխուած»: Այդուհանդերձ, 19 Յունուար 2008ին, իբրեւ նախագահական թեկնածու, Դուք ըսիք. «Հայկական Ցեղասպանութիւնը տարաձայնութիւն մը, անձնական կարծիք մը կամ տեսակէտ մը չէ»: Առաւել, 24 Ապրիլ 2009ին դուք ըսիք. «Իմ հետաքրքրութիւնս տակաւին հաստատ կը մնայ իրականութիւններուն ամբողջական, անկեղծ եւ արդար ճանաչման վրայ»: Մինչ իբրեւ թեկնածու, Դուք նշած էիք թէ` Հայկական Ցեղասպանութիւնը «լայնօրէն փաստագրուած իրականութիւն մըն է, պատմական մեծածաւալ փաստեր ունենալով իբրեւ նեցուկ: Իրականութիւնները անուրանալի են»: Պրն. նախագահ, մէկ ամսուան մէջ երկու անգամ` թէ' Անգարայի եւ թէ' Ուաշինկթընի մէջ, Դուք վերագրումներ կատարեցիք Ցեղասպանութեան մասին Ձեր նախկին յայտարարութիւններուն շուրջ` իբրեւ նախագահ բառին գործածութենէն խուսափելու համար: Ասիկա հին խաղ մըն է, որուն նաեւ դիմած էր նախագահ Ճորճ Պուշ հայրը: 20 Ապրիլ 1990ին արտասանած իր նախագահական պատգամին մէջ, Պուշ ըսաւ. «1988 Յունիսին իմ կատարած յայտարարութիւնս կը ներկայացնէ իմ խորունկ զգացումներս հայ ժողովուրդին եւ անոնց կրած տառապանքին նկատմամբ»: Ցեղասպանութիւն եզրին գործածութենէն խուսափելու համար, նախագահ Պուշ անուղղակի վերագրում մը ըրաւ այդ բառին` իբրեւ փոխնախագահ եւ նախագահական թեկնածու իր ունեցած արտայայտութիւնները մէջբերելով. «Միացեալ Նահանգները պէտք է ճանչնայ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութեան փորձը` հիմնուելով վերապրողներու, ուսումնասիրողներու եւ իրողապէս օրին այնտեղ գտնուած մեր ներկայացուցիչներուն վկայութիւններուն վրայ, եթէ կ'ուզենք երաշխաւորել այդ ձեւի սարսափելի դէպքերու անկրկնելիութիւնը»: Սիրելի պրն. նախագահ, անձնակազմդ պէտք չունէր իր արժէքաւոր ժամանակը խաղեր եւ բառային ճկունութիւններ հնարելու համար վատնելու: Եթէ չէիր ուզեր ցեղասպանութիւն եզրը գործածել, պէտք չունէիր ընդհանրապէս որեւէ բան ըսելու: Հայկական Ցեղասպանութիւնը արդէն իսկ ճանչցուած է ուրիշ նախագահի` Ռոնալտ Ռիկընին կողմէ, որ 22 Ապրիլ 1981ին ստորագրեց նախագահական հռչակագիր մը, որուն մէջ անդրադարձաւ «Հայերու Ցեղասպանութեան»: Հայերը իրականութեան մէջ ոչինչ կը շահին եթէ ուրիշ նախագահ մը եւս կրկնէ նախապէս ըսուածը: Ինչպէս գիտէք, նախագահական յայտարարութիւնները, քոնկրէսական օրինագիծերուն նման, չունին որեւէ օրինական հետեւանքներ: Նախագահ Ռիկընին հռչակումը եւ Ներկայացուցիչներու տան մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերող երկու օրինագիծերուն վաւերացումը 1975ին եւ 1984ին ոչ մէկ շօշափելի օգուտ բերած են հայերուն, կեանքի եւ կալուածի առումով անոնց կրած հսկայական վնասներուն հատուցում տալուն: Սակայն 24 Ապրիլին Ձեր տուած խոստումը չյարգելով` դուք միայն ականահարեցիք Ձեր վստահելիութիւնը հայ ժողովուրդին եւ համաշխարհային հանրային կարծիքին առջեւ: Արդէն իսկ «Օպամիթըր»ի կայքէջը («Փոլիթիֆաքթ տոթ քոմ»ը) Ձեր 24 Ապրիլի յայտարարութիւնը կոչած է` «դրժուած խոստում մը»: Այս շաբաթ, մինչ դուք կ'աւարտէք Ձեր պաշտօնավարութեան առաջին հարիւր օրերը, հեռատեսիլային սփռումի մեծ ցանցերը եւ մամուլը լայնօրէն կ'անդրադառնան Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Ձեր դրժած խոստումին` այդպիսով ականահարելով Ձեր կատարած միւս խոստումներուն վերաբերեալ ամերիկացիներուն վստահութիւնը: Վերջապէս, պրն. նախագահ, անպատշաճ էր Ձեր կողմէ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ երեւակայական բանակցութիւններուն շահագործումը` զանոնք օգտագործելով իբրեւ պատռուակ Ձեր 24 Ապրիլի պատգամին մէջ «ցեղասպանութիւն» եզրին օգտագործումէն խուսափելու համար: Ձեր բարձր կարգը նկատի առնելով, Դուք պէտք է գիտնայիք, որ սկիզբէն Թուրքիոյ նպատակը ստեղծելն էր այն սխալ տպաւորութիւնը, թէ` Հայաստանի հետ քննարկումները սահուն կերպով կ'ընթանան, բոլորին հաւատացնելով, թէ սահմանները շուտով պիտի բացուին: Թուրք ղեկավարները երկար տարիներէ ի վեր այդ մասին սուտ խոստումներ կու տան Հայաստանի: Իրականութիւնը այն է, որ երբ նախագահ ընտրուեցաք, թուրք պաշտօնատարները լրջօրէն մօտեցան Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Ձեր քարոզարշաւի խոստումին, եւ Ձեր մօտիկ օգնականները անոնց յայտնեցին, որ եթէ Անգարան Հայաստանի հանդէպ բարեկամական քայլի մը չդիմէր, ապա դուք պիտի կատարէիք ամերիկահայերուն Ձեր խոստացածը: Մինչ թուրք պաշտօնատարները իրենց սուտ նախաձեռնութիւններով յաջողեցան խաբել մնացեալ աշխարհը, ներառեալ` Հայաստանի յարաբերաբար անփորձ ղեկավարները, ձեզմէ, պրն. նախագահ, աւելին կ'ակնկալուէր: Դուք Թուրքիոյ կեղծ քայլերուն հաւատալ ձեւացուցիք` այդպիսով չախչախելով Հայկական Ցեղասպանութեան նկատմամբ Ձեր սկզբունքային կեցուածքը, որպէսզի ապահովէք աֆղանական պատերազմին Թուրքիոյ մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Իրաքի, Իրանի եւ Իսրայէլի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ նշանակուած իր դերակատարութեան իրագործումը: Ձեզի նաեւ պէտք էր ծանօթ ըլլար, թէ Թուրքիա Հայաստանի հետ իր սահմանը պիտի չբանար մօտիկ ապագային, բացի եթէ Ղարաբաղի տագնապը լուծուէր Ատրպէյճանի կամքին համաձայն: Շարք մը պայմաններ եւ շահոյթներ օգտագործելով` Ռուսիոյ աչխփուքին դիմաց, որ տնտեսական եւ քաղաքական իր սեփական շահերը կը հետապնդէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ, ամերիկացի պաշտօնատարներ յաջողեցան ճնշում բանեցնել Հայաստանի վրայ, որպէսզի համաձայնի Թուրքիոյ հետ` Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ, միացեալ յայտարարագիր մը հրապարակել 24 Ապրիլի նախօրեակին: Այդ յայտարարագիրը յարմար այն ծածկն էր, որուն տակ կրնայիք պահել Ցեղասպանութեան հարցը` Թուրքիոյ յաճելի ըլլալու համար: Պրն. նախագահ, այդպիսի յայտարարագիրի մը ստորագրութիւնը պարտադրելով Հայաստանին` Դուք յաջողեցաք Սփիւռքի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հայերը լարել Երեւանի կառավարութեան դէմ: Իբրեւ ուղղակի հետեւանք այդ քայլին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը` Հայաստանի հեղինակաւոր քաղաքական կուսակցութիւններէն մէկը, հրաժարեցաւ իշխող համադաշնակցական կառավարութենէն այս շաբաթ: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը չուզեց ինքզինք կապել անցեալ տարուան վիճելի ընտրութիւններէն ի վեր տակաւին անհաստատ վիճակի մէջ եղող կառավարութեան մը, որ կը լծուի Թուրքիոյ հետ համաձայնութեան մը շուրջ բանակցութիւններու, որոնք կրնան ականահարել երկրին ազգային շահերը եւ պատմական իրաւունքները: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը նաեւ խստօրէն դէմ է Թուրքիոյ հետ երկկողմանի պատմական յանձնախումբ մը կազմելու Հայաստանի հրապարակուած մտադրութեան. բան մը, որ Թուրքիան կրնայ գործածել հարցականի տակ առնելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան իրականութիւնները: Պրն. նախագահ, յառաջիկայ օրերուն, մինչ Ձեր վարչամեքենան Ուաշինկթըն կը հրաւիրէ Հայաստանի ղեկավարները, որպէսզի յաւելեալ զիջումներ քամէ անոնցմէ, հաճեցէք յիշել, թէ զանոնք միայն որոշ չափով կարելի է ճնշել, որովհետեւ անոնք կրնան իրենց իշխանութիւնը կորսնցնել: Ինչպէս պատահեցաւ Հայաստանի առաջին նախագահին պարագային, Ցեղասպանութեան եւ ղարաբաղեան հարցերուն կարմիր գիծերը անցնիլը կրնայ վտանգել իշխող համադաշնակցութեան մնացեալ ուժերուն նուրբ հաւասարակշռութիւնը, անկախ անկէ, թէ քանի' խոստում կը տրուի կամ շարժառիթ կը ներկայացուի Ուաշինկթընի կողմէ:
  -   Յօդուածներ