Prime Healthcare Հայաստան Արցախ Ֆոնտին Միջոցաւ


Prime Healthcare Հայաստան Արցախ Ֆոնտին Միջոցաւ

  • 16-07-2016 15:48:41   | Արցախ (ԼՂՀ)  |  Բարեգործություն
 
Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա – Prime Healthcare Management, Inc., որ մաս կը կազմէ Միացեալ Նահանգներուն մէջ հիւանդանոց տնօրինող ամենամեծ ընկերութիւններէն՝ Prime Healthcare Services կազմակերպութեան, Հայաստան Արցախ Ֆոնտին հետ համագործակցելով $777,000 արժող բժշկական սարքաւորում եւ պիտոյք նուիրած ու ուղարկած է Արցախի հիւանդանոցներուն։ Յատկացուած նպաստը կ՚ընդգրկէ հարիւրաւոր բժշկական անհրաժեշտ իրեր, ներառեալ նեարդաւորիչներ (defibrillators), ելեկտրավիրաբուժական կազմածներ, նորածիններու համար ջերմացուցիչներ, ներարկիչ գործիքներ, հականեխիչներ, եւ սրտի բաբախիւնը կանոնաւորող ժամանակաւոր գործիքներ։ 
 
«Անցեալ երեք տարիներուն, մեր ընկերութիւնը մօտ $5 միլիոն արժող բժշկական օժանդակութիւն յատկացուցած է Հայաստանին ու Արցախին՝ ութը 40 ոտքնոց արկղերով», յայտնեց Մայքըլ Սարեան, Prime Healthcare Management, Inc.-ի Հիւանդանոցային Գործառնութիւններու նախագահը։ Հիւանդանոցային տնօրինման մարզէն ներս բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած՝ Սարեանի ընկերութիւնը այսօր Միացեալ Նահանգներու տարածքին 34 հիւանդանոցներ կը տնօրինէ։ Սարեան շարունակեց՝ «2014-ին եւ 2015-ին, $3.8 միլիոն արժէքով բժշկական սարքաւորում յատկացուցինք Հայաստանի հիւանդանոցներուն համար. իսկ այս տարի Արցախ ուղարկեցինք $777,000 արժող բժշկական օժանդակութիւն, ներառեալ $50,000 արժէքով բժշկական զանազան պիտոյք, որոնք նուիրուած էին Medline Industries, Inc. ընկերութեան կողմէ։ 
 
Դեկտեմբեր 1, 2015-ին հիմնադրուելէ ի վեր, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $16 միլիոն ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին՝ 15 թռիչքներով եւ 30 ծովային արկղերով։
 
«Հայաստան Արցախ Ֆոնտը տեւապէս կը ստանայ միլիոնաւոր տոլար արժող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց Հայաստան Արցախ Ֆոնտի նախագահ Յարութ Սասունեան. «կը քաջալերենք ու կ՚ողջունենք հայ անհատներու ու կազմակերպութիւններու առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք հսկայ քանակութեամբ կեանք փրկող դեղեր Հայաստան եւ Արցախ փոխադրել»։ 
 
 
 
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Բարեգործություն