Գրքի ամիս Ֆրանսիայի հայաշատ շրջաններում


Գրքի ամիս Ֆրանսիայի հայաշատ շրջաններում

  • 04-01-2012 10:52:18   | Ֆրանսիա  |  Նոր գրքեր
Դեկտեմբեր ամիսը դարձած է գիրքի ամիս։ Հայահոծ շրջանները՝ Սեւր, Լիվրի, Տէսին, Ալֆորվիլ, կը կազմակերպեն գիրքերու տօնավաճառ…։ Արմէն?լիվր՝ Դեկտեմբեր ամսուան ամենամեայ միջոցառումը, Ալֆորվիլի հայ համայնքի կայուն ժամադրութիւնը դարձած է, նորօրեայ աւանդութիւն մը, որ կը կրկնուի 7րդ տարին ըլլալով։ Այս տարի Արմէն?լիվրը կարեւոր էական նիւթ մը առաջարկած էր՝ երկլեզւութիւնը, եւ որուն համար պատւոյ հիւր ընտրուած էր՝ Յարութիւն Քիւրքճեան։ Ամեն ոք չէ, որ կը գիտակցի երկլեզւութեան անհրաժեշտութեան։ Ամեն ոք չէ, որ կրնայ նիւթը արծարծել հանգամանօրէն։ Պէտք է ըլլալ երկլեզու, այսինքն՝ երկմշակոյթ, կարենալ թափանցելու համար խնդրին ծալքերը, որոնք բազմաշերտ են։ Պետական, մշակութային, գրական, կրթական, ընկերային, ընտանեկան, ինքնութենական։ Այս առումով Յարութիւն Քիւրքճեան մտաւորականը եւ մանկավարժը լաւագոյն ընտրութիւնն էր, որուն կ?ընկերանար Մարօ Քիւրքճեան։ Արմէն?լիվրի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Ուրբաթ՝ Դեկտեմբեր 9ին, Ալֆորվիլի քաղաքապետ՝ Ռընէ Ռուքէի հովաւանաւորութեամբ եւ Նորվան Արք. Զաքարեանի ներկայութեամբ։ Հետաքրքրական բացառիկ պահ մը, քանի միջոցառման պատշաճ շնորհաւորանքի խօսքերէն անդին, հայ համայնքի գործօն կարեւոր դէմքեր խօսք առին եւ իրենց վկայութիւնը բերին Յարութ Քիւրքճեանի մասին, երիտասարդութեան յուշեր՝ ամբողջ նորօրեայ պատմութեան շրջանի մը սկիզբը հանդիսացող, սերնդափոխութեան կնիքը կրող, Համալսարանական Միջազգային Ոստանի Հայ Ուսանողներու տունէն սկսած, ուր երիտասարդներու իսկական հանդիպում մը կայացած է, Լիբանանէն Ֆրանսա նոր հասած ճեմարանական իրիտասարդ ուսանողներու՝ ի միջի այլոց Յարութիւն Քիւրքճեանի եւ Փարիզեան շրջանի գործունեայ աշխոյժ երիտասարդ Նոր Սերնդականներու միջեւ։ Բոլոր վկայութիւններն ալ կ?ընդգծէին հրաւիրեալին համեստութիւնը, մտաւորական պարկեշտութիւնը, լայնախոհութիւնը եւ երկլեզւութիւնը։ Սերունդ մը, որուն համար երկլեզւութիւնը զարմանալիօրէն կը թաքցնէր մշակութային ծարաւ մը, ինքնութեան նոր դաշտ մը։ Լեզուն էր բանալին՝ մշակոյթին դռները բացող եւ ստեղծագործելու սկիզբ հանդիսացող։ Սերունդ մը, որուն համար կարելի էր ըլլալ միաժամանակ ֆրանսախօս եւ հայախօս եւ ստեղծագործել հայերէնով, անցնիլ մէկէն միւսը՝ առանց դժուարութեան, խօսիլ ֆրանսական մշակոյթի մասին ու նոյնքան բնականութեամբ՝ տիրապետել հայկականին։ Տարածք մը, որուն հանդէպ ֆրանսական մշակոյթը թոյլատու չէր։ Վկայութիւններու բացումը կատարեց Անահիտ Տէր Մինասեան, որուն վստահուած էր նաեւ պատուոյ հիւրը ներկայացնելու պարտականութիւնը։ Տիկին Տէր Մինասեան այնքան տարուեցաւ 70ական թուականներու մտաւորական սերունդի եւ Յարութիւն Քիւրքճեանի գործունէութեամբ, որ իրեն յատկացուած 15 վայրկեանը լրացուց տակաւին ըսելիքին նուազագոյնը չըսած։ Իրենց վկայութիւնը բերին՝ Արա Գրիգորեան, Եդուարդ Մատիլեան, Ռիշար Անանեան, եւ ուրիշներ։ Այս վկայութիւններուն ընդմէջէն Ֆրանսահայութեան մշակութային պատմութեան ամբողջ էջ մը կը յայտնաբերուէր, իւրօրինակ նորօրեայ էջ մը կը գծագրուէր, որուն կ?