Լույս է տեսել Նիկողոս Սարաֆեանի «Վենսենի անտառ» գրքի անգլերեն տարբերակը


Լույս է տեսել Նիկողոս Սարաֆեանի «Վենսենի անտառ» գրքի անգլերեն տարբերակը

  • 06-03-2012 11:27:00   | ԱՄՆ  |  Նոր գրքեր

Միշիկընի Համալսարան-Տիրպոռնի Հայագիտութական Ուսումնասիրութեանց Կեդրոնը հրճուանքով կը ծանուցէ սփիւռքահայ գեղարուեստական արձակի լաւագոյն նմուշներէն, Նիկողոս Սարաֆեանի «Վէնսէնի Անտառը» երկին անգլերէն թարգմանութեան («The Bois de Vincennes») հրատարակութիւնը։ Սփիւռքահայ գրականութեան ամենայարգուած ներկայացուցիչներէն Սարաֆեանի 1947-ին առաջին անգամ հայերէնով հրատարակուած այս գործին անգլերէն թարգմանիչն է Քրիսթոֆըր Ադամեան։ Թարգմանութեան կցուած է նաեւ Փրոֆ. Մարկ Նշանեանի Սարաֆեանի մտաւոր ներաշխարհը քննարող ներածականը ։ «Վէնսէնի Անտառը» երկով ընթերցողը կը ծանօթանայ Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառած աքսորին հետեւանքները ֆրանսահայ ականաւոր գրողներէն մէկուն վրայ։ Սարաֆեան, որ Փարիզ բնակած է 1923-էն մինչեւ իր մահը` 1972-ին, ֆրանսահայ գրողներու «Մենք» խմբակին անդամ էր։ Վերջիններս իրենց նոյնանուն պարբերականով եւ առանձին հրատարակուած գեղարուեստական այլ գործերով փորձեցին հայ ինքնութիւնը վերակերտել եւ վերասահմանել սփիւռքեան, նոր պայմաններուն մէջ։ Միաժամանակ, այս երկը հեղինակին համար իր սեփական, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի հաւաքական աքսորը իմաստաւորելու փորձ մըն էր։ Վերջապէս, երկը Վէնսէնի պուրակին մէջ եւ անոր մասին երկար խորհրդածութիւններու արգասիք է։ Այս անտառին մէջ է, որ հեղինակը երկար ժամանակ կ’անցընէր` խոկալով միայնակ։ Քրիսթոֆըր Ադամեան` հատորին թարգմանիչը, Նիւ Եորք կը բնակի եւ հանրածանօթ է նաեւ որպէս գրող եւ ֆիլմարտադրիչ։ «Վէնսէնի Անտառը» առանձին հատորով լոյս տեսած իր առաջին թարգմանական գործն է։ Թարգմանութեան հրատարակութիւնը իրականացաւ Աճէմեան Հիմնադրամի տրամադրած առատաձեռն դրամաշնորհի մը աջակցութեամբ` ի յիշատակ հանգուցեալ Ռոպերթ Աճէմեանի։ Աճէմեան Հիմնադրամը կը գործէ Միշիկընի մէջ եւ կ’օժանդակէ ամերիկահայ մշակութային կեանքի բարգաւաճման սատարող ձեռնարկներու։ Նորընծայ հատորին (ISBN 978-1934548-02-8 or 1-934548-02-2) ցրուիչն է Ուէյն Սթէյթ Համալսարանի հրատարակչութիւնը։ Ան կարելի ձեռք բերել նաեւ առցանց պատուիրելով «Ամազոն»-ի կամ «Պարնզ էնտ Նոպըլ»-ի նման գրավաճառներէ։
Նոյյան տապան  -   Նոր գրքեր