Նոր սեպ մը կը խրի թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու մէջ


Նոր սեպ մը կը խրի թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու մէջ

  • 21-07-2011 18:56:18   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Այնպէս կը թուի թէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները նոր փորձութենէ մը եւս պիտի անցնին եւ հաւանաբար կրկին անախորժ զարգացումներ պիտի գան նոր սեպ մը խրել Թուրքիա-Ամերիկա ռազմավարական դաշնակցութեան հարթակին վրայ։ Հակառակ որ պետական մակարդակով միշտ ալ զանազան բեմերէն կը յայտարարուի թէ Թուրքիա Ամերիկայի ամենավստահելի դաշնակիցն է Մերձաւոր Արեւելքի ու Կովկասի տարածքաշրջաններու մէջ, թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները կը ցնցուին քաղաքական ամենափոքրիկ իսկ զարգացումէ եւ մանաւա՛նդ Թուրքիոյ մէջ Ամերիկայի դէմ թշնամութեան ձայները անմիջապէս կ’ողողեն ամբողջ մէտիան ու հասարակութիւնը։ Արդարեւ, այժմ քաղաքական նոր հարց մը մէջտեղ դրուեցաւ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու մէջ։ Թրքական աղբիւրներ այսօր կրակ ժայթքեցնելով, կը հաղորդեն թէ ամերիկացի ընդդիմադիր քոնկրէսականներ մոռնալով Իրաքի կամ Աֆղանստանի հարցերը, այս անգամ »ձեռք երկարեցին« դէպի Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները. Ներկայացուցիչներու Տան մէջ հայկական լոպիին պատկանող խումբ մը քոնկրէսականներ, յաջողեցան Արտաքին Յարաբերութիւններու յանձնաժողովէն »անցընել« Թուրքիոյ քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց իրաւանց բանաձեւ մը, ուր ամրագրուած է թէ Թուրքիոյ մէջ ճնշում կը բանեցուի փոքրամասնութիւններու վրայ։ Արտաքին Յարաբերութիւններու յանձնախումբը, ատենապետութեամբ Իլէնա Ռոս Լէհթինընի, երէկ քննարկեց մօտաւորապէս ամիս մը առաջ Քոնկրէսին ներկայացուած այն բանաձեւը, որ կ’առընչուի Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց՝ հայերու, յոյներու, ասորիներու, պոնտոսցիներու, սուրիանիներու եւ այլոց պատկանող եկեղեցիներու, եկեղեցական կալուածներու եւ ստացուածքներու վերադարձին, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութեան կրօնական ազատութիւններու ապահովման։ Բանաձեւին մէջ կ’առաջարկուի որ Թուրքիոյ մէջ գտնուող եկեղեցիները վերադարձուին իրենց տէրերուն, սակայն ցանկ մը չէ ներկայացուած։ Ըստ թրքական պնդումներուն, բանաձեւի լոյսին տակ միջազգային հարթակներով կրնայ պահանջուիլ որ Այա Սօֆիան ալ վերադարձուի յոյներուն։ Բանաձեւի քննարկումներուն հետեւեցան Ամերիկայի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատան եւ Ամերիկահայ սփիւռքի ներկայացուցիչներ։ Այս բանաձեւը, որուն համահեղինակներն են Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անսամներ Էտ Ռոյս եւ Հաուըրտ Պիրմըն, ներկայացուեցաւ իբրեւ այլ բանաձեւի մը յաւելուածականը։ Լոս Անճէլըսի մեր պաշտօնակից »Ասպարէզ« օրաթերթը կը հաղորդէ թէ բանաձեւի քննարկութեան ընթացքին կոչ ուղղուեցաւ որպէսզի Թուրքիոյ իշխանութիւնները յարգեն իրենց միջազգային պարտաւորութիւնները եւ արտօնութիւն տան կրօնական փոքրամասնութեանց, ազատօրէն իրենց պաշտամունքները կատարելու համար։ Կոչ ուղղուեցաւ նաեւ որ վերջ տրուի կրօնական փոքրամասնութեանց հալածանքներուն։ Շեշտուեցաւ թէ »ոտնակոխումները կը շարունակուին եւ աւելցուեցաւ թէ փոքրամասնութիւնները իրաւունք պէտք է ունենան նորոգելու իրենց պաշտամունքի վայրերն ու վերատիրանալու անոնց«։ Պըրմըն կատարեց քննարկութեան բացումը եւ իրմէ ետք ելոյթներ ունեցան խումբ մը քոնկրէսականներ։ Թրքամէտ քոնկրէսական Ռորպաքըր պնդեց թէ Թուրքիա տարածքաշրջանին մէջ ամենաազատ երկիրն է եւ հարց տուաւ թէ ինչո՞ւ պէտք կայ այս բանաձեւին, երբ իսլամական այլ երկիրներուն դէմ նմանօրինակ քայլեր չեն առնուիր։ Ըստ իրեն, »երկու չափ-երկու կշիռ կայ« Թուրքիոյ դէմ, սակայն աւելցուց թէ բանաձեւին ի նպաստ պիտի քուէարկէ։ Պըրմըն ըսաւ որ Թուրքիա արդիական երկիր մըն է, սակայն ետ կը մնայ կրօնական ազատութեան մարզէն ներս։ Այլ քոնկրէսական մը համաձայն գտնուեցաւ Ռորպաքըրի հետ, ցաւ յայտնելով որ Ուաշինկթըն յաճախ աւելի խիստ կ’ըլլայ իր դաշնակիցներուն նկատմամբ։ Դրական նկատուեցաւ այն իրողութիւնը, որ Թուրքիոյ վերջին ընտրութիւններու ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով քրիստոնեայ երեսփոխան մը ընտրուած է, սակայն քոնկրէսական Էնքըլ ցաւ յայտնեց որ Թուրքիա սկսած է թերանալ իր պարտականութեանց մէջ իբրեւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակից եւ սկսած է հեռանալ նաեւ Եւրոմիութենէն։ Քննարկումէն ետք տեղի ունեցած քուէարկութեան ընթացքին բանաձեւին ի նպաստ քուէարկեցին 43 քոնկրէսականներ։ Դէմ քուէարկեց միակ քոնկրէսական մը՝ հանրապետական Ռան Փօլ։ Դիտել տանք որ այս բանաձեւին մէջ »Օսմանեան կայսրութիւնը իր գերիշխանութեան տակ գտնուող քրիստոնեաները դիտումնաւոր կերպով բնաջնջած է« պարբերութիւնը դուրս ձգուեցաւ ու այս փոփոխութիւնը թրքական շրջանակներու կողմէ մեկնաբանուած է որպէս հայկական լոպիի նոր մէկ ձախողութիւնը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը