Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.կաթողիկոս մօտէն կը հետեւի լիբանանահայության վերականգնումի Մարսինին աշխատանքներուն


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.կաթողիկոս մօտէն կը հետեւի լիբանանահայության վերականգնումի Մարսինին աշխատանքներուն

  • 18-09-2020 10:30:52   | Լիբանան  |  Մամլո հաղորդագրություն

Հինգշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինին հետ, Ազգային Միացեալ Վարժարանին մէջ։
 
Նախքան հանդիպումը, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց վնասուած տուներու արձանագրութեան եւ օժանդակութեան լծուած երիտասարդ-երիտասարդուհիներու աշխատանքի վայրը, լսեց անոնց բացատրութիւնները եւ զրոյց ունեցաւ օժանդակութեան համար ներկայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ: Նորին Սրբութիւնը գնահատեց ծրագրուած ու հետեւողական կերպով կատարուող աշխատանքը, ինչպէս նաեւ կամաւոր կերպով աշխատող երիտասարդ-երիտասարդուհիներու նուիրումը: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ վստահեցուց ներկայ ընտանիքներուն, որ իր անմիջական հովանաւորութեան տակ օժանդակութիւնը պիտի շարունակուի, անխտիր բոլոր կարիքաւորներուն:
 
Հանդիպման աւարտին, Կաթողիկոսարանի CiliciaTV-ին ճամբով, Հայրապետը իր Հայրական խօսքն ու թելադրութիւնը փոխանցեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն։
 
Նոյյան տապան  -   Մամլո հաղորդագրություն