Հայկական Ցեղասպանության 100-ամյակի առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսությունը կհրատարկի Հուշամատյան


Հայկական Ցեղասպանության 100-ամյակի առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսությունը կհրատարկի Հուշամատյան

  • 26-03-2012 14:52:01   | Լիբանան  |  Նոր գրքեր
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն, աւաններուն ու գիւղերուն մասին կատարուած հրատարակութիւնները լայն տեղեկութիւններ կը պարունակեն անոնց պատմութեան, հայ կեանքին ու Հայկական Ցեղասպանութեան մասին: Անոնք անբաժան մասը կը կազմեն մեր հաւաքական յիշողութեան եւ, հետեւաբար, կարեւոր աղբիւր կը նկատուին հայոց ժամանակակից պատմութեան համար: Ուրախութեամբ կուզենք յայտնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, այլ ծրագիրներու շարքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը որոշած է հրատարակել Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն, աւաններուն ու գիւղերուն նուիրուած յուշամատեաններու (պատմութիւն, հերոսամարտ, յուշագրութիւն, եւ այլն) շարքը: Սոյն շարքը պիտի ընդգրկէ Մալաթիա, Տարօն, Երզնկա, Սիս, Այնթապ, Սիվրիհիսար, Պոնտոս, Մուսա Լեռ, Էվերէկ, Կիւրին, Հարք-Խնուս, Բալու, Զէյթուն, Ուրֆա, Սեբաստիա, Հաճըն, Քիլիս, Եոզկաթ, Կարին, Արաբկիր, Ատանա, Մարաշ, Քեսապ, Հիւսէյնիկ, Խարբերդ, Չորք-Մարզպան, Շապին Գարահիսար, Կեսարիա, Թոմարզա, Պարտիզակ, Սասուն, Ամանոս, Էրզրում, Ամասիա, Սամսոն եւ այլ շրջաններ: Այս առիթով, կուզենք կարեւորութեամբ շեշտել հետեւեալ կէտերը.- 1.- Յուշամատեաններու հրատարակութիւնը պիտի կատարուի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հսկողութեան ներքեւ եւ յատուկ յանձնախումբի մը օժանդակութեամբ: 2.- Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ շրջաններու մեծ մասը արդէն իսկ հրատարակուած յուշամատեաններ ունի: Ծրագրուած շարքին մէջ անոնք պիտի ներառուին՝ անհրաժեշտութեան պարագային ենթարկուելով լեզուական սրբագրութիւններու, ճշդումներու կամ յաւելումներու: 3.- Կարգ մը շրջաններու պարագային մէկէ աւելի յուշամատեաններ հրատարակուած են: Ներկայ շարքին մէջ նկատի պիտի առնուի միայն այն հատորը, որ աւելի ամբողջական է: 4.- Յուշամատեաններու շարքը պիտի ըլլայ միաձեւ՝ ծաւալով, չափով, թուղթի տեսակով եւ այլ մանրամասնութիւններով: 5.- Աւելի քան հարիւր յուշամատեաններ անցեալին հրատարակուած են փոքր տպաքանակով եւ ընդհանրապէս՝ սպառած: Թէ՛ Արեւմտեան Հայաստանի եւ թէ Կիլիկիոյ մէջ տակաւին կան շրջաններ, որոնք չունին յուշամատեաններ եւ այդ շրջաններու պատմութիւնը ծանօթ չէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ներկայ ծրագրին նպատակն է ո՛չ միայն ցարդ հրատարակուած յուշամատեանները վերահրատարակել, այլեւ անծանօթ մնացած շրջաններու պատմութիւնը ուսումնասիրել ու հրատարակել: 6.- Այս եզակի ծրագիրը պիտի իրագործուի բարձր տպաքանակով եւ յուշամատեաններու պատկառելի այս շարքը պիտի տրամադրուի Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի բոլոր միութիւններուն, կրթական կառոյցներուն ու մատենադարաններուն: 7.- Ծրագիրը ի գործ պիտի դրուի անմիջապէս: Յիշեալ ծրագրի գծով կրնաք կապ պահել Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Պրն. Խաչիկ Տէտէեանի հետ. chancellor@armenianorthodoxchurch.org : Կոչ կուղղենք մեր մտաւորականներուն ու պատմագէտներուն՝ պատրաստելու պատմութիւնը այն հայահոծ շրջաններուն, որոնց մասին ցարդ աշխատասիրութիւն չէ կատարուած: Կոչ կուղղենք նաեւ մեր հայրենակցական միութիւններուն, հիմնադրամներուն, բարերարներուն ու մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն՝ ստանձնելու մեկենասութիւնը ծրագրուած շարքին պատկանող հատորի մը եւ կամ մէկէ աւելի հատորներու:
Նոյյան տապան  -   Նոր գրքեր