ԽՄԲ.- Այս տարուան Մարտ 24ին, Մանտըլիէօյի մէջ ուր կ՚ապրէր տարիներէ ի վեր, կեանքէն հրաժեշտ կ՚առնէր գաղութիս ծանօթ մտաւորականներէն, «Յառաջ»ի նախկին խմբագիր ու աշխատակից, ազգային գործիչ Ժիրայր Միրիճեան:
Այս տողերը, զորս երկու մասով կը ներկայացնենք, ծաւալուն ինքնակենսագրականի մը ձեւով գրի առնուած են իր՝ ողբացեալին կողմէ 2008 Յունիս 12ին, եւ ցարդ մնացած են անտիպ: Իր այրին՝ Ալիս Միրիճեան, ազնուօրէն մեզի տրամադրեց բնագիրը, զոր կը հրատարակենք ի յարգանս իր թարմ յիշատակին:
Զիլ ճիչով աշխարհիս լոյսը դիմաւորելու թուականս, պաշտօնական գիրով 1928 Փետրուար 1ն է: Վայրն ալ բուրգերու երկրին հանրայայտ մայրաքաղաքը՝ Գահիրէ, առաւել ճշդիւ՝ ասոր մէկ մօտիկ արուարձանը Հելիոպոլիս, տեղական լեզուով Մասր-էլ-Կէտիտա, Նոր Եգիպտոս:
Հաստատ իրողութիւն է, թէ մարդոա բարոյական նկարագիրին ձեւաւորման, ասոր մտաւոր ու հոգեւոր դէմքին կազմաւորման, կաղապարման ազդու գործօնները - բառը առնել իր ազնուագոյն իմաստովը - երեք են: Տուն, դպրոց եւ, յարակցական կարգով միջավայր : Բոյնս, հո՛ն ուր նորածիլի ձայնս հնչեց, թէկուզ կակազ եւ թլուատ, իսկական ըմբռնումով հայադրոշմ էր, հայաբոյր տուն-տեղով: Զի բարբառս հնչեց հայերէն՝ ծնունդէս մինչեւ մնաք բարեաւի այնչափ յուզիչ եւ, միանգամայն, այնքան սրտայոյզ պահը...
Առջինեկ կրթարանս՝ մանկապարտէզ եւ նախակրթարան, ներկայանալի արտաքինով պատկառելի շէնք մըն էր՝ Նուպարեան անուամբ: Մայրենիով տաքուկ բոյներ էին կարծես մեր դասարանները՝ երեքը մանկապարտէզի, հինգ կարգերն ալ նախակրթարանի բաժնին մէջ: Այս պահուս աչքիս առջեւ կը պատկերանան այնքա՛ն յարգելի ու մեծարելի դէմքեր՝ ոմանք ժպտերես, ոմանք կախերես, այլ սակայն բոլոր պարագաներուն ալ բծախնդիր, խստապահանջ դաստիարակներ: Հոյլին մէջ կ՚առանձնացնեմ իմ հայերէնի ուսուցիչս: Յիրաւի, Բենիամին Թաշեան, որուն աշակերտելու բախտը ունեցած եմ Նուպարեան Ազգ. Վարժարանը, կ՚ուզէր որ զգանք, ըմբռնենք սա մնայուն ճշմարտութիւնը: Մեր Մայրենին ո՛չ միայն անկորնչելի դրամագլուխ մըն է, այլեւ ամենակալ վեհապետ մը մեզի համար: Չէր վարաներ եւ յաճախ կը կրկնէր, թէ Հացեկացի Սուրբին յօրինած այբուբենը ամբողջ կայսրութիւն մը կ՚արժէր մեզի համար: Մշտատեւ եւ մշտավառ ջահ մըն էր ասիկա: Լուսափայլ, անկասկած:
Կասկածէ դուրս է, թէ յատկապէս մեր պատանեկան եւ վաղ երիտասարդական տարիներուն եւ, ա՛յն ալ արեւելեան կողմն յԱշխարհի, մեր ակումբները մէյ-մէ՛կ կեդրոնավայրեր կը դառնան սերունդներու հայակերտումին համար: Հոգեւին ու մտովին: Առջինեկը, ա՛յն որ իմ աղուամազ բուսած պատանեկան տարինիրուն հանդիպեցաւ, Նաւասարդ ակումբն էր, անհրապոյր համալիրի մը նոյնքան անհրապոյր մասնաշէնքի մը ընդարձակ յարկը: Հոն կեդրոնացած էր Յուսաբեր օրաթերթի խմբագրատունը, վարը՝ թերթին տպարանը: Ակումբը ունէր իր փոքր հանդիսասրահը, անշուք գրադարանը, քանի մը սենեակ իբր ժողովատեղի... Բարեբախտաբար, տարիներ ետք, 1950ին, ունեցանք Յուսաբերի բազմայարկ շէնքը: Այս անգամ ընդարձակ թատերասրահ, օժտեալ՝ բեմի բոլոր յարմարութիւններով, հարուստ գրադարան, ժողովատեղիներ, տպարան եւ պաղպաջուն դալար տանիք: Ուրեմն, նոր վառարան: Յիրաւի:
Գիրքը սնուցիչ մայր: Վկայութիւնը այնքա՛ն ճիշդ:
Իրօք, այն մեր ժամանակներուն, այդ մեր չոր ու ցամաք ծննդավայրին մէջ, ընթերցումը կեանքիդ յանկուցիչ էջերէն մին կը կազմէր: Կարեւորներու շարքին կը դասուէր: Պարզօրէն, պարտադիր կը նկատուէր կարգ մը հեղինակներու անուանց թւումը - Րաֆֆի, Ծերենց, Մուրացան, Ահարոնեան... այնուհետեւ շարքը կ՚երկարէր տարիքի բերումով: Անշուշտ, ասոնց գրչին հայող գլխաւոր երկերը մաս կը կազմէին ընթերցուածներուն:
Հիմա որ ընթերցուած գիրքերու ճամբով հին անոյշ օրերը կը վերյիշենք: Հիմա որ թափ տալով մեր յիշողութեան, անցեալի էջերէն երանելի պահեր կը փորձենք առանձնացնել, չենք կրնար անտեսել մեր Յուսաբերը: Արդարեւ մերը, քանի երեսիդ վրայ հազիւ հազ երեւցող աղուամազէդ մինչեւ կարգ-կանոնով սափրուելու ելած օրդ եւ, դեռ անդին, ուրեմն տասնամեակներ շարունակ եւ, անընդմէջ, տանդ քովի հացագործէն գնած հանապազօրեայ թարմ հացին պէս, ասիկա ալ պէտք է լափէիր... Բայց, զգո՜յշ, այս մէկը բաց աչքերով..: Իսկապէս, թերթը մեզի համար եղաւ ու մնաց օրուան սնուցիչ հացը: Շաղուած համ-հոտ ունեցող թթխմորով: Կրկին հաստատենք: Մեզի նման հասակ նետող տղոց համար այս թերթը դարձաւ մեր նախնեաց պատմութեան, ադամանդի տաշուած երեսներով ներկայացող մեր մշակոյթին, մեր չքնաղ հայաշխարհին ծանօթացման անփոխարինելի գանձարանը: Աւելին՝ դարձաւ ազգային-ընկերային հաստատ գաղափարներ սերմանող պատգամաբերը: Անփոխարինելի բեմը կշռտադատ միտքերու, հոգեցունց խռովքներու:
Այլ, մանաւանգ թերթին հիմնահարցը, այնչափ կարեւոր՝ նորահասներուս համար: Դատափետումներու, սրբագրումներու, մատնանշումներու եւ յիշեցումներու ճամբով միշտ պաշտպանել մեր Մայրենին, ընդդէմ՝ լեզուն մրոտող գրչակներու, ընդդէմ՝ լեզուի փերեզակներու:
Որպէսզի Մեծասքանչը մեր, միշտ բազմի իր ոսկեկուռ պատուանդանին վրայ:
***
ՍԷՆԻ ԱՓԻՆ - ՓԱՐԻԶ
Երբ 1960ին հրաւիրուեցայ Յառաջ ստանձնելու սկիզբը՝ փոխ եւ, այնուհետեւ, լրիւ պաշտօնը խմբագրի, միտքէս չէր անցներ, թէ Ռիւ տը Թրէվիզի սա անշուք եւ անզարդ խմբագրատունը, թերթի մը անմիջական շրջագիծէն դուրս ելլելով, շատոնց դարձեր է կեդրոնատեղի Ազգային հիմնարկութիւն նկատուող «Յ»ի, ի Ֆրանսա: Նոյնպէս հեղինակաւոր անուն՝ սփիւռքեան տարածքին:
Ասիկա՝ արտասահմանեան հայ մամուլի տարեգրութեան մէջ նշանակելի երեւոյթ է: Բացառիկ, անկասկած:
Ի՜նչ խօսք, որ անփորձ գրչիս համար խմբագրի սեղանը փութով կը դառնայ դարբնոց, բառին ըմբռնելի ազնիւ իմաստով: Իսկապէս, իմ երբեմնի հայերէնի ուսուցիչէս ետք, ահա՛, այժմ գլխուս վերեւ կը նշմարեմ խոժոռ եւ ազգու, խորքի՛ն մէջ թելադրիչ ժպիտով օժտեալ դէմքը հիմնադրին՝ Շաւարշ Միսաքեանի: Հայ մամուլի տիտանին, որ Պոլսէն Գաւառ, հայրենի հանդ ու անդաստանէն մինչեւ լպրծուն պողոտաները սա Փարիզի, անսովոր տենդով, արտասովոր կիրքով փարեցաւ ու սիրեց, փայփայեց ու պաշտեց մեր բոլորիս չքնաղ Մայրենին: Եւ, մարտունակ ջիղով պայքարեցաւ, - տիւ եւ գիշեր - Մայրենին աղճատող անոպայ փերեզակներուն դէմ: Ե՛ւ դատափետեց, ե՛ւ սրբագրեց ու մանաւա՛նդ ճշդեց: Յիրաւի, դարձաւ թէ՛ խստապահանջ ոստիկանապետ լեզուի, թէ՛ մեծահոգի ուսուցիչ՝ թերխաշ գրիչներու:
