Ինչպէս յայտարարուած էր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ Ժընեւի (Զուիցերիա) մէջ Լիբանանի հայութեան վերականգնումին համար յատուկ հաշիւ մը բացուած է: Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղած էր, որպէսզի յիշեալ հաշիւին կատարուին բոլոր օժանդակութիւնները: Ստացուած օժանդակութիւնները պիտի փոխանցուին Լիբանանի հայութեան վերականգնումի յանձնախումբին, որպէսզի ան կարենայ շուտով լծուիլ գործնական աշխատանքի:
Կ'ուզենք յայտնել, որ ցարդ գումարներ ստացուած են հետեւեալ հաստատութիւններէ ու անձերէ.- Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւն, Տաշիր ընկերութիւն (Սամուէլ Կարապետեան), Բարեգործական հիմնադրամ (Գագիկ ծառուկեան), Լոյս հիմնադրամ (նախկին նախագահ՝ Սերժ Սարգսեան), Օրօրա կազմակերպութիւն (Նուպար Աֆէյեան, Ռուբէն Վարդանեան), Տիգրան Ճիկերեան (Ֆրանսա): Նաեւ անհատներ իրենց նուիրատուութիւնները փոխանցած են յիշեալ հաշուեգլխուն:
Լիբանանի հայութեան վերականգնումը համազգային առաջնահերթութիւն է, ինչպէս շեշտեց Նորին Սրբութիւնը: Հետեւաբար, մեր սպասումն է, որ մեր թեմերը, կառոյցները ու ազգայինները շարունակեն իրենց օժանդակութիւնները կատարել վերոյիշեալ հաշւոյն: Կը յիշեցնենք հաշուեգլխուն մանրամասնութիւնները:
Beneficiary:ARMENIA CATHOLICOSATE OF CILICIA
Bank:Bank pictet & Cie SA, Route des Acacias 60, CH-1211 Geneva 73