Լոյս տեսաւ՝ Վ. Տատըրեանի եւ Թ. Աքչամի «Դատաստան Պոլսոյ մէջ» հատորը


Լոյս տեսաւ՝ Վ. Տատըրեանի եւ Թ. Աքչամի «Դատաստան Պոլսոյ մէջ» հատորը

  • 10-12-2011 11:00:59   | Ֆրանսիա  |  Նոր գրքեր
Ցեղասպանագէտներ Վահագն Տատըրեան եւ Թանէր Աքչամ լոյս ընծայած են իրենց հասարակաց առաջին հատորը (անգլերէն): Ան կը կոչուի «Դատաստան Պոլսոյ մէջ» («Judgment at Istanbul»), որ հրատարակուած է Նիւ-Եորքի եւ Օքսֆորտի «Պէրկան Պուքս» հրատարակչութեան կողմէ: Հատորին նիւթն է, Ա. Աշխարհամարտի աւարտին՝ 1919ին, օսմանեան Թուրքիոյ մէջ, հայ բնակչութեան բնաջնջման հեղինակներու դատավարութիւնները, յատուկ յանձնաժողովի մը կողմէ: Փրոֆ. Տատրեան կ?ըսէ, թէ այս մէկը կարեւորագոյն աշխատութիւն է երկու պատճառով: Նախ, որովհետեւ ան հիմնուած է թրքական փաստաթուղթերու վրայ, զորս օսմանեան իշխանութիւնները հարկադրուած են հրապարակել այդ դատավարութիւններուն առիթով: Եւ երկրորդ՝ որովհետեւ ի տարբերութիւն Ցեղասպանութեան նուիրուած շատ մը այլ հրատարակութիւններու, որոնք պատմութեան մեկնաբանութիւններէ կը բաղկանան, այս մէկը հիմնուած է օսմանցի պետական ղեկավարներու կողմէ երդման տակ տրուած վկայութիւններու վրայ, որոնք ցոյց կու տան Հայոց դէմ գործուած ոճիրին ծաւալը: Աւելի քան 50 տարիներու հետազօտութիւններէ ետք, Տատրեան յայտնաբերած է նաեւ որ օսմանեան կառավարութեան պաշտօնաթերթը՝ «Թաքվիմ-ի Վէքայի»ն զինուորական այդ դատարաններու մասին լրատւութեան մեծագոյն աղբիւրը չէր, այլ կար նաեւ ֆրանսագիր հայերէն թերթ մը՝ «Ռընեսանս», որ լոյս կը տեսնէր Պոլիս, որու էջերը հարուստ են խնդրոյ առարկայ դատավարութիւններուն մանրամասնութիւններով: «Նոր Յառաջ», Դեկտեմբեր 10, թիւ 300
Նոյյան տապան  -   Նոր գրքեր