Հոս գուցէ առիթն է վկայելու, թէ թերթին վաստակաւոր հիմնադրին դուստրը՝ Արփիկ, բառին ազնուագոյն ըմբռնումով՝ խնամոտ ձեռքով, գուրգուրոտ սրտով եւ նուիրումի անբաւ ոգիով կը վարէ մեր Յառաջը, իր հօր անդարձ մեկնումէն ասդին: Ես զինք տեսայ միշտ պատնէշի (իմա՝ խմբագրապետի սեղանին) վրայ, ինչպէս պիտի ըսէր ոեւէ արիասիրտ մարտիկ: Զգօն՝ դատումով, խոհուն եւ շրջահայեաց մտածումով եւ որոշումով, գիտցաւ (կը շարունակէ դեռ առ այսօր) պահել-պահպանել Յառաջեան մթնոլորտ մը, ոգի մը՝ անջինջ, անեղծ: Թարգմանի՝ պաշտամունք Հայ Լեզուի:
Բարեբախտ զուգադիպութեամբ, խմբագրի սկսնակ տարիներուս, ես իմ կողքիս ունեցայ թերթին հիմնադրին արժանաւոր յաջորդներէն աւագը՝ Շաւարշ Նարդունին:
Հաստատեմ, թէ մեծ Շ.էն ետք, - եւ ըսենք նաեւ անոր հետ - Շաւարշ Նարդունի եղաւ այն մարտնչող գրագէտը, որ իր ճանկերը լայն բացած մենամարտի ելաւ մերօրեայ դրուժաններուն դէմ, ճակատ յարդարեց «Տիրոջ Այգի»ին, մասնաւորաբար արեւմտեան հատուածին մէջ իրենց նախիրը արածելու հանած անոպայ հօտաղներուն դէմ:
Արդէն պարզ կը դառնայ, թէ աշխատելով այսպիսի միջավայրի մէջ, նման մթնոլորտի մէջ, սրբագրութեանց եւ բացատրութեանց, ցուցմունք-ճշդումներու ճամբով մեր գրիչը սկսնակ ու անփորձ, աստիճանաբար կը կաղապարուի, կը յղկուի, գոյն ու դիմագիծ կը զգենու:
Կենսագրական բնոյթի սոյն տողերէն դուրս կը մնան խմբագրի աշխատանքիս հայող ի՜նչ-ի՜նչ մանրամասներ: Զանոնք՝ այլ պատեհ առիթով: Հոս մատնանշումի կարգով ներկայացնենք երկուքը միայն: Բնականաբար՝ հիմնականները, կարեւորները: Կը մասնագիտանամ հայաստանեան, այդ օրերուն՝ Խորհրդային-Սովետական ԿԵԱՆՔին: Եւ ուշի-ուշով կը հետեւիմ խորհրդահայ պարբերական մամուլին, քովընտի աղբիւրներուն: Հետեւողական՝ կ՚ուսումնասիրեմ, կը վերլուծեմ ու կը պարզեմ ասով ըմբռնելի հայրենի տնտեսութիւնը, իր գրեթէ բոլոր մանրամասներով, գրական շարժումը՝ համագումարներ եւ այլ, գործեր, առաջադրութիւններ, իրենց պարտադիր, -աւա՜ղ,- երեսներով: Մշակութային կեանքը կ՚ենթարկեմ քննութեան, վերջապէս, կը փորձեմ՝ վրձինել խորհրդահայ աշխարհը՝ կարելւոյն չափ լման երես-երեսակներով:
Այս գծով ուշադրութեանս առարկայ կը դառնայ նոյնպէս զուտ խորհրդային, ժամանակի բնորոշումով Սովետական Միութեան այլազան, այլաբնոյթ հարցերը: Յայտնապէս անցեալի ու պատմութեան հետ աղերսող: Դէպք ու դէմք:
Կը նկատեմ, թէ ժամանակ մը անց կը նկատուիմ լուրջ գրախօսող, փնտռուած, ինչպէս կ՚ըսուի: Յիրաւի, արձակ-չափածոյ երկերու, պատմա-բանասիրական նիւթերու նուիրուած էջերու վերաբերեալ գրադատական, վերլուծական տողերս, իբր միտք եւ դատում, իբր սեւեռում ու պարզաբանում, մեծ մասամբ կը գնահատուին:
Գրադարանիս մէջ քիչ չեն գրախօսելու խնդրանօք կամ ալ այt ակնկալութեամբ ղրկուած ձօնագրեալ գիրքերը: