՝Կայացել է Յ Յակոբեանի «Լավ Է ուշ, քան բնավ» վեպի շնորհանդեսը


՝Կայացել է Յ Յակոբեանի «Լավ Է ուշ, քան բնավ» վեպի շնորհանդեսը

  • 19-04-2012 10:26:02   | ԱՄՆ  |  Նոր գրքեր
Կիրակի 15 Ապրիլի երեկոն յիշատակելի պիտի մնայ այն բազմաթիւ հայորդիներու մտքին մէջ, որոնք եկած էին իրենց խանդավառ մասնակցութիւնը բերելու Յակոբ Յակոբեանին «Աւելի լաւ ուշ, քան երբեք» նոր հատորի շնորհահանդէսին5 որ տեղի ունեցաւ Կլէնտէյլի Ամերիկեան Տարեցներու Միութեան ժամանցի կեդրոնին նորակառոյց համալիրի շքեղ դահլիճին մէջ: Ամբողջ հանդիսութիւնը իր տեսակին մէջ իւրայատուկ էր, մեկնելով այն իրողութենէն, թէ հանդիպման ներկայ եղող հասարակութիւնը, բոլորովին նոր դիմագիծ ունէր եւ տարբեր խաւ մը կը ներկայացնէր ընդհանրապէս գրական մեր երեկոները ճոխացնող գրասէրներէն, եթէ չհաշուենք հանրածանօթ դերասանուհիները՝ Նորա Արմանիին եւ Շաքէ Թուխմանեանին եւ բուռ մը ծանօթ գրող մտաւորականներու ներկայութիւնը: Մեծապէս գնահատելի ու քաջալերական երեւոյթ մըն է, որ հայ նորեկ վիպագրի մը Ցեղասպանութեան թեմայով հեղինակած գործը այնքան հարազատ հնչէ ոչ միայն գրող մտաւորականութեան, այլ առաւել եւս ժողովրդային լայն խաւերուն, որոնք երկար շարք մը կազմելով հեղինակին մակագրել կուտային հարիւրէ աւելի քանակութեամբ սպառած հատորները: Վաղուց ականատես չէինք եղած նման ակնահաճոյ երեւոյթի մը: , ՔՀԳՄիութեան հովանաւորութեամբ կատարուած գրական երեկոյին իրական հերոսը՝ մեր կարծիքով գրողին որդին էր, Տօքթ. Յակոբեան, որ ոչ միայն ուղղակի քաջալերած էր հօրը գրողական նկրտումները, այլ անոր երկը անգլերէնի թարգմանելով հայերէն բնագրին հետ միեւնոյն ժամանակ հրատարակութեան արժանացուցած:: Ամէն հայ հեղինակ կ՛երազէ այդպիսի նուիրուած զաւակ մը ունենալ, հայ գրողի փշոտ ճանապարհը կիսելու: Այստեղ չենք մատնանշէր բժիշկ՝ Յակոբեանի գովնտի միւս զոհողութիւնները... Շնորհահանդէսին բացումը կատարեց հեղինակին որդին ու ներկաները ջերմօրէն ողջունելէ ետք, ամպիոնը յանձնեց օրուան հանդիսավարԿլէնտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի քարտուղար՝ Արտաշէս Քացախեանին, որ անգլերէն ու հայերէն լեզուներով վարեց հանդիսութիւնը: Անիկա բեմ հրաւիրեց գիրքը խմբագրող ծանօթ խմբավար-երաժշտագէտ ու բազմաթիւ հատորներու հեղինակ՝ արձակագիր Հէնրիկ Անասեանը:, որ իրեն յատուկ անմիջականութեամբ, յախուռն ձեւով նկարագրեց գրքի հեղինակին եր կունքի ահաւոր ցաւերն ու վէպին ծննդոցը: Ապա հանդիսավարին հրաւէրին ընդառաջելով, Յ Յակոբեանին նոր հատորը ՔՀԳՄիութեան անունով համապարփակ քննարկման ենթարկեց գրող հրապարակագիր՝ Պօղոս Գուբելեան: Անոր խօսքը կարդալ Ասպարէզի Երեքշաբթի Ապրիլ 17 թիւին մէջ: Սիրուած դերասանուհի՝ Շաքէ Թուխմանեան իր կարգին հատուածներ կարդաց ներկայացուող հատորէն: Ողջոյնի խօսքով ու անգլերէն հատորէն ընթերցանութեամբ ելոյթ ունեցաւ հեղինակին որդին՝ Տօքթ. Յակոբեան::: Հանդիսավար Քացախեան, ծափերու տարափին տակ, բեմ հրաւիրեց Գրողներու Միութեան Նախագահը, ողջոյնի խօսքը ըսելու:Գրիշ Դաւթեան ջերմօրէն շնորհաւորեց հասուն գրողի երախայրիքը հանդիսացող ներկայ գործին հրատարակութիւնը եւ պաշտօնական հրաւէր յղեց հեղինակին գալու ՔՀԳՄ շարքերը ստուարացնելու: Հուսկ ուրեմն բեմ հրաւիրուեցաւ գրքին երեւութապէս յուզուած, ալեհե՛ր հեղինակը: Անիկա մեծապէս ազդուած բազմամարդ հասարակութեան մօտ վէպին գտած ժողովրդականութենէն, սրտաբուխ ջերմ խօսքերով պատմականը ըրաւ եւ լոյս սփռեց վէպին առանցքը կազմող եւ զինք յառաջացած տարիքին գրելու մղող դէպքերու ներքին տինամիզմին: Ըստ ԿՀԳ Միութեան թղթակցութիան, հանդէսի աւարտին ներկաները վայելեցին ճոխ հիւրասիրութիւնը երբ հեղինակը դեռ երկար ատեն գլխահակ կը մակագրէր ներկաներուն յափշտակած օրինակները:
Նոյյան տապան  -   Նոր գրքեր