ՄՈՎՍԷՍ ՊՉԱՔՃԵԱՆ ԳՐՈՂԸ


ՄՈՎՍԷՍ ՊՉԱՔՃԵԱՆ ԳՐՈՂԸ

  • 24-11-2012 08:00:51   | Ֆրանսիա  |  Գրական էջ

Ռոմէն Ռոլան (1866-1944) Նոպէլեան գրական մրցանակին արժանացած այս աշխարհահռչակ ֆրանսացի գրողը, մտաւորականը, տեղ մը ըսած է, թէ «Գրական գործի մը ճշմարիտ արժէքը կեանքին իրական պատկերը տալուն մէջ կը կայանայ»։ Ու կը շարունակէ ան, ֆրանսահայ երիտասարդ գրողի մը սրտանց թելադրելով. «Կեանքը գրէ պարզ կերպով, ճիշդ այնպէս ինչպէս որ տեղի կ՚ունենայ ան»։

Մովսէս Պչաքճեան, սկիզբէն, հաւատարիմ մնացած է Ռոլանի տուած թելադրանքներուն, ապացոյց, որ իր ցարդ մշակած գրականութիւնը պատկերացումն է իր ապրած կեանքին, ըլլայ Սփիւռքի մէջ ու մասամբ ալ Հայաստանի։
Պչաքճեան, առանց այլեւայլի, ներկայ հայ գրականութեան Սփիւռքի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն է, որ ներկայիս Փարիզ բնակելով եւ հոն իր ապրած կեանքը վերարտադրելով եւ անոր իմաստ մը տալով կ՚արժեւորէ զայն, միշտ իր անձնական պրիսմակէն դիտած եւ անոր ընդմէջէն ալ ընկալած։
Մովսէս Պչաքճեանի գրականութիւնը, ժամանակին, Փարիզի «Մենք»ի սքանչելի տղոց սկսած կեանք-գրականութիւն զուգորդութեան շարունակական հաւատարիմ շառաւիղն է, հոգեկան եւ մտային տարբեր ապրումներով ու տարբեր մօտեցումներով պարփակուած։ 
Պչաքճեան կու գայ անգամ մը եւս փաստելու, թէ կեանքը յարատեւ յառաջդիմութեան մէջ է։ Ուրեմն, յարատեւ յառաջդիմութեան մէջ պէտք է ըլլայ նաեւ գրականութիւնը։ «Գրականութիւնը պէտք է ներշնչուի մեր ապրած կեանքէն», գրած է ժամանակին Գրիգոր Զօհրապ։
Կեանքին մէջ ճշմարիտը որոնելը եւ զայն առանց վարանումի ընթերցողին յայտնելը, ամէն գրողի առաջնահերթ նպատակը պէտք է ըլլայ ու պարտականութիւնը։ Առանց այդ որոնումին գրականութիւն գոյութիւն չունի։ Իսկ եթէ իրական չես եւ ճշմարտութիւններ չես գրեր, վստահ եղիր, թէ օր մը, ուշ կամ կանուխ, արտադրած գրականութիւնդ պիտի լքէ քեզ, գործդ մոռացութեան փոշիներուն մէջ նետելով։ Հոս, պէտք է ընդունինք նաեւ թէ գրողին երեւակայութիւնը մեծ դեր կը խաղայ կեանքի ճշմարտութիւնը ներկայացնելու գործին մէջ, որ պէտք չէ սանձարձակ ըլլայ, այլ պէտք է զսպուած ըլլայ ու ղեկավարուած։ Պչաքճեան շատ լաւ ըմբռնած է այս իրականութիւնը, որովհետեւ ցարդ ինչ որ գրած է, ճշմարտութեան սահմաններուն մէջ է։
Ըսուած է ու գրուած, թէ արժէքաւոր ամէն գրողի գործին մէջ իր ազգի ոգին է, որ կը յայտնուի, երբեմն թաքուն ու երբեմն ալ բացայայտ կերպով։ Առանց այդ ոգիի ցուցաբերման չկայ գրականութիւն, չկայ արուեստ եւ չկայ մշակոյթ։
Հոս, իր բովանդակ գործը վերլուծելու եւ փաստացի տուեալներով խօսելու տեղը չէ։ Այսօր, իր ցարդ հրատարակած գիրքերուն ամբողջական, հայաստանեան վերահրատարակումին առիթով լոյս տեսած առաջին հատորին շնորհահանդէսն է, որ անկասկած գեղատիպ է ու լաւ ձեւաւորուած։
