Լոյս տեսաւ Տիգրան Մկունդի «Ամիտայի Արձագանգներ» աշխատասիրութեան առցանց հրատարակութիւնը


Լոյս տեսաւ Տիգրան Մկունդի «Ամիտայի Արձագանգներ» աշխատասիրութեան առցանց հրատարակութիւնը

  • 04-08-2020 15:33:34   | Լիբանան  |  Նոր գրքեր

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ լոյս ընծայուող Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ յուշամատեաններու մատենաշարով ցարդ լոյս տեսած են վերահրատարակուած 14 հատորներ, որոնք կարելի է գտնել առցանց։ 
 
Վերահրատարակութիւնները այժմ կը շարունակուին ելեկտրոնային տարբերակով։ Շարքին 15-րդ գիրքը կը հանդիսանայ Տիգրան Մկունդի «Ամիտայի Արձագանգներ» աշխատասիրութեան առցանց հրատարակութիւնը, որ կարելի է գտնել Կաթողիկոսարանիս գրատան կայքէջին վրայ՝ www.ciliciabookstore.com  
 
Նոյյան տապան  -   Նոր գրքեր