»Փէնճէրէ« հրատարակչատունը հրապարակ հանեց Գրիգոր Զօհրապի կեանքին նուիրուած գիրք


»Փէնճէրէ« հրատարակչատունը հրապարակ հանեց Գրիգոր Զօհրապի կեանքին նուիրուած գիրք

  • 06-06-2011 18:45:13   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա »Փէնճէրէ« հրատարակչատունը որ բազմաթիւ հրատարակութիւններու կողքին հայկական հարցերու նուիրուած ինչ-ինչ հետաքրքրական գիրքեր ալ կը հրատարակէ, անցեալ շաբաթ հրապարակ հանեց շատ կարեւոր գիրք մը, որուն հեղինակը հրեայ հայրենակից մըն է եւ որ նուիրուած է Գրիգոր Զօհրապի կեանքին։ Գիրք մը, որ այնքան հետաքրքրական է որքան զարմանալի, զարմանալի անոր համար որ հրեայ ծագումով հայրենակից մը ինքնաբերաբար հետաքրքրուած է Գրիգոր Զօհրապի կեանքով, երկար տարիներու ընթացքին շատ խղճամիտ աշխատանքով ուսումնասիրած է Զօհրապի կեանքը, կարդացած է անոր մասին գրուած բոլոր հրատարակութիւնները, նոյնիսկ հայերէնները, զորս թրքերէնի թարգմանել տուած է իրեն համար։ Իր երկարատեւ աշխատանքին արդիւնքը եղած է աւելի քան 500 էջերով այս հատորը, որ Գրիգոր Զօհրապի անուան կողքին ունի իմաստալից ենթախորագիր մըն ալ. »1915, Մահուան ճամբորդութիւն մը«։ Այս հեղինակը կը կոչուի Նէսիմ Օվատիա Իզրայիլ։ Միայն գիրքին համար իր գրած նախաբանը շատ բան կ’ըսէ արդէն։ Ան կը պատմէ որ պատմութեան սիրահար անձ եղած է եւ ատենին լափելով կարդացած է Օսմանեան շրջանի պատմութիւնը, միշտ ալ հիացած է Իթթիհատական իշխանութիւններու կատարած գործերուն վրայ, ցաւով կարդացած է նաեւ որ իթթիհատական ղեկավարներ ստիպուեցան այս երկիրը թողուլ ու խոյս տալու, կամ հաշուեյարդարի ենթակուեցան Հանրապետութեան առաջին տարիներուն։ Ասիկա տեւեց մինչեւ որ 1995 թուականին պատահմամբ կարդաց Վահագն Տատրեանի »Հայկական ցեղասպանութիւն ու ասոր իրաւական հետեւանքները« գիրքը։ Շատ շուարեցաւ երբ այս գիրքը կարդաց, նախ կարծեց որ երեւակայական վէպ մը կը կարդայ, բայց աւելի վերջ ուրիշ նիւթեր ալ կարդաց, հարցազրոյցներու հետեւեցաւ, եւ այն ատեն զգաց որ տակնուվրայ եղած էին այն բոլորը, զորս ատենօք կարդացած էր մեծ հաճոյք զգալով։ Փոխուեցաւ անոր ամբողջ մտածելակերպը ու շնորհակալ մնաց բոլոր անոնց, որոնք իրեն օգնեցին որպէսզի սրբագրէ իր նախկին սխալ մտածողութիւնը։ Սկսաւ հետաքրքրուիլ 24 Ապրիլի պատահարներով ու իր դիմաց գտաւ Գրիգոր Զօհրապի դէմքը։ Ամբողջական հիացում մը ունեցաւ այս Հայուն նկատմամբ ու սկսաւ ուսումնասիրել անոր կեանքը։ Արդիւնքը այս գիրքն է ահաւասիկ։ »Զօհրապին կեանքը գրել կը նշանակէ այդ շրջանի պատմութիւնը գրել։ Որովհետեւ Զօհրապ մէկն է որ իր շրջանի բոլոր անցուդարձերը առած է իր կեանքէն ներս։ Ամբողջ աշխարհ գիտէ Զօհրապին արժէքը, կը մաղթեմ որ Թուրքիոյ մէջ ալ այլեւս մարդիկ ճանչնան այս արժէքը« կը գրէ հեղինակը։ Արտակարգօրէն ճոխ պատմութիւն մըն է այս եւ այս գիրքը իսկապէս կը բաւէ որպէսզի Թուրք ընթերցողին համար ստեղծուի Զօհրապին ամբողջական դիմանկարը։ Մեծ համբերութեամբ գրի առնուած, խորապէս ուսումնասիրուած կենսագրութիւն մըն է որ դուրս կուգայ անձի մը կենսագրութիւնը ըլլալու շրջանակէն ու կը դառնայ հայոց տեղահանութեան մէկ վկայութիւնը։ Անկարելի է չզարմանալ ի տես այն հարուստ հայկակսն կամ հայերէն աղբիւրներուն, որոնց կրցած է հասնիլ հեղինակը հակառակ որ հայերէն չի գիտեր։ Ան շատ լաւ օգնական մը գտած է յանձին գրասէր ու համայնքային գործիչ Մարիամ Տրամէրեանի, որ շատ բան հայերէնէ թրքերէնի թարգմանած է պարզապէս որպէսզի հեղինակը կարենայ կարդալ։ Այսպէս է որ Նէսիմ Օվատիա Իզրայիլ կրցած է կարդալ Զօհրապեան կեանքի ու գրականութեան մեծ մասնագէտ Հայաստանցի Ալպէր Շարուրեանի մէկ երկու գիրքերը, նաեւ կրցած է կարդալ մեր »Պտոյտ Հայ Գրականութեան Քուլիսներուն Մէջ« շարքով հրատարակուած Գրիգոր Զօհրապ յօդուածաշարքը, որմէ արտատպումներ կ’ընէ յաճախ։ Տակաւին ուրիշ հայկական աղբիւրներ ալ։ Զօհրապի քաղաքական ու երեսփոխանական կեանքի ինչ ինչ դրուագները ու 24 Ապրիլի յուսախաբութիւնը, ձերբակալուիլը ու այլ տխուր մանրամասնութիւններ ամբողջ մերկութեամբ պատմուած են այս գիրքին մէջ, որու վերջաւորութեան կարելի է գտնել մատենագիտութեան ճոխ ցանկ մը, յիշուած ուրիշ անձերու ալ կենսագրութիւնները, նաեւ լուսանկարներու շատ ճոխ շարք մը, ուր բացի Զօհրապի դիմանկարներէն, կը տեսնուին Զօհրապի հեղինակած գիրքերուն կողքի նկարները, մեծ մասամբ քաղուած Բարսեղ Թուղլաճեանի հրատարակութիւններէն։ Կը շնորհաւորենք Նէսիմ Օվատիա Իզրայիլը, որուն հետ ծանօթանալու հաճոյքն ալ ունեցած էինք երբ քանի մը անգամ Խմբագրատուն հանդիպած էր իր աշխատութեան մասին գաղափար մը տալու համար։ Օգտաշատ աշխատանք մը տեսած է եւ մեծ յարգանք ցուցաբերած է Գրիգոր Զօհրապի յիշատակին նկատմամբ, այս կերպով ալ լեցուցած է շատ կարեւոր պարապութիւն մը։ Գնահատելի է նաեւ »Փէնճէրէ« հրատարակչատունը որ հրատարակած է այս գիրքը։ Ռ. Հ.
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը