Ի՞ՆՉ ՏԵՍԱԿ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ Կ՚ՈՒԶԵՆՔ ՄԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ․ Րաֆֆի Տուտագլեան


Ի՞ՆՉ ՏԵՍԱԿ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ Կ՚ՈՒԶԵՆՔ ՄԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ․ Րաֆֆի Տուտագլեան

  • 17-11-2019 21:21:32   | Հայաստան  |  
 
Ընթերցողներէս շատեր կը գրեն ու կը հարցնեն, թէ ինչու՞ ցարդ յստակ կարծիք չեմ յայտնած համալսարաններու մէջ մայրենիի եւ հայոց պատմութեան դասաւանդման օրէնքի փոփոխութիւններուն մասին։
Ըսեմ, լուռ եմ՝ շատ պարզ եւ յստակ պատճառով, ո՛չ նոր օրէնքը կարդացած եմ, ոչ ալ փոփոխութիւններու ամբողջ ծաւալին ծանօթ եմ։ Վստահ եմ, որ հրապարակը աղմուկով ողողած մարդոց մեծամասնութիւնը ամբողջական տեղեկութիւն չունի փոփոխութիւններուն մասին. ոչ կարդացած են օրէնքը, ոչ ալ ծանօթ են նախկին օրէնքին։ Հեռուէն ու մօտէն կ՚աղմկեն, կը բողոքեն, կը պոռան, կը կանչեն, քանի որ այդպէս թելադրուած է իրենց։
Իսկ ես այլ սկզբունքով կ՚առաջնորդուիմ՝ հեղինակաւոր կարծիք չյայտնել նիւթի մը մասին, եթէ ամբողջական տեղեկութիւն չունիմ եւ քաջածանօթ չեմ բոլո՛ր մանրամասնութիւններուն։
 
Աւելցնեմ նաեւ, որ Արայիկ Յարութիւնեանը չեմ ճանչնար, ոչ ծանօթս է, ոչ ալ աչքիս լոյսը։ Եթէ իրականութիւնը կ՚ուզեք, Արայիկ Յարութիւնեանին քննադատած եմ աւելի քան տարի մը առաջ, երբ դեռ նոր նախարար նշանակուած էր եւ հանդիպում մը կազմակերպած էր տնօրէններուն հետ։ Քննադատած եմ դեռ ա՛յն օրերուն, երբ հիմա ընդդիմադիրի դրօշ ծածանեցնող մարդիկ Փաշինեանի չորս կողմը կը դառնային, ասկէ-անկէ Փաշինեանին հետ հանդիպելու միջնորդութիւն կ՚աղերսէին՝ քաղաքական բեմէն դուրս չշպրտուելու կամ պաշտօն մը ստանձնելու յոյսով...
Արայիկ Յարութիւնեանին չեմ ճանչնար, կարծիք չունիմ իր մասին, բայց նախկին պաշտօնիս բերումով գիտեմ եւ աշխատած եմ կրթութեան նախկին նախարարներէն առնուազն երկուքին հետ՝ յատուկ կարիքներով երեխաներու կրթութեան կազմակերպման եւ ներառական կրթութեան ծրագիրներու վրայ։ Աշխատանքս իրենց հետ եղած է արդիւնաւէտ եւ գործնական։ Կրցա՞ծ ենք լուծել մեր առջեւ դրուած բոլոր խնդիրները, բնականաբար՝ ոչ, բայց կրցած ենք որոշ յառաջընթաց արձանագրել այդ ոլորտներուն մէջ։
 
Հիմա վերադառնանք համալսարաններու մէջ լեզուի եւ պատմութեան դասաւանդման խնդիրներուն։ Ըսի, որ հեղինակաւոր կարծիք արտայայտելու իրաւունք չեմ տար ես ինծի, որովհետեւ ոչ օրէնքը կարդացած եմ, ոչ ալ նախկին օրէնքին ծանօթ եմ, եւ միւս աղմկարարներուն չափ գիտուն ալ չեմ, որ առանց հարցի մը էութեան ծանօթանալու՝ կարծիք յայտնեմ։ Բայց իբրեւ հայրը երեք երեխաներու, որոնք հանրակրթական դպրոց յաճախած են եւ հիմա մասնաւոր վարժարան կը յաճախեն, ունիմ լուրջ մտահոգութիւններ, մեր կրթական համակարգին ու մանաւանդ՝ հանրակրթութեան որակին, հայերէնի եւ օտար լեզուներու դասաւանդման, մեթոտաբանութեան, աշակերտներու հետ ուսուցիչներու վարուելակերպին, տնօրէններու եւ դպրոցներու կուսակցականացուած ըլլալու երեւոյթին, տնօրէններու եւ ուսուցիչներու աշխարհընկալումներուն եւ վերապատրաստուածութեան, դպրոցներու շէնքային պայմաններուն ու բազմաթիւ այլ խնդիրներու մասին։
 
