Պերճ Թիւրապեան Աձնաւուրի երգերը հայերէնի փոխադրեց


Պերճ Թիւրապեան Աձնաւուրի երգերը հայերէնի փոխադրեց

  • 30-07-2010 16:48:57   | Թուրքիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը
«Նոր Մարմարա» - Շարլ Ազնաւուր այն բացառիկ ու տաղանդաւոր հայ մարդն է որ իր փառքին օրերը ու իր համբաւին բարիքները բաժնեց Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի հետ։ Ազնաւուր այս օր հայ ժողովուրդի ազգային հերոսներէն մէկը կը նկատուի Հայաստանի ի նպաստ իր իրագործումներով։ Ազնաւուր շատ բան ըրաւ իր ժողովուրդին համար։ Բայց մէկ բան չկրցաւ ընել։ Հայերէն երգելղ Արդարեւն Ազնաւուր երբեք չուզեց ու արդէն չէր կրնար երգել հայերէնովն որովհետեւ իր երգերը անսակարկ ու անխարդախ կերպով Մֆրանսականմ էին ու նոյնիսկ դժուար թարգմանելի էին անգլերէնի նման միջազգայնացած լեզուի մը։ Ազնաւուր երբ Ամերիկայի մէջ նուագահանդէսներ սարքեցն ան իր բազմաթիւ երգերը երգեց անգլերէնով։ Շատեր չսիրեցին այդ երգերը անգլերէնի մէջն որովհետեւ անգլերէնի մէջ երգերը չունէին Ազնաւուրեան անզուգական համը։ Եւ երբ Ազնաւուրին կը հարցուէր թէ ինչո՞ւ անգլերէնի թարգմանած էր իր երգերըն մեծանուն երգիչը պատասխանած էր որ կ’ուզէր որ ունկնդիրը հասկնար իր երգին իւրաքանչիւր բառը։ Իսկապէս Ազնաւուրին երգերը իրենց ուժը կ’առնեն նիւթէն ու գործածուած բառերէն եւ ունկնդիրը շատ բան կը կորսնցնէ եթէ Ֆրանսերէն չի գիտեր կամ եթէ երգին բառերը չի հասկնար։ Այս կէտին վրայ ոչ մէկ երգիչ այնքան անզուգական էն որքան է Ազնաւուր։ Ազնաւուրին երգերը սովորական Մկը սիրեմ- կը սիրեսմի երգեր չեն որպէսզի չհասկցողը բան մը կորսնցուցած չըլլայ։ Ազնաւուր ամէնէն խիզախ ու երգի մը համար ամէնէն անսովոր նիւթերն իսկ կրցած է գործածելն երգը հասցնելով համաշխարհային ճանաչումի ոլորտներուն։ Այս բոլորէն վերջ դժուար չէր պատկերացնել թէ հայ երաժշտասէրը շատ բան կը կորսնցնէր երբն սիրելով հանդերձ Ազնաւուրին երգըն Ֆրանսերէն բառերը չէր հասկնար։ Հիմա այս անպատեհութիւնը ջնջուեցաւ շնորհիւ այժմ Նիւ Եորք հաստատուած սիրելի ու տաղանդաւոր հայ երգիչ ու Մշանսոնմներու յօրինող Պերճ Թիւրապեանին։ Թիւրապեանը անծանօթ մը չէ մեր ընթերցողներունն քանի որ քանիցս առիթը ունեցած ենք հիացումով խօսելու իր մասին։ Թիւրապեանն որ Հայաստանի մէջ ձեւաւորած է իր երաժշտական ուսումըն հրաշալի վարպետութեամբ իրարու միացուցած է հայ բանաստեղծութիւնն ու ֆրանսական Մշանսոնմի աւանդութիւնը։ Առաջին անգամ հիացած էինք երբ լսած էինք Չարենցի երգերուն վրայ իր յօրինումներուն ամբողջական ձայնապնակը։ Աւելի վերջ Թիւրապեան մեզի հրամցուց Թէքէեանի երգերուն վրայ յօրինումներու ամբողջական ձայնապնակ մը։ Այնուհետեւ ան Պոլսահայ գրականութեան նկատմամբ ալ մատուցանեց հրաշալի ծառայութիւնն երբ ձայնապնակի մը վրայ միացուց Զահրատինն Խրախունիին ու Իգնա Սարըասլանին երգերուն վրայ իր յօրինումները։ Բոլոր այս յօրինումներըն որոնք Թիւրապեանին կողմէ կ’երգուէին երաժշտական հրաշալի ձեւաւորումներովն սնունդ առնելով հանդերձ Ֆրանսական Մշանսոնմի մթնոլորտէնն հաւատարիմ կը մնային բանաստեղծութեան հայկական ոգիինն Թիւրապեան կը ստեղծէր հայերէն շանսոնի նոր դպրոց մը։ Բոլոր այս երգերուն մէջ մէկ բան շատ կարեւոր էր։ Թիւրապեանի երգերուն մէջ հասկնալի էին իւրաքանչիւր բառըն կարծես Թիւրապեան չէր երգերն այլ կ’արտասանէրն ու