Վերհիշելով ու վերընթերցելով Թումանյանի «Գիքորը»


Վերհիշելով ու վերընթերցելով Թումանյանի «Գիքորը»

  • 15-03-2012 16:26:18   | Սիրիա  |  Նոր գրքեր
Հայ մանկա-պատանեկան գրականութեան ամենէն շատ սիրուած, ամենէն շատ կարդացուած, բազմիցս հրատարակուած գլուխ-գործոցներէն մին է Յովհաննէս Թումանեանի «Գիքորը»։ Գրեթէ ամէն հայ պատանի կը ճանչնայ կարճաշունչ եւ յուզիչ այս պատմուածքը, որ առանձնատիպ պրակներու ձեւով հրատարակուելէ զատ՝ վերածուած է նաեւ շարժանկարի, բեմականացուած է իբրեւ թատերախաղ։ Աւելի փոքրահասակներ՝ պարզապէս ունկնդրած են զայն իրենց մօրմէն կամ մեծ մօրմէն, մահճակալին մէջ ընկողմանած, իբրեւ գիշերային քնաբեր ընթերցում...։ Անոնց ականջներուն մէջ երկար ատեն զնգացեր է հէք Գիքորին «էստի համեցէ՜ք, էստի համեցէ՜ք» բացագանչութիւնը։ Կարելի է անվարան յայտնել, թէ աւելի քան հարիւր տարիէ իվեր «Գիքորը» դարձեր է հայ փոքրիկին կամ պատանիին խղճմտանքի աւետարանը, գութի, մարդասիրութեան ու բարիի պաշտամունքին ուղեցոյցը։ Հազիւ տասը տարեկան էինք, նախակրթարանի աշակերտ, երբ հայերէնաւանդ մեր ուսուցչուհին օր մը դասարանին մէջ կարդաց մեզի «Գիքորը»։ Յստակ կը յիշեմ, թէ ընթերցումի պահուն մեր ուսուցչուհիին ձայնը մերթ ընդ մերթ կը նուաղէր, հետզհետէ կոկորդը կը սեղմուէր կարծէք...։ Ի վերջոյ ան փղձկեցաւ՝ տաք արցունքներ հոսեցնելով, նաեւ յուզելով ամբողջ դասարանը, խռովելով մեր մատղաշ ու դեռափթիթ սիրտը...։ Թումանեանի Երեւան տպուած երկերու երկհատոր հրատարակութեան մէջ (1958), «Գիքորը» տեղ գտած է պատմուածքներու գլուխին տակ, 18 էջերու երկայնքին։ Կը նշուի որ անիկա հեղինակին կողմէ գրի առնուած է 1895ին։ 117 տարուան անցեալ մը, ուրեմն, երբ Թումանեան 26 տարեկան էր տակաւին։ Կասկած չկայ, որ այդ թուականէն ասդին, այս սրտախօսիկ պատմուածքը ունեցեր է բազմաթիւ հրատարակութիւններ, մանաւանդ Խորհ. Հայաստանի մէջ, ուր Յովհաննէս Թումանեան ու իր գրականութիւնը ի պատուի եղած են տեւաբար։ Զորօրինակ, ձեռքի տակ ունինք «Գիքորը»ի թիֆլիսեան հրատարակութիւն մը (1909, տպ. Ն. Աղանեանցի), որուն սեւ-ճերմակ ու գունաւոր գծանկարները կը պատկանին «ՌՕՏՏԵՐ.» ստորագրութեամբ մեզի անծանօթ արուեստագէտի մը վրձինին։ Առանձնատիպ այլ պրակ մը, «Հայպետհրատ»ի տպագրութիւն, լոյս ընծայուած է Երեւան, 1955ին, վաստակաւոր նկարիչ Միհրան Սոսոյեանի (1928-1992) սեւ-ճերմակ նկարազարդումով եւ տասը հազար տպաքանակով։ Սփիւռքեան ճակատի վրայ եւս «Գիքորը» մի՛շտ քաջալերական ընդունելութիւն գտած է՝ ամէն