ՀՕՄ-ը Ջաւախքի մէջ. «Ճաշի օր» ծրագիր


ՀՕՄ-ը Ջաւախքի մէջ. «Ճաշի օր» ծրագիր

  • 11-04-2012 23:08:09   | ԱՄՆ  |  Բարեգործություն

Ջաւախքի մէջ առաջին անգամ ըլլալով Վրաստանի ՀՕՄ-ի վարչութինը իրագործեց «Ճաշի օր» ծրագիրը: Հակառակ նիւթական իր սահմանափակ կարելիութիւններուն, Վրաստանի ՀՕՄ-ը որոշած էր այս ծրագիրը գործադրել` թէկուզ մէկօրեայ ճաշկերոյթով ուշադրութիւն դարձնելու թոշակառու, միայնակ ու կարիքաւոր այն մարդկանց, ովքեր շոյուած կը զգան այդ վերաբերմունքէն: Ծրագիրը կազմակերպուեցաւ Սբ. Զատկուան տօնին առիթով, 5 Ապրիլ 2012-ին: Անոր մասնակցեցան Ախալքալաքի շրջանի Օլավերդ, Սամսար, Բավրա, Դիլիսկա եւ այլ գիւղերէն, ինչպէս նաեւ Ախալքալաք քաղաքէն 47 թոշակառուներ, կարիքաւորներ ու միայնակներ: Ամենատարեց մասնակիցը 94 ամեայ Մարիամ տատիկն էր, որ իրօք կարիքը ունէր իր հասակակիցներուն հետ շփուելու: Ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Ախալքալաքի «Syuze» ճաշարանին մէջ, որ տարբեր ճաշատեսակներով ճոխ սեղաններու շուրջ ընդունեց հիւրերուն: Քանի որ ներկաները կաշկանդուած ու նեղուած կը զգային անսովոր ջերմ վերաբերմունքի համար, Վրաստանի ՀՕՄ-ի վարչութեան ատենապետուհի Կարինէ Թադեւոսեանը զիրենք հանգստացուց անոնց բացատրելով, որ այսօրինակ ծրագիրներ ՀՕՄ-ի Սփիւռքի կառոյցներուն մէջ ընդունուած միջոցառումներ են եւ անյարմար զգալու առիթը չկայ: Ատենապետուհին մասնակիցներուն ներկայացուց նաեւ ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը, անոր ծրագիրներն ու աշխարհատարած կառոյցը: Ճաշկերոյթի ընթացքին ՀՕՄ-ուհիները մասնակիցներուն խօսեցան Զատկուան տօնի մասին, ապա զուարճախօսութիւններ ներկայացուցին, ուրախացնելով հրաւիրեալները եւ զիրենք քանի մը ժամով կտրելով առօրեայ հոգսերէն: Սամսար գիւղի բնակիչ Սարգիսը իր բարեմաղթանքը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց ՀՕՄ-ին` ոչ միայն այդ օրուայ հիւրասիրութեան համար, որուն ներկայ էին նաեւ իր փոքրիկ թոռնիկները եւ կինը, այլ նաեւ իր ընտանիքին Վրաստանի ՀՕՄ-ի մշտական օժանդակութեան համար: 3-4 ժամ տեւած ճաշկերոյթէն յետոյ ներկաները հեռացան նորէն հանդիպելու ակնկալիքով, «շնորհակալական ու բարեմաղթանքի խօսքերը շուրթերին` ուղղուած ՀՕՄ-ի կառոյցին ու բոլոր նրանց, ովքեր այդ ուրախ ու հաճելի օրը պարգեւեցին իրենց»,- Վրաստանի ՀՕՄ-ի վարչական ընկերուհիի մը բառերով: Այստեղ կ’արժէ նշել, որ Վրաստանի ՀՕՄ-ի Վարչութիւնը հոգացած էր «Ճաշի օր» ծրագրի մասնակցներու գիւղերէն Ախալքալաք գալու բոլոր ծախսերը, իսկ շատերուն յատկացուցած հագուստ ու կօշիկներ:
Նոյյան տապան  -   Բարեգործություն