Յարութ Սասունեան. Ես Կը Քուէարկեմ Յօգուտ Պայտընի ․․․ «Թրամփ» Մղձաւանջին Վերջ Դնելու Համար


Յարութ Սասունեան. Ես Կը Քուէարկեմ Յօգուտ Պայտընի ․․․ «Թրամփ» Մղձաւանջին Վերջ Դնելու Համար

  • 21-10-2020 16:10:50   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն

Տասնեակ միլիոնաւոր ամերիկացիներու եւ մնացած աշխարհին հետ միասին ես յոյս ունիմ, որ Թրամփ կոչուող մղձաւանջը կ՛աւարտի 3 Նոյեմբերին:
 
Բարեբախտաբար, վերջերս Թրամփ յայտարարեց, որ եթէ պարտուի ընտրութիւններուն՝  պիտի լքէ Միացեալ Նահանգները: Ասիկա ամէնէն լաւ բանն է, որ ան ըսած է վերջին չորս տարիներուն ընթացքին․․․:  Հաւանաբար անհանգստացած է, որ ընտրութիւններուն պարտուելու պարագային կը յայտնուի բանտի մէջ՝ բազմաթիւ յանցագործութիւններու պատճառով, զորս գործած է ինչպէս պաշտօնավարման ընթացքին, այդպէս ալ պաշտօնը զբաղեցնելէ ետք: Միակ խնդիրը այն է, թէ ո՞ր երկիրը կը փափաքի ապաստան տալ անոր. թերեւս Թուրքիան կամ Ատրպէյճա՞նը: Կամ գուցէ Իսրայէ՞լը:
 
Գիտեմ, որ որոշ հայեր դժգոհ պիտի ըլլան դիրքորոշումէս: Բայց ես միշտ վճռականօրէն արտայայտած եմ  տեսակէտս  այնքան  անկեղծօրէն, որքան կրցած  եմ։  Համոզուած  եմ, որ Թրամփ սպառնալիք եղած է Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհին համար․․․: Յոյսով եմ, որ 3 Նոյեմբերին, Թրամփի պարտութեամբ, մենք բոլորս քիչ մը թեթեւցած շունչ կը քաշենք, նորէն կ՛ապրինք ազատ ժողովրդավարական երկրի մէջ՝ առանց վախի, որ բռնապետը կը փճացնէ մեր կեանքն ու առողջութիւնը:
 
Բառարանին մէջ բաւարար բացասական բառեր չկան նկարագրելու համար բոլոր այն սխալները, զորս Թրամփ ըսած կամ ըրած է վերջին չորս տարիներու ընթացքին: Ասոր պէտք է վերջ դրուի։ Շատ ժամանակ է պէտք, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու յաջորդ նախագահը ջնջէ այն վնասը, զոր Թրամփ հասցուցած է Ամերիկային եւ աշխարհին:
 
«Ուաշինկթըն Փոսթ»  բծախնդրօրէն  հետեւած է Թրամփի սուտերուն եւ չափազանցութիւններուն:  Մայիս  2020ի դրութեամբ՝  նախագահ  ըլլալէն ի  վեր,  Թրամփ ստած է աւելի քան 20 հազար անգամ: Ան անընդհատ կը ստէ: Դուք չէք կրնար վստահիլ անոր ըսածներուն: Առաւօտեան բան մը կ՛ըսէ, իսկ երեկոյեան՝ հակառակը: Դէմ յանդիման գալու պարագային ան կը պնդէ, որ նման բան չէ ըսած, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը կ՛ապացուցուի իր իսկ ձայնին արձանագրութեամբ: 2018ին, իր ելոյթներէն մէկուն ընթացքին ըսաւ՝ մի՛ հաւատաք այն բոլորին, որ կը կարդաք կամ կը տեսնէք․․․: Այլ կերպ ըսած, անտեսեցէք փաստերը եւ վստահեցէք իր սուտերուն:
Միակ բանը, որուն կրնաս վստահիլ այն է, որ Թրամփ կ՛ընէ այն, ինչ որ իր անձնական  շահն է: Իբրեւ նախագահ՝ ան առեւտուրը ուղղած է դէպի իր պանդոկները եւ կոլֆի խաղադաշտերը, ամբողջ աշխարհի մէջ: Ան 400 միլիոն տոլար պարտք ունի անյայտ մարդոց եւ  այլ  աղբիւրներու, բայց  անոնց անունները  չի  բացայայտեր:  Թերեւս   իրեն   հաճելի  բռնապետերէն մէկ քանին նոյնինքն անոնք են, որոնք տրամադրած են այդ դրամական միջոցները: Եւ ասիկա կրնայ ըլլալ պատճառը, ի շարս ուրիշներու,  որ Թրամփ կտրականապէս կը հրաժարի իր հարկային յայտարարագրերը հրապարակելէ:
 