անգամ որ հրատարակուած է սա կամ նա գաղութին մէջ (Պոլիս, Պէյրութ, Հալէպ եւ այլուր)։ Այս պարագային, հրատարակութիւնները եղած են երկու ձեւի՝ արեւելահայերէն բնագրով կամ արեւմտահայերէնի վերածումով։ Թերեւս սխալած չենք ըլլար եթէ ըսենք որ «Գիքորը»ի սփիւռքեան երեւումներուն մէջ ամենէն աչքառուն կամ տարածունը եղեր է Փարիզի «Էրեբունի» հրատարակչութեան տպօրինակը, լոյս ընծայուած՝ 1970ին, հաւանաբար Թումանեանի ծննդեան 100ամեակին առիթով։ Բնագիրը փոխակերպուած է արեւմտահայերէնի ու այդ ձեւով վերապատմուած՝ պոլսահայ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի (Արթօ Ճիւմպիւշեան) կողմէ։ 32 էջանի այս պրակին մէջ օգտագործուած են հայրենի անուանի նկարիչ Գրիգոր Խանջեանէն (1926-2000) սեւ-ճերմակ գծապատկերներ։ Կը խորհինք որ «Գիքորը» օտարալեզու հրատարակութիւններ ալ ունեցած ըլլայ, թէ՛ հայ գրականութեան վրայ պատուհան մը բանալու միտումով, թէ՛ ալ աշխարհացրիւ օտարաբարբառ հայ երեախաներուն հասանելի դառնալու նպատակով։ Այս ծիրին մէջ, գէթ ձեռքի տակ ունինք արաբերէն առանձնատիպ հրատարակութիւն մը, իրագործուած Հալէպի մէջ, 1976ին, սուրիացի վաստակաւոր թարգմանիչ Նիզար Խալիլիի թարգմանութեամբ։ *** Վերջերս, հրապարակի վրայ երեւցաւ «Գիքորը»ի նորագոյն հրատարակութիւն մըն ալ։ Վայրը՝ Հալէպ, նախաձեռնութիւն՝ «Կիլիկիա» հրատարակչատան։ Խանդավառութեամբ ողջունեցինք այս նորատարազ ու արդիաշունչ հրատարակութիւնը, որ պատուաբեր տեղ մը պիտի գրաւէ, անկասկած, հայերէն մանկա-պատանեկան գիրքերու կամ գրքոյկներու այնքան անհրաժեշտ ու կենսական շարքին մէջ։ Այս նոր «Գիքորը» կը բաղկանայ 24 էջէ ու ամբողջութեամբ գունաւոր է ու պատկերազարդ։ Պատկերազարդումը բոլորովին նոր է եւ իրագործուած է յա՛տկապէս այս հրատարակութեան համար, հալէպաբնակ շնորհալի նկարիչ Յակոբ Տօլմաճեանի վրձինով։ Խօսուն, գրաւիչ, վառ գոյներով եւ ակնահաճոյ պատկերներ են ասոնք։ Անմիջապէս յիշեցնենք թէ Յ. Տօլմաճեան առաջին անգամ չէ որ իր կնիքը կը դնէ մանկական հրատարակութիւններու վրայ։ Նոյն «Կիլիկիա» հրատարակչատան կողմէ 2009ին լոյս ընծայուած Թումանեանի հէքեաթներուն ծաւալուն մէկ ժողովածուն ամբողջովին նկարազարդուած էր արդէն Տօլմաճեանի կողմէ, որ հաստատօրէն տէրն է ինքնայատուկ սիրուն ոճի մը։ Ինչ կը վերաբերի բնագրին, անիկա Զ. Խրախունիի արեւմտահայերէն այն նոյն վերապատմումն է, որ 1970ին լոյս ընծայուած էր Փարիզի մէջ։ Արեւմտահայերէն այս տարբերակը, թէ՛ աւելի հասանելի ու ընկալելի է սփիւռքահայ երեխաներուն