Երկու Ամազոնուհիներ` Անահիտ Տէր-Մինասեան Եւ Արփիկ Միսաքեան


Երկու Ամազոնուհիներ` Անահիտ Տէր-Մինասեան Եւ Արփիկ Միսաքեան

  • 03-03-2019 09:56:08   | Ֆրանսիա  |  Նշանավոր հայեր

 
Գրեց՝ Էլէն Մերճանեան
 
Մի քանի տարիներու տարբերութեամբ ոչ թէ ֆրանսահայ այլեւ սփիւռքահայ կեանքը կորսնցուց երկու կին տիրական դէմքերէն երկրորդը՝ Անահիտը։
Մտաւորական, գաղափարական յանձնառութիւններու խտացում արտացոլող այս կիները մեր օրինակներն էին։
 
Հասարակ տեղիք դարձած խօսքերէն խուսափելու համար, պէտք չէ գոհանալ ըսելով միայն թէ կը հպարտացնէին սփիւռքահայ կինը իրենց հրապարակային կեցուածքներով, գիրով թէ խօսքով, միշտ արթուն պահելով այն միտքը թէ ճշմարտութիւններու եւ բացայայտումներու աւանդապահը նաեւ, եւ մանաւանդ, հայ մտաւորական կինն էր։
 
Այս օրերուն Անահիտի պատմաբանի եւ մտաւորականի յատկութիւններուն, իր ընտանեկան պատկանելիութեան եւ իր շառաւիղներու մասին շատ կը խօսուի։
Հարկ է նաեւ յիշել եւ արձանա-գրել Անահիտի եւ Արփիկի նման «Ամազոններուն», արական սեռով խճողուած հայ ընկերութեան մը մէջ գոյատեւելու, ընկալուելու, իրենց յատուկ անհատականութեամբ, հմտութեամբ, պահանջատիրութեամբ բազմելով գագաթի մը վրայ որ ոչ թէ նախանձ կը շարժէր, այլ համեստանալու եւ ի վերջոյ երկիւղածութեամբ համակերպելու Անահիտներու եւ Արփիկներու սկզբունքային դիրքաւորումներու առջեւ։
Պատմաբան եւ պատմող, բեմասաց եւ գրող, հասարակական գործիչ Անահիտը, նոյնիսկ իր յառաջացած տարիքին զէնքը վար չառաւ բնաւ։
Արփիկին պէս, բողոքեց, քննադատեց, դատապարտեց խօսքով, գիրով եւ գործով ամէն սայթաքում արդար դատին հանդէպ, «Հայ դատին» ծայրայեղութիւններու սահմանին հասնող հաւատարմութեամբ։
 
Անահիտին սեւեռակէտը, հաւատամքը վերջին դարու պատմութեան պրիսմակին ընդմէջէն, «Հայ դատ»ը օրակարգի վրայ պահելու, բարձրաձայնելու եւ սերունդներ հրահրելու առաքելութիւնն էր։
 
Լիովին յաջողեցաւ այս առաքելութեան մէջ, սկսելով իր զաւակներէն եւ իր համալսարանական աշակերտներէն մինչեւ քիչ բանիմաց, պարզ հայրենասէր զանգուածները։
 
Անահիտ, որպէս անաչառ պատմաբան, ազգասիրութիւն շոյող ոճ չունէր, չէր գործածէր, այլ երբեմն, ի հեճուկս հաստատուած կարգ ու կանոնին, երեւան կը հանէր բիրտ իրականութիւններ, կարգ մը, ընկերային գաղափարական ներկայ թէ պատմական դէպքերու կամ դէմքերու նկատմամբ։
 
Առասպելներով, աժան ազգասիրութեամբ սնած սերունդներուն համար Անահիտին բացայայտումները զարմանքի նաեւ դիրքորոշումներու առիթ տուին յաճախ, իր գաղափարական կնոջ կեանքին ընթացքին. բայց ժամանակը ցոյց տուաւ որ վերջին հաշուով իրաւացի յստակատեսը Անահիտն էր։
 
Այսօր, ազգային ներկայ թոհուբոհին մէջ, ուր տակաւին հայ ժողովուրդը ինքզինք կը փնտռէ, Սփիւռք թէ Հայաստան, հայրենիքը վերակառուցման սրընթաց փուլեր կը գլէ կ՚անցնի։
 
Անահիտին հեռատեսութիւնը, անխառն հայրենասիրութիւնը եւ խիզախութիւնը, իր երէց քրոջ Արփիկ Միսաքեանի օրինակով՝ ներկայի եւ ապագայի յստակատեսութիւնները մեզի կը մնան որպէս աւանդ։
 
21-րդ դարը երկար է եւ յղի ընկերային, քաղաքական, մէկ խօսքով ազգային վերիվայրումներով, բայց Արփիկներու եւ Անահիտներու պատկառելի ստուերը, որպէս «Տաճարի արթուն պահակ» մեր գլխուն վերեւ պիտի թեւածեն տակաւին։
 
Հանգիստ իր ոսկորներուն։ 
 
«Նոր Յառաջ»
 
Նոյյան տապան  -   Նշանավոր հայեր