Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՈՒՆԿԱՐԻՈՅ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՈՒՆԿԱՐԻՈՅ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ

  • 15-10-2019 09:31:39   | Լիբանան  |  Մամլո հաղորդագրություն

 
 
Այսօր՝ Երկուշաբթի, 14 Հոկտեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Հունկարիոյ Արտաքին Օգնութեան Պետական նախարար Դ. Ազպէճ, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Հունկարիոյ դեսպան Ճեզա Միհալյիի։
 
Այցելութեան նպատական էր Վեհափառ Հայրապետէն իմանալ Միջին Արեւելքի ընդհանուր կացութեան ու յատկապէա քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։
 
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ Նորին Սրբութեան, հիւրերուն ներկայացնելու քրիստոնեայ համայնքներու այժմու կացութիւնը՝ ընդգծելով անոնց առաջնահերթ կարիքները, յատկապէս ընկերային ու կրթական մարզերէն ներս։
 
Նոյյան տապան  -   Մամլո հաղորդագրություն