Երեւանի «Հայաստան» հրատարակչութեան կողմէ Պչաքճեանի ցարդ ամբողջական գործին հրատարակուած առաջին հատորին մէջ երեք ստեղծագործութիւններ կան։ Առաջինը, «Բարեւ Հայաստան» խորագիրն ունի, որ երկար տարիներ առաջ հրատարակուած է Պէյրութի մէջ։ Փորձագրութիւն մըն է այս փոքրածաւալ հատորը, որ կարծես մեր օրերուն գրուած ըլլար եւ ոչ թէ երեսունհինգ տարիներ առաջ, Սովետական Հայաստանի տարիներուն։ Այս գրքին մէջ, հաւաստի դէմքերու բերնով ու փաստացի տուեալներով կը խօսուի Սփիւռքի բնական այլասերումին, օտարացման, քաղքենիացման, ազգային տեղատւութեան եւ նոյնանման անխուսափելի նահանջներու մասին։ Իսկ Հայաստանէն արտագաղթողները կը խօսին Հայաստանի մէջ այդ տարիներուն գոյութիւն ունեցող տականքային ունակութիւններու մասին, որոնք ապրելակերպի եւ գործառնութիւններու գէշ սովորութիւններ դարձած էին սովետական առաջին տարիներէն սկսեալ եւ կեանքի եւ ստացուածքի անապահովութիւն, իրարու հանդէպ անվստահութիւն, գործելակերպի խաբեբայութիւն, դաւաճանութիւն եւ ամենէն կարեւոր տականքը, կաշառակերութիւն, եւայլն եւայլն, որոնք անհաւատալի կերպով, դժբախտաբար, մինչեւ օրս գոյութիւն ունին մեր հասարակական ու պետական համակարգին մէջ։
Ու այս բոլորին տեղեկանալով ակամայ կը մտաբերեմ. ադեօք ներկայիս ձերբազատուա՞ծ ենք սովետական համակարգէն։ Շուրջս նայելով, կարդացածներուս, լսածներուս եւ տեսածներուս համաձայն՝ վստահ չեմ։
«Ինչո՞ւ հայկական հիւանդագին այս բարդոյթը» կը գրէ Պչաքճեան իր «Բարեւ Հայաստան» գրքին մէջեւ ինչո՞ւ այսքան տանջանք է Հայ ըլլալը։ Ինչո՞ւ մնայուն երկունք է հայկական գիտակցութիւնը։ Ինչո՞ւ մենք ալ պիտի չունենանք խաղաղ դիմագիծեր, վճիտ նայուածքներ, ապրինք ու աշխատինք աշխարհի սովորական բոլոր քաղաքացիներուն պէս։ Լռենք ու խօսինք, երգենք ու սիրաբանինք ոեւէ մէկու նման»։ Ու արդարացի կերպով, իր մտորումները, որոնք ճշմարտախօսութիւններ են, կ՚եզրափակէ հետեւեալ մտքերով. «Ե՞րբ, իսկապէս ե՞րբ պիտի վերածուինք սովորական ժողովուրդի մը, սովորական քաղաքացիներով, սովորական վաճառականներով, գրողներով ու բանուորներով, գիտնականներով եւ ուսուցիչներով։
«Ե՞րբ պիտի դադրինք դաւաճաններ փնտռելէ, դասալիքներ որոնելէ, մեղադրանքներ տեղացնելէ։ Ե՞րբ պիտի հրաժարինք նոր հպատակութիւններ փնտռելէ ու ե՞րբ պիտի ունենանք նոյնութիւն մը ազգութեան եւ հպատակութեան։
Ե՞րբ...»։
Խնդրեմ ե՞րբ... պիտի շեշտէի նաեւ ես։
Հոս, առաջին հատորին մէջ միատեղուած, երկրորդ գիրքին անունն է «Կեռասի ժամանակէն առաջ եւ վերջ»։ Տասը պատմուածքներ ունեցող այս գիրքը, գրեթէ երեսուն տարիներ առաջ, հրատարակուած է Փարիզի մէջ։
Այս գրքով օտար մայթերու վրայ կը շրջագայի հեղինակը, օտար անուններ կրող այրերու եւ կիներու առօրեայ կեանքը ներկայացնելով ընթերցողին, որոնց շարքին կան նաեւ հայկական անուններ ունեցող քանի մը տիպարներ։ Օտար քաղաքներու կեանքն է, որ կը ներկայացուի մեզի իրական պատկերներով։ Բնական է, որ սփիւռքահայ գրողը չի կրնար խուսափիլ այդ կեանքէն, որքան ալ որ անցանկալի ըլլայ ան։