Ինչ կը վերաբերի «Քորոնա» համավարակին՝ Թրամփի անկարողութիւնն  ու տգիտութիւնը ցարդ մահուան պատճառ դարձան աւելի քան 220 հազար ամերիկացիներու, որոնց թիւը օրէ օր կ՛աճի: Ան երբեք լուրջ չէր վերաբերած մահացու ժահրին՝ զայն որակելով իբրեւ դեմոկրատներու կեղծիք եւ 27 Փետրուար 2020ին Սպիտակ Տան մէջ  ըսաւ՝  «Անիկա կ՛անհետանայ: Օր մը, հրաշք կը կատարուի եւ կ՛անհետանայ»։ Ցաւօք, դեռ շատեր կը մահանան մինչեւ այս համավարակին աւարտը: Թրամփ քաղաքական մեծ հանրահաւաքներ ունեցած է երկրի տարածքին եւ Սպիտակ Տան մէջ շարք մը ձեռնարկներ, որոնց մասնակիցներուն մեծ մասը դիմակներ չէ կրած, եւ ընկերային հեռաւորութիւն չէ պահպանուած։ Անոնցմէ շատերը՝ Թրամփի սեփական ընտրողները, վարակուած են, իսկ ոմանք՝ մահացած։ Թրամփն ու իր ընտանիքը եւս վարակուած էին, բայց ան կարծես դասեր չէ քաղած իր անխոհեմ վերաբերումէն:
 
Թրամփ խոստովանեցաւ, որ ինք սիրահարուած է բռնապետերուն եւ դէմ է Միացեալ Նահանգներու աւանդական դաշնակիցներուն։ Լրագրող Պապ Ուուտվորտի տուած հարցազրոյցին մէջ, որ ձայնագրուած է, Թրամփ ըսած  է․  «Ես շատ  լաւ յարաբերութիւններ ունիմ  Էրտողանի  հետ,  թէեւ  այդպէս  պէտք  չէ  ըլլայ,  որովհետեւ  բոլորը  կ՛ըսեն՝  «ինչ սարսափելի մարդ է»։ Բայց գիտես, ես լաւ կը զգամ։ Ծիծաղելի է, որ իմ ունեցած յարաբերութիւնները, որքան աւելի կոշտ ու ստոր են, այնքան ես հաշտ եմ անոնց հետ։ Դուն ինծի օր  մը կը բացատրես, լա՞ւ: Բայց գուցէ ատիկա վատ բան չէ...: Դիւրին մարդիկ անոնք են, որոնց ես թերեւս այդքան շատ չեմ սիրեր կամ այդքան ալ հաշտ չեմ անոնց հետ»։
 
Ուստի զարմանալի չէ, որ Թրամփ մատը չէ շարժած, որպէսզի ճնշում գործադրէ իր լաւ ընկեր Էրտողանի վրայ՝ որպէսզի վերջինս դադրեցնէ զինումն ու խրախուսումը Ատրպէյճանի՝ Արցախի վրայ յարձակման առումով: Ան նոյնիսկ հետաքրքրուած չէ Էրտողանին ըսելու՝ դադրեցնել ահաբեկիչներու տեղափոխումը Հիւսիսային Սուրիայէն Ատրպէյճան, քանի որ Թրամփ անձնական շահ չունի Արցախի պատերազմէն: Մինչդեռ ամէն օր հայ երիտասարդ զինուորներ կը զոհուին։ Եթէ Թրամփ ուզէր, ան կրնար դադրեցնել պատերազմը՝ Էրտողանի ուղղուած մէկ հեռաձայնային զանգով: Բայց, ինչպէս 2015ին Թրամփ խոստովանած է Breitbart News Dailyին. «Ես քիչ մը շահերու բախում ունիմ, որովհետեւ Սթամպուլի մէջ ունիմ մեծ, մե՜ծ շէնք: Այնչափ յաջող աշխատանք է։ Անիկա կը կոչուի Թրամփի աշտարակներ՝ երկու աշտարակ, մէկի փոխարէն, ոչ թէ սովորական, այլ՝ երկու»։
 
Հոկտեմբեր 18ին, Քալիֆորնիա նահանգի Օրանժ շրջանին մէջ խումբ մը հայ ցուցարարները նկատելէ ետք, այդ օր, աւելի ուշ, Նեւատա նահանգի Ռինօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հաւաքի ժամանակ, Թրամփ գովեց հայերը եւ ըսաւ, որ կը հաւնի հայերուն դրօշակը։ Թէեւ Թրամփ չանդրադարձաւ Արցախի պատերազմին, բայց ըսաւ. «Մենք կ՛աշխատինք բաներու վրայ»։ Թերեւս Թրամփ կ՛ակնարկէր Ուաշինկթընի մէջ 23 Հոկտեմբերին նախատեսուած պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյի` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հետ հանդիպման մասին։ Ինչպէս Թրամփ յաճախ կ՛ըսէ՝ «տեսնենք, թէ ի՞նչ կ՛ըլլայ»:
 
Վերջին ամիսներուն շատ գիրքեր գրուած են Թրամփի հարազատներու կամ Սպիտակ Տան աշխատակիցներու կողմէ՝ բացայայտելով անոր բազմաթիւ թերութիւնները: Վերջերս Սպիտակ Տան աշխատակազմի  ղեկավար  նախկին պաշտօնաթող հրամանատար Ճան Քելլի  Թրամփի  մասին  ըսաւ․  «Անոր  անպարկեշտութեան   խորութիւնը  պարզապէս կ՛ապշեցնէ զիս:  Անպարկեշտութիւնը, իւրաքանչիւր  յարաբերութեան  գործարքային  բնոյթը, աւելի  ողորմելի է, քան որեւէ այլ բան: Ան կեանքիս մէջ երբեւէ հանդիպած ամէնէն արատաւոր անձնաւորութիւնն է»:
 
Թրամփի կողմնակիցներուն զարմանալի բաներէն մէկը՝ Թրամփի՝ իբրեւ իրենց պաշտամունքի առարկայ առաջնորդին կոյր հետեւիլն է, որքան ալ անոր արարքները կամ յայտարարութիւնները  քստմնելի  ըլլան։  Ինչպէ՞ս կրնան աւետարանականները եւ այլ պարկեշտ մարդիկ անտեսել անոր  անբարոյ  գործելակերպն ու սուտերը: Ան ապօրինի բազմաթիւ սեռական յարաբերութիւններ ունեցած է մարմնավաճառներու հետ եւ գումարներ վճարած՝ քողարկելու  համար։ Ան հաւանաբար իր կեանքին մէջ երբեք եկեղեցի չէ մտած, բայց զինք կը պաշտեն Աստուծոյ պէս․․․: Ասիկա շատ տխուր է եւ ցաւալի:
 
Թրամփ նաեւ փճացուցած է Միացեալ Նահանգներու հեղինակութիւնը ամբողջ աշխարհի վրայ: Pewի հարցախոյզի համաձայն, Ռուսիոյ նախագահ Փութին աւելի յարգուած է, քան Թրամփ, իսկ համաշխարհային առաջնորդներէն ան ընդամէնը մէկ միաւորով առաջ անցած է Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինէն (29% -28%): Թրամփի վարչակազմը նաեւ խախտած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ ստորագրուած քանի մը միջազգային պայմանագիրներ:
 
Ամփոփելու համար նշենք, որ յօգուտ Պայտընի քուէարկութիւնը Թրամփէն ազատելու քուէ է: Միամիտ չեմ հաւատալու նախընտրական խոստումներուն, բայց մէկ բան հաստատ է, որ Թրամփ պէտք է երթայ: Այնպէս որ, անկախ անկէ, թէ Պայտըն ի՞նչ կը խոստանայ ընել, ան չի կրնար աւելի վատ ըլլալ, քան Թրամփը՝ ամերիկահայերու, Հայաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհին համար: Մենք տեսած ենք Թրամփի ապաշնորհ կառավարման չորս տարիները, եւ այդ բաւական երկար ժամանակահատուած է ինծի եւ շատ ուրիշներու համար: Զարմանալի չէ, որ բազմաթիւ վերլուծաբաններ կ՛ըսեն. «Թրամփ պիտանի չէ նախագահ ըլլալու համար»: Ժամանակն է, որ խելամտութիւնը վերադառնայ Սպիտակ Տուն․․․: Պատկերացուցէք, թէ Թրամփ ի՛նչ վնաս կրնայ հասցնել իր երկրորդ պաշտօնավարման ընթացքին, եթէ չկաշկանդուէր վերընտրուելու մտահոգութիւններով․․․
 
Յարութ Սասունեան
Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն