Յառաջիկայ կիրակէն սկսեալ մեր ժողովուրդը կրնայ մասնակցիլ եկեղեցական արարողութիւններուն թէ՛Անթիլիասի մայրաանքէն եւ թէ՛ մեր թեմերեն ներս


Յառաջիկայ կիրակէն սկսեալ մեր ժողովուրդը կրնայ մասնակցիլ եկեղեցական արարողութիւններուն թէ՛Անթիլիասի մայրաանքէն եւ թէ՛ մեր թեմերեն ներս

  • 04-06-2020 14:06:36   | Լիբանան  |  Մամլո հաղորդագրություն

 
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս թեմերուն ուղղած իր շրջաբերական նամակով առաջնորդ սրբազաններուն ու Ազգային Իշխանութեանց թելադրեց, որ յառաջիկայ Կիրակի, 7 Յունիսէն սկսեալ, մեր եկեղեցիները պատրաստ պէտք է ըլլան ընդունելու մեր հաւատացեալները եւ մասնակից դառնալու Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ ընդհանրապէս եկեղեցական արարողութիւններուն:
 
Արդարեւ, համաճարակին ստեղծած պայմաններուն հետեւանքով եւ մեր ժողովուրդի զաւակները համաճարակի վտանգէն հեռու պահելու նախանձախնդրութենէն մեկնելով, անցնող շուրջ երեք ամիսներու ընթացքին եկեղեցական արարողութիւնները առցանց կերպով կատարուած էին: Այս օրերուն, նկատի ունենալով զանազան երկիրներէ ներս պետական կառոյցներուն կողմէ կատարուած թելադրութիւններուն, յարմար կը նկատենք, որ մեր եկեղեցիները սկսին ընդունիլ մեր ժողովուրդի զաւակները: Թեմերուն ուղղուած վերոյիշեալ շրջաբերականին մէջ Նորին Սրբութիւնը թելադրեց հետեւեալները.-
 
1) Մեր ծխային եկեղեցիները հաւատացեալները ընդունին՝ միշտ նկատի ունեանալով տեղական պայմանները եւ եկեղեցիներու ֆիզիքական կարելիութիւնը:
 
2) Հաւատացեալները պարտին միշտ դիմակ գործածել եկեղեցիէն ներս եւ պահել պահանջուած ֆիզիքական հեռաւորութիւնը։
 
3) «Ողջոյն»ի ժամանակ պատարագիչը Ս. Խորանին եւ կամ ատեանի երիցագոյն հոգեւորականը ժողովուրդը կ՚օրհնէ «Ողջոյն»ը փոխանցելով. իսկ հաւատացեալները, իրենց կարգին, զիրար կ՚ողջունեն՝ միշտ նոյն հեռաւորութիւնը պահելով:
 
4) Ս. Հաղորդութիւն պիտի տրուի մեր հաւատացեալներուն. սակայն, մինչեւ Ս. Հաղորդութիւն տալու եւ առնելու մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան վերահաստատումը, պատարագիչ հոգեւորականին կողմէ Ս. Հաղորդութիւնը պիտի դրուի հաւատացեալի ձեռքին վրայ, ինչպէս աւանդաբար կը կատարուի մաս բաշխելու պարագային:
 
5) Անհրաժեշտ է, որ նախազգուշական բոլոր միջոցները յարգուին մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն կողմէ, ինչպէս եկեղեցիէն, նոյնպէս մեր ընտանիքներէն, մեր կառոյցներէն, մեր համայնքներէն ներս եւ ամէ՛ն տեղ:
 
Իր շրջաբերական նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կը յիշեցնէ, թէ «իւրաքանչիւր հայու ֆիզիքական ապահովութիւնն ու առողջութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ազգին համար էական են: Հետեւաբար, դիմակ կրելով, ֆիզիքական հեռաւորութիւն պահելով, ձեռք լուալով եւ մեծաթիւ հաւաքներէ խուսափելով առաջքը առած կ՚ըլլանք առողջական դժուարութիւններու թէ՛ մեր անձին եւ թէ մեր ընտանիքին ու մեր նմաններուն նկատմամբ»:
 
Կը թելադրենք նաեւ, որ այս գծով Կաթողիկոսարանի CILICIA TV-ին կողմէ պատրաստուած տեսերիզի ցուցմունքներուն հետեւիք:
 
Նոյյան տապան  -   Մամլո հաղորդագրություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play