Հարցուցէք որեւէ ծնողքի, եւ բոլորն ալ, հաւանաբար, համաձայնին իմ հետ, որ Հայաստանի հանրակրթութիւնը պէտք ունի լուրջ բարեփոխումներու։
Եւ բարեփոխումներու նպատակը պէտք է ըլլայ ազատ եւ հայրենասէր քաղաքացիի, իր պատմութեան եւ մշակոյթին հաղորդ քաղաքացիի, բանիմաց եւ երկրի բնութեան, ժողովրդավարութեան, անվտանգութեան եւ ազատութիւններուն համար պատասխանատւութիւն ստանձնող քաղաքացիի, համաշխարհային մակարդակով արհեստավարժ եւ օտար լեզուներու տիրապետող քաղաքացիի, միջազգային ընկերատնտեսական եւ քաղաքական իրադարձութիւններու հետ քայլ պահող քաղաքացիի, ու վերջապէս՝ կիրթ եւ հանդուրժող քաղաքացիի պատրաստութիւնը։
 
Անցնող 28 տարիներուն, Սովետի կազմաքանդումէն ետք, Հայաստանի կրթական բարեփոխումները կրցա՞ծ են վերը նշուած նպատակներուն ծառայել։ Հակառակ ծախսուած միլիառներուն՝ ոչ։ Յաջողութիւնը եղած է մասնակի։ Միջազգային կազմակերպութիւններու տրամադրած գումարներով փոխուած են ուումնական ծրագրերն ու դասագրքերը, կրթութեան բովանդակութիւնն ու մեթոտը, բայց արդիւնաւէտութիւնը եղած է սահմանափակ։ Պատճառները շատ են եւ անոնցմէ մէկը՝ կոռումպացուած պետական համակարգն էր, ուր աւելի կարեւորը՝ եկած գումարներու «տնօրինումն» էր, քան թէ յայտարարուած, բայց չիրականացած՝ նորարար, արդիւնաւէտ ու ժամանակակից հանրակրթութիւն ունենալը։
 
Եւ հիմա, երբ բարեփոխումներու նոր քայլեր կ՚առնուին, փոխանակ ազգային արժեքներու կորուստի եւ ապազգային թափանցումներու մասին հավար փրցնելու, առաջին հարցը որ ես կը հարցնեմ ինքս ինձ ու կրթութեան պատասխանատուներուն այն է, թէ բարեփոխումները պիտի ծառայե՞ն արդեօք հայրենասէր ու պատասխանատու քաղաքացի, մայրենիին եւ օտար լեզուներուն գերազանցապէս տիրապետող, միջազգային մակարդակով արհեստավարժ մարդ եւ կիրթ անձնաւորութիւն պատրաստելուն։ Իմ եւ միւսներուն զաւակները ի՞նչ տեսակ կրթութեամբ պիտի օժտուին, պիտի կարողանա՞ն նաւարկել համաշխարհային իրադարձութիւններու եւ ազգային մարտահրաւէրներու յորձանուտին մէջ, պիտի կարենա՞ն չափուիլ միջազգային չափանիշով ֆինանսական հաստատութիւններու եւ գործարար շրջանակներու հետ, թէ պիտի մնան խեղճ ու կրակ, անտէր եւ 20րդ դարէն դուրս չեկած երկրի զաւակներ...։
Ահաւասիկ այս խնդիրերուն լուծում եւ այս հարցականներուն պատասխան պէտք է տայ կրթական մեր համակարգը։ Իսկ բոլոր բարեփոխումներուն նպատակը պէտք է ըլլայ այս մակարդակին հասցնել շատ յաճախ սովետ բուրող, երբեմն եւրոպականի նմանիլ ձգտող ու միաժամանակ՝ ազգայնականութեան յոխորտանքով շպարուած մեր կրթութիւնը։
 
Այս րոպէին, ոչ ոք կ՚անդրադառնայ այս խնդիրներուն, եղածը՝ ազգային-կրօնական զգացումները շահարկելով՝ կրթութեան բարեփոխումները քարոզչական-քաղաքական հաշիւներու ծառայեցնել է։
Այլապէս, ազգային արժեքներով մտահոգ ուժերը վաղու՜ց պէտք է պոռթկային կրթական այս համակարգին դէմ, որ բառացիօրէն կաշառքը կը քաջալերէր դպրոցներուն ու համալսարաններուն մէջ, կոռուպցիան դարձնելով մեր «ազգային արժեքներու» կարեւորագոյն բաղադրիչներէն մէկը։
 
Րաֆֆի Տուտագլեան
 
Գրեցէ՛ք ինծի։
rafdoud@aol.com