Նոյն հատորին երրորդ գործը վէպ մըն է, «Ծիծեռնակները պիտի չսարսափին խրտուիլակներէն» խորագրով, որ առաջին անգամ հրատարակուած է Փարիզի մէջ, քսաներկու տարի առաջ։
Համամարդկային կոչուելու արժանի վէպ մըն է այս մէկը, որ նոյնիմաստ արժէք կը ներկայացնէ, որովհետեւ սփիւռքահայ գաղթական ու բնական ընտանիքի մը, ողբերգական կեանքը կը պատկերացնէ ան, իրական իրադարձութիւններով պարուրուած, առանց վերացական ու անճշգրիտ գաղափարներու, մտորումներու մէջ մխրճուած ըլլալու։
Այս վէպը, մարդու կեանքին նման, ունի իր գլխաւոր բաժանումները։ Ունի Մուտք, ունի Միջնարար, ունի Մահ, ունի Հաշուեկշիռ եւ ունի Նախա-Վերջաբան, առանց վերջաբան ունենալու։ Պչաքճեան այս վէպին մէջ կը շեշտէ թէ, ինչպէս հայրենիքի մը անկախութիւնն ու ազատութիւնը չեն պարտադրուիր, այլ կը շահուին, նոյնն է պարագան նաեւ անմահութեան ու յաւիտենականութեան, որոնք իսկապէս վերջաբան չունին։
Պչաքճեան, մեզի ծանօթ ու արժէքաւոր, արդի հայ գրականութեան պատկանող ուրիշ գրողներու նման, Սփիւռքի մէջ կազմաւորուած է։ Հալէպ, Պէյրութ, Փարիզ, ուր կ՚ապրի քառասուն եւ աւելի տարիներէ ի վեր։ Հոն է, որ ստեղծագործած է իր գրական վաստակին մեծագոյն մասը։ 
«Ծիծեռնակներուն» մէջ տեղ մը գրած է ան, թէ «Անցեալը պէտք չէ խանգարէ ներկան։ Ու մանաւանդ ապագան»։ Պչաքճեանի գրական անցեալը, ներկայիս, առանց որեւէ խանգարումի ու այլափոխումի, նոյնութեամբ եւ բնագրերու հաւատարմութեամբ, կը հաստատուի մեր մայր հայրենիքին մէջ, ուր ամէն Հայու իսկական ու վերջնական բնակարանն է։ Հայօրէն ապրելու տեղը։ Պչաքճեան տեղ մը գրած է. «Երբ հայրենիքիդ մէջ չես ապրիր, աշխարհին մէջ կ՚ապրիս, իսկ աշխարհը չի կրնար տուն ըլլալ, Հայրենիք ըլլալ»։ Իր անցեալին եւ ինչու չէ, նաեւ իր ապագային կը մաղթեմ, որ մեր հայրենիքին մէջ, ան ունենայ մնայուն եւ տոկուն կեցութիւն։ Ըստ իս, սփիւռքահայ բախտաւոր գրողն է Պչաքճեան, նախանձելի ըլլալու աստիճան։
Նախքան աւարտելս գնահատանքի երեք խօսք ունիմ ըսելիք։
Առաջինը, Ռալֆ Յիրիկեանին, «Վիվասել-ՄՏՍ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնին, այս եւ այլ հատորներու հովանաւորութիւնը ստանձնած ըլլալուն համար։
Երկրորդը, Երեւանի «Հայաստան» հրատարակչութեան տնօրէնին, Վահագն Սարգսեանին, որ յանձն առած է Պչաքճեանի ամբողջական գործին վեց հատորներով հրատարակութիւնը։
Երրորդը, Մովսէս Պչաքճեանին, որ այս հատորէն գոյացած գումարը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրէ (եւ սկսած է արդէն տրամադրել), Սուրիահայութեան օգնութեան հասնող, «Օգնիր Եղբօրդ» հիմնադրամին։
Բոլորին վարձքը կատար։ Երբեք չմոռնանք. երբ կը խօսինք, կը քարոզենք։ Բայց երբ կը գործենք, կը համոզենք։ Ներկայիս ամէն տեղ ու մանաւանդ Հայաստանի մէջ, համոզողներու պէտք  ունինք։
 
Մարգար Շարապխանեան
ՆՅ
 
Նոյյան տապան  -   Գրական էջ

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play