«Քնար» հիմնադիրներէն Դանիէլ-Թունճէր Գոյունճուի մահը


«Քնար» հիմնադիրներէն Դանիէլ-Թունճէր Գոյունճուի մահը

  • 01-12-2011 17:42:11   | Թուրքիա  |  Գրական էջ
Այսօր ցաւով արձագանգ կþըլլանք մահուան լուրին արժէքաւոր հայորդիի մը՝ Դանիէլ-Թունճէր Գոյունճուի, որ մեր մէջ յատուկ ուշադրութեան արժանացած էր տարիներ առաջ հիմնելով «Քնար» նուագախումբը։ Նուագախումբ՝ որ մեր ժողովրդական ազգային երաժշտութենէն նոր խոյանք մը բերած էր մեզի։ Այդ հայորդին երէկ Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուած տխուր արարողութենէ ետք հողին յանձնուեցաւ եւ ա՛ն որ այնքա՜ն լեցուն էր հայերէն լեզուի եւ հայկական ինքնութեան նկատմամբ կարօտով, այս աշխարհէն բաժնուեցաւ առանց որ գոնէ տեղեկութիւն մը տրուի հայատառ մեր մամուլին։ Այսօր զանազան շրջանակներէ մեզի հասան ցաւակցական արտայայտութիւններ, որոնց ուզեցինք կցել մենք ալ մեր ցաւակցութիւնները։ * Դանիէլ Գոյունճու ծնած էր 1966ին, Տիյարպաքըրի Մէլիկահմէտ թաղին մէջ եւ Մինաս ու Ժանէթ ամոլի առջինեկ զաւակն էր։ Ան նախակրթութիւնն ու միջնակարգի ուսումը ստանալէ ետք, ուսումը շարունակած էր արհեստից վարժարան յաճախելով։ Հակառակ որ համալսարանի մտից քննութիւններու մէջ յաջողութիւն արձանագրած էր, ան նիւթական պայմաններու բերումով չկրցաւ ուսանիլ։ Իր կրտսեր երկու եղբայրներուն համար միշտ ալ նուիրուած երէց եղբայր մը եղաւ ու կանուխ տարիքէն ընտանեկան պատասխանատուութիւնը բեռցուեցաւ իր ուսերուն վրայ։ Ընտանիքէն ամէնէն առաջ ի՛նք գաղթեց Իսթանպուլ ու ապրուստը հոգաց զանազան աշխատատեղիներու մէջ գործի ընդունուելով։ Փոքր տարիքէն կը սիրէր ժողովրդական երաժշտութիւնը եւ 1993ին Պէզճեան Սանուց Միութեան մէջ ծանօթացաւ մշակութային կեանքին։ 1996ին նոյն Միութեան երդիքին տակ հիմնեց »Քնար« նուագախումբը եւ ժողովրդական լարային նուագարաններով վերստին կեանքի կոչեց հայկական ժողովրդական երգերու մոռցուած յօրինումներ։ Հակառակ որ հայերէն չէր գիտեր, հայերէն երգերու բառերը կը գրէր լատիներէն տառերով ու այդպէս կþերգէր, միշտ հպարտանալով իր հայ ինքնութեամբ, բայց միւս կողմէ մայրենի լեզուն չգիտնալու թերութիւնը զգալով իր մորթին վրայ։ 1997ին ամուսնացաւ իրեն հայրենակից հայուհի Չիղտէմ Պաշաքի հետ։ Ունեցան երկու զաւակներ՝ աղջիկ մը եւ մանչ մը։ Ուզեց որ զաւակները իրեն պէս չըլլան ու Պաքըրգիւղի Տատեան հայկական վարժարանը արձանագրեց զանոնք, միակ բան մը ուզելով անոնցմէ. լաւ տիրապետել հայերէնի։ Կþուրախանար երբ անոնք հայերէնով կը խօսէին իրարու հետ։ Իր հայրը տարիներ առաջ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ թաղականներէն եղած էր եւ այժմ տարիներ վերջ ի՛նք մաս կազմեց նոր թաղականութեան։ Դժբախտաբար Դանիէլ Գոյունճու հայ ինքնութեան եւ իր մշակոյթի հանդէպ ցոյց տուած իր նախանձախնդրութիւնն ու ուշադրութիւնը ցոյց չտուաւ իր առողջութեան հանդէպ եւ 27 Նոյեմբերին մահացաւ սրտի տագնապի հետեւանքով։ Իր անժամանակ մահով վշտի մատնեց ամբողջ ընտանիքը, որբ թողուց 13ամեայ Տիգրիսն ու 9ամեայ Տարօնը։ Դանիէլ Գոյունճուի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ, 30 Նոյեմբերին, Պատրիարքական Փոխանորդ Արամ Ս. Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ։ Եկեղեցին բազմամարդ էր, եկած էին նոյնիսկ Տիյարպաքըրի լիսէի իր դասընկերները, որոնցմէ մէկն էր Սուրիչի գաւառակի քաղաքապետ Ապտուլլահ Տէմիրթաշ։ Դանիէլ Գոյունճուի մահուան առթիւ «Քնար»ի նախկին անդամներէն Շիրակ Շահրիկեան, որ Հայաստան հաստատուած է, յիշատակի հետեւեալ բանաստեղծութիւնը ղրկած է մեր խմբագրութեան. ՔՆԱՐԻՍ ՁԱՅՆԸ ՀԱՆԳԵՑ Հայն է հզօրը, երկրագնտային կեանքի յարմար, Դու ես ամենահզօրը, երկնային կեանքի յարմար, Հզօրութիւնը քո հոգին է, քո երգերն են անխափա՛ն, Ցաւօք այդպէս էր Տիրոջ կամքը, որը ափսո՜ս, անյարմար։ Հրեշտակներն են կերտել քո սուրբ անունը երկնակամարի վրայ, Հայի արժանավայել ուժն էր քո մէջ, Սասնայ Դաւթից ժառանգած, Դանիէլ եղբայր դու մի՛ տխրի, քո առած գործն է անխաւար, Տիգրանակերտեան լուսաւոր մատեանը, դատաստանն է քո համար։ Ո՛վ հայոց սարեր, ձայն տուէք, մի՛ լուռ եղէք ո՛չ մի անգամ, Հնչի՛ր իմ Սասուն, իմ Մուշ ու Վան, Իսթանպուլից դէպի Երեւան, Քնարիս ձայնը այլապէս հանգել է, էլ չի հնչում նրբաճաշակ, Ողբում է Դանիէլիս համար, նոյնիսկ պայծառափայլ արեգակ։ «Մարմարա»
Նոյյան տապան  -   Գրական էջ