Ծաղկազարդը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ


Ծաղկազարդը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ

  • 06-04-2020 11:49:42   | Լիբանան  |  Մամլո հաղորդագրություն

 
 
«Ո՜Վ ՔՐԻՍՏՈՍ ԱՇԽԱՐՀԻ, ԵԿՈՒՐ ԵՒ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԷ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
 
Կիրակի, 5 Ապրիլ 2020-ին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ծաղկազարդի տօնին նուիրուած Ս. եւ Անմահ Պատարագ, որուն հաւատացեալները կարողացան հետեւիլ Կաթողիկոսարանի ընկերային լրատուամիջոցներու ցանցին ճամբով։ Պատարագը մատուցեց Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան։
 
Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը՝ ձիթենիի ճիւղը ձեռքին, հայրապետական թափօրով ուղղուեցաւ շրջափակ, որ այս տարի բացառապէս զուրկ  էր մանուկներու քաղցր ներկայութենէն, ու խուլ լռութիւն մը կը տիրէր՝ «քորոնա» ժահրին պատճառով. փոխան աւանդութիւն դարձած Վեհարանին պատշագամէն յղելու իր խօսքը, Հայրապետը, եկեղեցւոյ դրան դիմաց կանգնած ու միաբան հայրերով շրջապատուած, «Սիլիսիա թիվի»-ի ճամբով հայ հաւատացեալներուն ուղղեց Ծաղկազարդի տօնին իր պատգամը։
 
Քրիստոնէական ջերմ սիրով ու հայրական եւ հայրապետական օրհնութեամբ ողջունելէ ետք հաւատացեալները, հայրապետը յայտնեց, որ Քրիստոնէական աշխարհը կը նշէ Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, որպէսզի Ան գողգոթայի եւ յարութեամբ ճամբով յաղթէր չարին, մեղքին եւ մահուան, ու կեանք, յարութիւն եւ յաւիտենական արքարութիւն պարգեւէր մեզի։ Իսկ այսօր, պայմաններու պարտադրանքով, Քրիստոնեայ աշխարհը, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի զաւակները, իրենց տուները եկեղեցւոյ վերածած կը դիմաւորեն Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ, ըսաւ ան, աւելցնելով, որ «Ծաղկազարդին, Անթիլիասի Մայրավանքին հսկայ բակը միշտ կը լեցուէր մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու մեր մանուկներուն ձայնով ու ցնծութեամբ։ Համաւտքի մղումով է, որ մեր ժողովուրդը միշտ ընդունած է Ծաղկազարդը։ Վստահ եմ, որ նոյն հաւատքով մեր ժողովուրդը, Սփիւռս աշխարհին, կը դիմաւորէ Աստուծոյ Որդւոյն մուտքը Երուսաղէմ»։ 
 
Հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած՝ խնդրելով, որ շուտով կեանքը վերադառնայ իր բնականոն վիճակին եւ եկեղեցիներն ու դպրոցները բանան իրենց դռները. «Սա պահուն, մեր զաւակներուն, ու յատկապէս մեր մանուկներուն սրտերէն բխող աղօթքներուն թարգմանը ըլլալով, իմ աղօթքս կը վերառաքեմ առ Քրիստոս ըսելով՝ ո՜վ Քրիստոս, Փրկիչ աշխարհի, եկո՛ւր եւ մո՛ւտք գործէ մեր կեանքի Երուսաղէմը, մտի՛ր իւրաքանչիւր հայու եւ հայ ընտանիքի կեանքէն ներս, որովհետեւ առանց քու ներկայութեան աղքատ, տխուր եւ անորոշ է մեր կեանքը։ Ո՜վ Քրիստոս, Քու օրհնութեամբ եկուր ծաղկազարդէ մեր կեանքը երկնային ցնծութեամբ։ Ո՜վ Քրիստոս, Որդի՛ Աստուծոյ, եկո՛ւր եւ Քու հզօր ներկայութեամբ հեռացուր մեր կեանքէն ամէն տեսակ չար ու չարիք, երեւելի եւ աներեւոյթ, որպէսզի Քեզմով զօրացած կարենանք յաղթահարել աշխարհի ամէն տեսակ փորձութիւնները եւ փորձանքները»։ 
 
Նշենք, որ նոյն օրը երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւնը, որուն պատգամը փոխանցեց Կաթողիկոսարանի մատենադարանապետ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։  
 
 
Նոյյան տապան  -   Մամլո հաղորդագրություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play