«Զարթօնք»-ը հայապահպանման եւ հայակերտման լուսաշող փարոս է


«Զարթօնք»-ը հայապահպանման եւ հայակերտման լուսաշող փարոս է

  • 20-01-2012 23:18:30   | Լիբանան  |  Գրական էջ
«Զարթօնք» Օրաթերթի 75 Ամեակը 2012-ին, լիբանանահայութիւնը ընդհանրապէս եւ ՌԱԿ-ի աշխարհատարած շրջանակը մասնաւորաբար, արդար հպարտութեամբ եւ արժանավայել ձեռնարկներով պիտի նշեն սփիւռքահայութեան բաբախուն սիրտը հանդիսացող՝ լիբանանահայութեան պատուաբեր հրատարակութիւններէն՝ «Զարթօնք» օրաթերթի 75-ամեակը: Գրել «Զարթօնք»ի ծննդեան եւ անոր 75-ամեակի բեղուն կեանքին մասին, կը նշանակէ անդրադառնալ աշխարհատարած հայութեան եւ Հայաստանի վերջին 75 տարիներու մաքառումներուն, վերապրումին եւ պատուաբեր նուաճումներուն մասին, որոնց մէջ մեծ դեր կատարած է, եւ զոր հաւատարմօրէն կը շարունակէ կատարել ՌԱԿ-ի «Զարթօնք» օրաթերթը: «Զարթօնք» 75 տարի շարունակ եղաւ ու կը մնայ մաքրամաքուր հայրենասիրութեան, մեր արդար դատի հետապնդման, հայապահպանման եւ հայակերտման, մեր ժողովուրդի որակաւորման, անոր մէջ բարոյական եւ հոգեւոր արժէքներու ամրապնդման լուսաշող փարոս մը: Այս փարոսը, շնորհիւ իրերայաջորդ պատուական խմբագիրներու գործին, ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլ աշխարհացրիւ ողջ հայութեան համար եղաւ անբիծ հայրենասիրութեան շեփորահարը, ապահով կողմնացոյցը: Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք եւ երկրորդ համաշխարհային պատերազմներու տարիներուն, երբ մեր դրապէս գոյութիւն ունեցող հայրենիքը եւ հոն ապրող ժողովուրդը, ինքզինքը վերականգնելու եւ ապրելու ճիգին մէջ էր, Սփիւռքի հայութեան մօտ հայրենաբնակ ժողովուրդին հետ ըլլալու, մեր արիւնակիցներուն օգնելու եւ դէպի Հայաստան ներգաղթ կազմակերպելու գործին լծուելով, իր ուրոյն եւ անփոխարինելի դերը կատարեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան «Զարթօնք» օրաթերթը: Պաղ պատերազմի տարիներուն, արաբական երկիրներու եւ Պարսկաստանի մէջ, ուր մեծ թիւով հայեր կ′ապրէին, այդ երկիրներու նեխած եւ ապականած ֆաշիստ իշխանաւորներու օրերուն, Խորհրդային Հայաստանի կամ Ս. Էջմիածնի հանդէպ որեւէ համակրանք կամ դրական արտայայտութիւն՝ մահացու մեղք մըն էր, որուն հետեւանքով այլատեսակ պիտակներ կու տային եւ զրպարտութիւններ ու դատապարտումներ կ′ընէին այդ տեսակ արտայայտութիւններ ունեցողներուն: Այդ տարիներուն, երբ Սփիւռքի մէջ քաղաքական որոշ թերթեր մեր հայրենիքը «թշուառ, անտէր, մեր թշնամեաց ոտնակոխ» կը ներկայացնէին, «Զարթօնք»ի խմբագիրները, իրապաշտութենէ թելադրուած եւ իրապաշտ անձի աչքերով «Զարթօնք»ի առաջին խմբագիր՝ Վահան Թէքէեանի աչքով, «տարբեր ես դուն մեր երազէն, աւելի լաւ», կ′ըսէին Հայաստանին: «Զարթօնք» ՌԱԿ-ի բոլոր թերթերուն նման մեծապէս նպաստեց Սփիւռքի մէջ հայապահպանման եւ հայակերտման սրբազան գործին, անսակարկօրէն սատարելով եւ աջակցելով լուսոյ խորան Էջմիածնի աշխարհացրիւ եկեղեցիներուն եւ աշխատանքներուն, ՀԲԸ Միութեան եւ ԹԷքէեան Մշակութային Միութեան բազմաբնոյթ ծրագիրներու ու մանաւանդ անոնց կրթական հաստատութեանց, խորապէս հաւատալով, թէ մշակոյթի եւ հայեցի կրթութեան զէնք ու զրահով պիտի կարենանք դէմ կենալ ձուլման եւ հայակուլ ամեհի փոթորիկներուն եւ մրրկածին ալիքներուն դէմ: * * * Մեզի համար անձնապէս «Զարթօնք» եղած է մեր ազգային կեանքի ձեւաւորման, ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան մկրտարանը: Պաղտատի մէջ, ՀԲԸ Միութեան հայրենաբոյր շրջանակէն ներս, մեր պատանեկան եւ համալսարանական տարիներէն սկսեալ, «Զարթօնք»ին միջոցաւ բացայայտեցինք մեր ինքնութիւնը, սիրեցինք եւ սորվեցանք մեր մայրենի լեզուն, մենք եւ մեր հասակակիցները «Զարթօնք»ի մշտական ընթերցողները ըլլալով, սիրեցինք եւ զինուորագրուեցանք մեր ժողովուրդի ամէնէն մաքուր քաղաքական կազմակերպութեան՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան: «Զարթօնք»ին միջոցաւ մենք տէր եղանք մեր ժողովուրդի անկողոպտելի «Մեծ Երազին» եւ երդում տուինք, մեր կարելին ընել ծառայելու համար մեր ազգին եւ հայրենիքին մինչեւ այն երջանիկ օրը, որ տիրանանք մեր «Մեծ Երազին»: Այսօր, «Զարթօնք»ի 75-ամեակին առիթով, Լոս Անճելըսի այս հեռաւոր ափերէն, սրտանց կը շնորհաւորենք ՌԱԿ-ի Լիբանանի մեր ուխտապահ շարքայինները, որոնք հակառակ բազմաթիւ եւ բազմատեսակ դժուարութիւններու, վերստին վերահրատարակելու սկսան մեր պատուաբեր թերթը: Փառք ու հազար պատիւ բոլոր անոնց, որոնք գիտակցութիւնը ունեցան արժեւորելու եւ հասկանալու «Զարթօնք»ի դերը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ յանձն առին շարունակելու այս թերթին հրատարակութիւնը: Գնահատանքի եւ շնորհաւորանքի մասնաւոր խօսք ունինք այժմու եւ անցեալի բոլոր պատուարժան խմբագիրներուն, վարչականներուն, աշխատակիցներուն եւ թղթակիցներուն: Բոլորին կ′ըսենք՝ ձեր վարձքը կատար, իսկ մեր «Զարթօնք»ին՝ անխափան եւ շռնդալից յաջողութիւններով պսակուած նորանոր ամեակներ կը մաղթենք: Խաչիկ Ճանոյեան
Նոյյան տապան  -   Գրական էջ