ասիկա կենսական կարեւորութիւն ունէրն որովհետեւ բանաստեղծութիւնը չէր կորսուեր երգին մէջն ինչպէս կը պատահի ուրիշ երգիչներու պարագային։ Վերոյիշեալ ձայնապնակներէն վերջ Թիւրապեան փորձեց հայերէնի վերածել Մշանսոնմի նշանաւոր ֆրանսացի վարպետներ Ժօրժ Պրասէնսէն Ժաք Պրէլէն Էտիթ Փիաֆէն Շարլ Թրէնէէ եւ անշուշտ Ազնաւուրէ երգեր։ Հրաշալիօրէն յաջող էին այդ երգերըն քանի որ մենք առիթը ունեցած էինք ունկնդրելու անոնց առաջին փորձի սկաւառակը։ Բայց ինչ մեղք որ Թիւրապեան չէր կրցած իրականացնել ձայնապնակին հրատարակութիւնը։ Հիմա ահաւասիկ մեծ անակնկալ է ունենալ Թիւրապեանի նոր ձայնապնակըն որուն վրայ Ազնաւուրեան 13 նշանաւոր երգեր կը հնչեն Թիւրապեանի հայերէնով։ Անհաւատալի յաջողութիւն մըն անկարելի կարծուած գործի մը իրականացումը։ Թիւրապեանն որ առաջին օրէն ի վեր անվերապահ հիացում ունէր Ազնաւուրի նկատմամբն կրցած է իր ամբողջ հիացումը ցոլացնել հայերէնով տրուած Ազնաւուրի մը մէջ։ Ինք է որն օժանդակութեամբը իր կողակից Անահիտինն թարգմանած է Ազնաւուրեան Մբանաստեղծութիւնմներըն երբեմն մէկ երգին վրայ ամիսներ շարունակ աշխատելով։ Ապահոված է Տիգրան Նանեանի երաժշտական սքանչելի ձեւաւորումները եւ հպարտօէն իրականացուցած է առաջին հայերէն Ազնաւուրըն զոր ան հպարտօրէն կը հրամցնէ բովանդակ հայ ժողովուրդին։ Մեր հա՞ուոյն կրնանք ցաւիլ որ Թիւրապեան ըստ էութեան թարգմանութիւնները ըրած է Արեւելահայերէնովղ Ո»վ գիտէ որքան լաւ պիտի հնչէին անոնք եթէ կատարուած ըլլային Արեւմտահայերէնով ալղ Բայց Թիւրապեանն որ իրականութեան մէջ լեզուի ու բանաստեղծութեան սիրահար էն Արեւելահայերէնը լաւագոյն կերպով օգտագործած է այս երգերուն մէջ ու իսկական Ազնաւուրն է որ կը հնչէ այս անգամ հայերէնովղ Ազնաւուրն որ հիմնած էր ՄՔեզի Համար Հայաստանմըն հիմա կրնար ըսելյ ՄՔեզի համար են այս երգերն ալն Հայաստանմղ Ձայնապնակը կը սկսի երկար երգով մը որ մեզի անծանօթ էր։ Ազնաւուրի ինքնակենսագրութիւնն է այս։ Այնուհետեւ ձայնապնակին վրայ կը գտնենք սա երգերըյ Դեռ երէկմն ՄԿորցրել ես քեզմն ՄՀոգեյոյզ իմ սէրմն ՄՏարէք ինք այդտեղմն ՄԻմ աղջկանմն ՄՄեր պօհէմըմն ՄՀին հոգսերմն ՄՄամամն ՄՍիրուց մեռնելմն ՄԵրբ սիրում ես ինձմն ՄԱսում ենմն եւ վերջապէս ՄՏեսնում էի արդէնմ։ Բոլորին մէջ ալ Թիւրապեան յաջողած էր պահել Ազնաւուրի շեշտն ու երաժշտութիւնըն զգացումն ու գաղափարի խիզախութիւնըն սրտաբաց խօսքի ցնցումն ու հաղորդականութիւնըն երաժշտական մեղեդիին գեղեցկութեան կողքին մարդկային ջղուտ հոգեբանութեան արտացոլացումը։ Անվերապահ երանութեամբ կարելի է լսել Ազնաւուրի այնքան նշանաւոր ու Մհայկականմ ՄՄամամնն ՄԼա Պոհէմմըն ՄԵրէկ դեռ քսան տարեկան էիմն եւ ՄՏեսնում էի արդէնմըն երգեր որոնց մէջ Ազնաւուր միայն երաժշտութիւն չէ որ կը ստեղծէն այլ կը պատմէ նաեւ հազարումէկ դժուարութիւններու մէջէն անցած իր կեանքը։ Եւ Թիւրապեան լաւագոյն թարգամնիչը հանդիսացած է Ազնաւուրի ոչ միայն բառերունն այլ նաեւ զգացումներուն ու մտածումներուն։ Երանի թէ կարելիութիւն ստեղծուէր որպէսզի ամէն հայկական տունէ ներս մտնէր այս ձայնապնակէն օրինակ մըն որպէսզի Ազնաւուր հայերէնովն իր մայրենի լեզուով եւս երգէր այդ երդիքներուն տակ։ Եղբայրական սիրով կը շնորհաւորենք Թիւրապեանը իր այս անհաւատալի յաջողութեան ու նախաձեռնութեան համար։
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը