«Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերը կազմակերպ են ու կենսունակ՝ հակառակ ներկայ դժուար պայմաններուն».Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ


«Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերը կազմակերպ են ու կենսունակ՝ հակառակ ներկայ դժուար պայմաններուն».Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

  • 19-09-2020 12:45:33   | Լիբանան  |  Մամլո հաղորդագրություն

 
Այս հաստատումը կատարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անցնող երկու շաբաթներու ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերուն հետ ունեցած իր առցանց խորհրդակցութիւններէն ետք: Արդարեւ, Նորին Սրբութիւնը իւրաքանչիւր թեմի հետ առանձնաբար աւելի քան ժամ մը առցանց խորհրդակցութիւն ունեցաւ, թեմակալ առաջնորդին ու Ազգային Վարչութեան ատենապետին հետ միատեղ:
 
Խորհրդակցութեան ընթացքին նախ թեմի պատասխանատուները զեկուցեցին կատարուած աշխատանքներուն ու յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, ապա Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեցին թեմին դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները: Այս ծիրէն ներս յատուկ տեղ գրաւեց լիբանանահայութեան օժանդակութեան հարցը, «քորոնա» ժահրի ստեղծած կացութիւնը եւ այդ գծով կատարուած աշխատանքները ու կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութիւնը: Հայրապետը լսելէ ետք թեմերուն զեկոյցները ու դիմագրաւած դժուարութիւնները, իր Հայրական գնահատանքը յայտնեց թեմի կազմակերպ ու կենսունակ կեանքին, ինչպէս նաեւ դէպի ժողովուրդ ուղղուած անոր ծառայութիւններուն նկատմամբ ու բնականաբար անհրաժեշտ թելադրութիւնները կատարեց:
 
«Բնականաբար թեմերը կ՚ապրին տարբեր պայմաններու մէջ, ներքին տարբեր դրուածքներ ունին, որոշ չափով տեղական տարբեր մտահոգութիւններ, սակայն նաեւ ունին հասարակաց եւ ընդհանրական բնոյթ ունեցող մարտահրաւէրներ ու առաջնահերթութիւններ: Անհրաժեշտ է նկատի ունենալ տեղական պայմաններուն առնչուած տարբերութիւնները եւ շեշտել ընդհանրական եւ համահայկական բնոյթ ունեցող խնդիրները, երեւոյթները ու ծրագիրները» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
 
Արամ Ա. Կաթողիկոս անգամ մը եւս շեշտեց «Սփիւռքի կազմակերպչական հզօրութիւն տալու, անոր մարդկային ներուժը համադրելու, համահայկական ծրագիրներու եւ ազգային պահանջատիրութեան գծով կատարուող աշխատանքները ներդաշնակելու եւ Հայաստանի ու Արցախի պետութեանց առաւել հզօրացման նպաստելու իր հաւաքական յանձնառութիւնը ամրացնելու անյետաձգելի հրամայականը»: Հայրապետը խորապէս կը հաւատայ, թէ «անհրաժեշտ է գաղութները իրենց ներամփոփ ու ինքնակեդրոն վիճակներէն դուրս բերել եւ համախմբել համահայկական շրջագծին մէջ՝ ի խնդիր համազգային առաջնահերթութիւններու իրագործման: Այս յոյժ կարեւոր աշխատանքը կ՚ենթադրէ Սփիւռքի վերակազմակերպումը եւ այս գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, երեք կուսակցութիւններուն եւ քոյր կազմակերպութիւններուն դերին ներդաշնակումը աւելի քան երբեք կը մնայ վճռական», ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը:
 
Նոյյան տապան  -   Մամլո հաղորդագրություն