արժէ անդրադառնալ աւելի հանգամանօրէն: Իսկ Շաբաթ՝ Դեկտեմբեր 10ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ նոյն նիւթին նուիրուած բանախօսական երեկոյթը՝ «Pour un bilinguisme authentique et égalitaire» վերնագիրը կրող, մասնակցութեամբ՝ Յարութիւն Քիւրքճեանի, Սեդա Պիպէռեանի եւ Գրիգոր Պըլտեանի։ Երեք բանախօսներէն ամեն մէկը, մասնագիտական իր փորձառութենէն մեկնած, քննարկեց երկլեզւութեան հարցերը Ֆրանսայի եւ Սփիւռքի տարածքին փորձարկուած։ Յարութիւն Քիւրքճեանի անդրադարձը շեշտը դրաւ հաւաքական գիտակցութեան մակարդակին երկլեզւութեան անհրաժեշտութեան վրայ։ Սեդա Պիպէռեան, որ Մարսիլոյ Համազգային վարժարանի տնօրէնուհին է, խօսեցաւ դպրոցական սահմանին մէջ դժուարութիւններուն եւ խոչընդոտներուն մասին, իսկ Գրիգոր Պըլտեան նիւթը շօշափեց գրողի դիտանկիւնէն՝ իբր գրական ինքնուրոյն լեզուի ձեռքբերման միջոց։ (ՆՅ - տես՝ Յարութիւն Քիւրքճեանի բանախօսութեան ամբողջութիւնը յաջորդական երկու՝ ներկայ եւ յաջորդ թիւերու մէջ)։ Արցախի նուիրուած գրքի շնորհանդէս Դեկտեմբեր 9ի երեկոյեան, նշուեցաւ նաեւ Արցախի 20ամեակը՝ «ARTSAKH, Jardin des traditions et des arts arméniens» գիրքին շնորհահանդէսով, որուն ներկայ էին Ալֆորվիլի քաղաքապետ Ռընէ Ռուքէ, դեսպան՝ Վիգէն Չիտէչեան եւ Արցախի ներկայացուցիչ՝ Յովհաննէս Գէորգեան։ Սոյն գիրքը խումբ մը համալսարանական մասնագէտներու պատրաստութիւնն է, որուն մասնակցած են՝ Արմէն Մութաֆեան, Տիգրան Գույումճեան, Պատրիկ Տօնապետեան, Ժորժ Պուրուեան եւ Ֆրանսուա Ճինճեան, Նարինէ Աղաբալեան։ Կիրակի կէսօրէ ետք, յատուկ պահ մը նուիրուած էր մանուկներուն, որոնք երկլեզւութեան ապագան պիտի հանդիսանան։ Անահիտ Սարգիսեան, մանուկներուն պատրաստած էր «Համով Հոտով» ծրագիր մը, որուն գաղտնիքը՝ բոլորն ալ գիտեն, ոչ անոր համար որ ներկաներուն առջեւ կը պատրաստուի ու բոլորն ալ կը ճաշակեն, այլ որովհետեւ կը կոչուի մշակութասիրութիւն։ Անահիտ Սարգիսեան ունի բնատուր ձիրքեր, շնորհներ եւ գիտէ զանոնք արժեւորել, տքնաջան աշխատիլ, ձեւաւորել ու հրամցնել մանուկերուն՝ մեծ ու փոքր, տարեց ու մատղաշ։ Հայ Մշակոյթի տան գործունէութիւնները Հարուստ ու ճոխ՝ Արմէն?լիվրի կազմակերպած այս միջոցառումները տեղի ունեցան գիրքերու եռօրեայ ցուցադրութեան ու վաճառքին զուգահեռ, ուր ներկայացուած էր հրատարկչատուներու 2011ի արտադրանքը։ Արմէն?լիվրի 7րդ տարեդարձը առիթ է նաեւ անդրադառնալու մինչ այժմ տարուած գնահատելի աշխատանքին, որ տարուէ տարի իր պարունակը կը ճոխացնէ ու կը դառնայ ֆրանսահայութեան ինքնութեան կարեւոր մէկ արտայայտութիւնը։ Անցեալ տարիներուն, Արմէն?լիվրի պատուոյ հիւրը եղած են՝ Արաս Հրատարակչատունը (Թուրքիա), Սամուէլեան գրախանութը, որ հիմնուած է Հրանտ Սամուէլի կողմէ եւ մինչեւ այսօր կը տնօրինուի Արմէն Սամուէլեանի եւ Ալիս Ասլանեանի կողմէ, Անահիտ Տէր Մինասեանը, «Յառաջ» օրաթերթը եւ տնօրինուհին՝ Արփիկ Միսաքեանը… Ալֆորվիլի Մշակոյթի Տունը, որ կազմակերպիչն է Արմէն?լիվրի, Մայիսին կը ծրագրէ նաեւ գարնանային Արմէն?լիվրը եւ զանազան այլ միջոցառումներ, որոնք տեղի կ?ունենան Մշակոյթի տան մշտական չորեքշաբթի եւ շաբաթ օրերու կրթական, գեղարուեստի դասընթացքներու կողքին։ Տան նախագահուհին է Արշալոյս Սարգիսեան, իսկ տնօրէնուհին՝ Յասմիկ Նատիրեան-Գեւոնեան։ ՆՅ
Նոյյան տապան  -   Նոր գրքեր