Թուրքիոյ իշխանութիւնները Իսթանպուլահայ համայնքին ձեռքէն առած են Պատրիարք ընտրելու իրաւունքը


Թուրքիոյ իշխանութիւնները Իսթանպուլահայ համայնքին ձեռքէն առած են Պատրիարք ընտրելու իրաւունքը

  • 30-09-2011 19:34:35   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Մարմարա» «Աթըլըմ» թերթի կայքէջին վրայ հրատարակուած է լրատուութիւն մը ըստ որու Իսթանպուլի 3 թիւ վարչական դատարանին մօտ կայացաւ Պատրիարքական Ընտրութեան Նախաձեռնակ Մարմնի կողմէ Թուրքիոյ ներքին նախարարութեան դէմ բացուած դատին առաջին նիստը։ Նախաձեռնարկ Մարմինը այս դատը բացած է պնդելով որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները Իսթանպուլահայ համայնքին ձեռքէն առած են Պատրիարք ընտրելու իրաւունքը։ Նախաձեռնարկ Մարմնի երկու փաստաբանները, Սեդրակ Տավուտհան ու Սեպուհ Ասլանկիլ պնդած են որ Ներքին Նախարարութիւնը, Պատրիարքական ընտրութեան դէմ գալով ընդունած է ոչ թէ իրաւական որոշում, այլ քաղաքական որոշում։ Ինչպէս յայտնի է, Պատրիարքական Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմինը Կրօնական Ժողովի կողմէ կազմուած էր որպէսզի Մարմինը պատրաստութիւն տեսնէ Աթոռակից Պատրիարքի մը ընտրութեան համար, բայց Նախաձեռնարկ Մարմինը, շեղելով իրեն տրուած պարտականութեան գիծէն, ինքնաբերաբար Ներքին Նախարարութեան դիմում կատարած էր որպէսզի կատարուի Պատրիարքի ընտրութիւն, այլ ոչ թէ Աթոռակից Պատրիարքի։ Այս զարգացումնէն վերջ Կրօնական Ժողովը լուծած ըլլալ կը թուէր Նախաձեռնարկ Մարմինը, իսկ Նախաձեռնարկ Մարմինը կը շարունակէր գործել իր հասկցած ձեւով։ Այսպէս է որ Մարմինը դատ բացաւ Ներքին Նախարարութեան դէմ ու պահանջեց որ Պատրիարք Ընտրելու արտօնութիւն տրուի համայնքին։ «Աթըլըմ»ի մէջ հրատարակուած թղթակցութեան համաձայն, Նախաձեռնարկ Մարմնի անդամներէն փաստաբան Սեդրակ Տավուտհան նիստի ընթացքին ըսաւ որ թէ՛ Օսմանեան շրջանին, թէ՛ հանրապետական շրջանին Պատրիարքն է որ կը ներկայացնէ Թուրքիոյ հայ համայնքը, համայնքը տարիներէ ի վեր ժողովրդավարական միջոցներով կþընտրէ իր Պատրիարքը, միայն թէ այս անգամ Ներքին Նախարարութիւնը դրական պատասխան չէ տուած իրենց կողմէ կատարուած դիմումին։ Ներքին Նախարարութիւնը պնդած է որ Պատրիարքական Աթոռը թափուր չէ, ուստի կարելի չէ ընտրութիւն ընել, մինչդեռ Պատրիարքը անբուժելի կերպով հիւանդ է ու կը տառապի ուղեղի լուրջ հիւանդութենէ։ Ուստի անհրաժեշտ է որ թափուր աթոռը լեցուի նոր Պատրիարքի մը ընտրութեամբ։ Սեդրակ Տավուտհան դատարանէն պահանջեց որ բեկանուի Ներքին Նախարարութեան կողմէ դրուած արգելքը։ Նիստի ընթացքին խօսեցաւ նաեւ Նախաձեռնարկ Մարմնի միւս փաստաբանը, Սեպուհ Ասլանկիլ, որ ըսաւ որ իշխանութիւնը Պատրիարքին տեղ Պատրիարքական Փոխանորդ մը նշանակած է եւ ասիկա լաիք կարգավիճակի դէմ գալ կը նշանակէ։ Ասլանկիլ պնդեց որ պետութիւնը այս խնդրին մէջ շարժած է »Ես ըրի ու վերջացաւ« ըսելու մտայնութեամբ։ Ներքին Նախարարութիւնն ալ այս պնդումներուն դիմաց գրաւոր ինքնապաշտպանութիւն մը ներկայացուց դատարան։ Նիստը վերջացաւ ու այժմ հետաքրքրութեամբ պիտի սպասուի որպէսզի տեսնուի թէ Դատական կազմը Ներքին Նախարարութեան դէմ դատ պիտի բանա՞յ թէ ոչ։ ՄԱՐՄԱՐԱ - Մենք Պատրիարքական ընտրութեան նիւթի շուրջ մեր կարծիքը քանիցս հրապարակած ենք ու այս նոր լրատուութեան դիմաց չենք ուզեր կրկնել այն ինչ որ արդէն քանիցս կրկնած ենք։ Այնուհանդերձ կþուզենք դիտել տալ որ եթէ մինչեւ այսօր չկրցանք իրականացնել Աթոռակից Պատրիարք մը ընտրելու ուղղութեամբ Կրօնական Ժողովի կողմէ ընդունուած որոշումը, ատոր մէջ իր պատմական պատասխանատուութիւնը ունի Նախաձեռնարկ Մարմինը, որ այժմ կը շարունակէ գործել Պատրիարքարանէն անկախ գործելակերպով։ Կը սիրենք յուսալ որ նախաձեռնարկ Մարմնի անդամները ու այս Մարմնի փաստաբանները գիտակից են թէ ինչ կընեն։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը