Լույս է տեսել Գալուստ Պապեանի «Ներաշխարհիս Ոսպնեակէն» գիրքը


Լույս է տեսել Գալուստ Պապեանի «Ներաշխարհիս Ոսպնեակէն» գիրքը

  • 24-05-2012 11:54:01   | Կանադա  |  Մշակույթ
Հովանաւորութեամբ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան, Թորոնթոյի Գլաձոր մասնաճիւղին, լոյս տեսած է Գալուստ Պապեանի «Ներաշխարհիս Ոսպնեակէն» սեւ-ճերմակ լուսանկարներու հաւաքածոն որ տարածուած է 324 մեծադիր էջերու վրայ: Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Համազգայինի «Յարութիւն Մանուկեան Գրադարանի Գրատարած»ի յանձնախումբին՝ Մայիս 3ին տեղի ունեցաւ սոյն գրքի շնորհահանդէսը: Օրուան հանդիսավարն էր գրատարածի աշխոյժ անդամներէն Տիկ. Արշօ Զաքարեան: Արուեստագէտը եւ իր գործը ներկայացուց Թորոնթոյի թատրոնի վաստակաւոր բեմադիր Հրանդ Ալեանաք, խօսք առաւ նաեւ շարժարուեստի հռչակաւոր բեմադիր Ատոմ Եղոյեան, որ գրքին անգլերէն ?լեզուով յառաջաբանը գրած էր: Թորոնթոյի գրատարածի պատմութեան մէջ բնաւ չէր պատահած որ այսքան մեծ թիւով գրասէրներ ներկայ գտնուէին գրքի մը շնորհահանդէսին, ընդհանրապէս թիւը 30-60 հոգին չէր անցներ, բայց այս պարագային երկու հարիւրը անցած էր: *** Պապեանի «Ներաշխարհիս Ոսպնեակէն» գիրքը կը բաղկանայ երեք մասերէ. ա - Սփիւռքահայ մտաւորականներ, արուեստագէտներ, ազգային գործիչներ եւ հանրածանօթ դէմքեր: բ - 1980ի Սովետական Հայաստանի մտաւորականները, արուեստագէտներն ու ժողովուրդի զանազան խաւերը, որոնց մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն մանուկները: գ- Երրորդ մասը ամբողջութեամբ նուիրուած է աշխարհահռչակ շարժարուեստի բեմադիր Սերկէյ Փարաճանովի: Պապեան գտած էր զինք եւ լուսանկարներու շարք մը առած էր որոնք դարձած են մեծ հանճարը ներկայացնող լաւագոյն նկարները: Այս մեծածաւալ գործին արժէքը միայն լուսանկարչական արուեստի գնահատականը չէ, այլ նաեւ գրքին մէջ տեղ գտած լուսանկարներէն ոչ մէկը կարելի է այսօր փոխարինել, իւրաքանչիւր նկար կը ներկայացնէ անձ ?մը, ժամանակաշրջան մը կամ մթնոլորտ մը որ անցեալին կը պատկանի, Պապեան ժամանակի մէջ սառեցուցած եւ պահած է դէմքեր որոնք արդէն չկան, ինչպէս օրինակ՝ Արամ Հայկազի, Յակոբ Կարապենցի, Երուանդ Խաթանասեանի նկարները, Սովետական Հայաստանի հաւաքածոյի նկարները անկրկնելի են, յստակօրէն կը ներկայացնեն ժամանակաշրջան մը որ այսօր անցեալի մշուշին մէջ պարուրուած է, իսկ Փարաճանովի նկարները անգնահատելի հաւաքածոյ մըն են: Այս գիրքը իբրեւ արխիւ մեծ արժէք ունի ապագայ բանասէրներուն համար, հոն ներկայացուած դիմանկարները մասնաւորաբար սփիւռքահայ դէմքերու պարագային, յաճախ գոյութիւն ունեցող միակ լուսանկարներն են որ այս գրքին միջոցաւ մատչելի պիտի ըլլան Սփիւռքահայ արուեստի պատմութիւնը ուսումնասիրողներուն համար: Իբր ազգ շատ անփոյթ եղած ենք արխիւներու նկատմամբ եւ ինչ որ այսօր գոյութիւն ունի, անհատներու աշխատանքով մէջտեղ եկած է, յոյս չունիմ որ մօտ ապագային այս թերութիւնը պիտի սրբագրուի, ճիշդ այդ պատճառով այս գիրքը իր մնայուն արժէքը պիտի ունենայ որպէս արուեստի գործ եւ ժամանակաշրջանի մը ականատեսի վկայութիւնը: Գիրքը կը սկսի «Սփիւռքահայ Համաստեղութիւն» խորագիրը կրող բաժինով: Ամէն նկարի տակ Պապեան գրած է այդ անձը ներկայացնող հակիրճ բացատրական մը եւ իր կապակցութիւնը այդ անձին հետ՝ հայերէն լեզուով, որուն անգլերէն թարգմանութիւնը կատարած է Արիս Սեւակ: Գրքին խմբագրութեան պատասխանատուն եղած է Վրէժ-Արմէն Արթինեան իսկ էջադրումը եւ նկարները տը,?պագրութեան համար պատրաստելու բծախնդիր աշխատանքը կատարած է Արա Տէր Յարութիւնեան: Յատկանշական եւ կարեւոր կէտ մը պէտք է շեշտել, թէ այս գրքին մէջ տեղ գտած նկարները Պապեանի անձնական ծանօթութիւններու եւ բարեկամութիւններու արդիւնք եղած են եւ այդ նկարներէն որեւէ մէկուն համար լուսանկարիչը վճարում չէ ստացած, սիրոյ եւ նուիրումի աշխատանք մը կը ներկայացնէ այս գիրքը եւ այդ պատճառով լուսանկարիչը կը փութայ յիշեցնելու թէ սփիւռքահայ մտաւորականներու շարքը ամբողջական ըլլալու յաւակնութիւն չունի, որովհետեւ բաղկացած է այն անհատներէն որոնց հետ ինք անձնական կապեր ունեցած է: «Հայաստանը 80ականներուն» նկարներու շարքը կը սկսի առաջին էջին վրայ Երեւան քաղաքի մայրուղիի ցուցանակով եւ երկրորդ էջին վրայ կը կարդանք «Երեխաները մեր Ապագան են» լոզունգը՝ Յաղթանակի Այգիի մէջ գտնուող ցուցատախտակի մը վրայ որմէ ետք կը սկսի մանուկներու նկարներու շարք մը, մանուկներ որոնց հանդէպ նկարիչին տածած ջերմ զգացումները ակնյայտ են: Ապա կը սկսի մայրաքաղաքի եւ երկրի զանազան շրջաններէն նկարներ որոնց մէջ միշտ մարդ արարածը ներկայ է, զուտ տեսարաններէ բաղկացած նկարներ չկան, մարդն է նկարին կիզակէտը, ատիկա հաւանաբար այս գրքին գլխաւոր յատկանիշներէն մէկն է, յատկապէս Հայաստանի պարագային որովհետեւ ուրիշ նկարիչներ յաճախ կեդրոնացած են եկեղեցիներու եւ տեսարաններու վրայ: Այս բաժնի բոլոր նկարները շատ անմիջական են եւ Պապեան նկարած է մարդիկ իրենց առօրեային ընթացքին: Բաժինը կ?ամբողջանայ հայրենի մտաւորականներու նկարներով որոնց մէջ կը գտնուին դէմքեր, ինչպէս օրինակ՝ Մուշեղ Գալշոյեան, Համօ Սահեան, Հրանդ Մաթեւոսեան, Վարդգէս Պետրոսեան եւ ուրիշներ: Այս նկարերը ակնբախ են իրենց անմիջականութեամբ. պաշտօնական դիմանկարներ չկան, Պապեան կրցած է ենթական բնորոշող պատկերներ բռնել իր անձնական ջերմութեամբ անոնց հետ կապեր ստեղծելով: «Նռան Մշտավառ Գոյնով» բաժինը ամբողջութեամբ նուիրուած է շարժարուեստի հանճարեղ բեմադիր Սերկէյ Փարաճանովի: Պապեան այս շարքը նկարած է երեք ժամուան հանդիպումի մը ընթացքին, որուն համար նախապէս կարգադրութիւն չէր եղած: 80ական թուականներուն, «Ինթուրիստ»ի դէպի Հայաստան շրջապտոյտները անպայման Մոսկուայէն կը սկսէին եւ վերադարձին Լենինկրատէն կամ Թիֆլիսէն կ?անցնէին, դարձեալ Մոսկուա: Ուրեմն Պապեան Թիֆլիսի իր երկու օրուան կեցութեան ընթացքին քանի մը ազատ ժամերը օգտագործելով՝ գացած է Փարաճանովի տունը եւ ինքզինք ներկայացուցած է, եւ կ?ըսէ թէ իր ասպարէզին ամենէն յիշատակելի ու հարստացնող օրը ապրած է զայն նկարելու պահուն: Փարաճանով որ տան մէջ կալանքի տակ կը գտնուէր, զինք նկարելու առաջարկին վրայ նախ քիչ մը տատամսած է սակայն ետքը այնքան խանդավառուած է որ նկարներուն մէկ մասը ինք «բեմադրած» է: Այնտեղ զինք կը տեսնենք զանազան տարազներ հագուած եւ իր տան պատերուն կախուած կերպարուեստի անհամար խորհրդանշական իմաստ ունեցող նմոյշներուն առջեւ կեցած: Չափազանց տպաւորիչ եւ յուզիչ է Փարաճանովի այն նկարը ուր ան երկաթէ ճաղերու ետեւ կեցած դէպի դուրս յառած է իր նայուածքը: Երբ Պապեան բեմ բարձրացաւ, իր սրտի խօսքը ըսելու՝ ներկաները յոտնկայս ծափահարութիւններով ողջունեցին զինք: Տարիներու լուռ աշխատանքը վերջապէս իր արդար գնահատականը ստացաւ: Սուրէն Չէքիճեան Թորոնթօ Մայիս 14 «ՆՅ»
Նոյյան տապան  -   Մշակույթ