համար, թէ՛ ալ -խոստովանինք- կը մաքրաջրէ Թումանեանի բնագիրը օտարոտի կամ ոչ հայաշունչ բառերէ, որոնք կը վխտան էջերու երկայնքին։ Տանք քանի մը օրինակներ, բաղդատութիւնը թողլով ընթերցողին. -Արեւելահայերէն բնագիրը՝ Առաջին իրիկունը ղոնախ ընկան մի գիւղում։ Տանտէրը Համբոյի հին ծանօթն էր։ Դեղին սամովարը թշշում էր տախտի ծէրին։ Մի ջահել աղջիկ շըրխկ-շըրխկացնելով բաժակները լուանում ու թէյ էր շինում։ Նա մի կարմիր սիրուն շոր ունէր հագին։ Արեւմտահայերէնով՝ Առաջին իրիկունը հիւր եղան գիւղի մը մէջ։ Տանտէրը Համբոյին հին ծանօթներէն էր։ Դեղին սամավարը կը ֆշար սեղանին ծայրը։ Պզտիկ աղջիկ մը բաժակները կը լուար եւ թէյ կը պատրաստէր։ Կարմիր, սիրուն հագուստ մը հագած էր։ - Արեւելահայերէն բնագիրը՝ Տեսան տանը չի կարողանում ծառայի՝ խանութ տարան Գիքորին։ Էնտեղ ապրանք պէտք է տային մուշտարիների հետ տանելու, չիթ պէտք է ծալէր, խանութը սրբէր, իսկ պարապ ժամանակը մուշտարի կանչէր։ Արեւմտահայերէնով՝ Երբ տեսան թէ տան մէջ չի կրնար ծառայութիւն ընել, Գիքորը խանութ ղրկեցին։ Այնտեղ՝ յաճախորդներու գնած ապրանքները կը տանէր, կտաւ կը ծալլէր, խանութը կը սրբէր, իսկ երբ պարապ մնար՝ յաճախորդ կը կանչէր։ - Արեւելահայերէն բնագիրը՝ Իրիկունը Գիքորը կուչ էր եկել խոհանոցում։ Դեռ արտասուքը չէր ցամաքել նրա երեսին, դեռ այրւում էին խազէինի ապտակների տեղերը, դեռ նոր էր լռել աղջիկ պարոնի ձէնը- շվշվացնելով ներս մտաւ Վասոն, բազազի աշկերտը։ Գիքորին նկատելով՝ նա իսկոյն կանգ առաւ ու մասխարա դէմքին լրջութիւն տալով սպառնալի հարցրեց. - Կլուբումն ուշացա՞ր, տօ արջի քոթոթ, թէ գուբերնատի մօտ վռազ գործ ունէիր... Արեւմտահայերէնով՝ Իրիկունը, Գիքոր կծկուեր էր խոհանոցին մէջ։ Տակաւին չէին չորցեր արցունքները երեսին վրայ, տակաւին կ?այրէին վարպետին զարկած ապտակներուն տեղերը, դեռ հազիւ դադրեր էր Տիկինին պոռչտուքը, երբ սուլելով ներս մտաւ Վասօ, պէզազին աշկերտը։ Գիքորը տեսնելով, կեցաւ անմիջապէս եւ ծաղրածու դէմքին լրջութիւն մը տալով՝ հարցուց սպառնական. - Ակո՞ւմբ գացած էիր ծօ՛ արջու ձագ, թէ դրամատունը գործ ունէիր...։ Ինչպէս կը տեսնուի պատահաբար քաղուած վերի օրինակներէն, վճիտ ու ջինջ արեւմտահայերէնով «Գիքոր» մը կայ մեր դիմաց։ Հրատարակիչ, նկարիչ ու վերապատմող երրեակը գլուխ հաներ է սքանչելի գործ մը։ Հիմա, հերթը միւսներունն է,- մանկապարտէզներ, դպրոցներ ու մա՛նաւանդ հայ տուներ, ուր շուտ-շուտ հասակ կ?առնեն մեր երախաները...։ Լեւոն Շառոյեան Հալէպ «ՆՅ»
Նոյյան տապան  -   Նոր գրքեր