Յարութ Սասունեան.Հաւանական Է, Որ Հայկական Համազգեստով Ատրպէյճանցի Զինուորներու Վրայ Կրակած Են Իրենց Իսկ Զօրքերը


Յարութ Սասունեան.Հաւանական Է, Որ Հայկական Համազգեստով Ատրպէյճանցի Զինուորներու Վրայ Կրակած Են Իրենց Իսկ Զօրքերը

  • 28-10-2020 18:05:26   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն

25 Հոկտեմբեր 2020ին Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը մեծ խանդավառութեամբ յայտարարեց Արցախի պատերազմի մէջ վերջին քանի մը շաբթուան ընթացքին հրադադարի երրորդ փորձի մասին։ Առաջին երկու հրադադարները խախտուած էին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ՝ ուժի մէջ մտնելէ քանի մը վայրկեաններ ետք։ Նոր հրադադարի մասին յայտարարութիւն կատարուեցաւ այն բանէն ետք, երբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները հասան Ուաշինկթըն եւ առանձին հանդիպումներ ունեցան պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյի հետ, 23 Հոկտեմբեր 2020ին:
 
Այս վերջին «մարդասիրական հրադադարը» ուժի մէջ մտաւ 26 Հոկտեմբերին, տեղական ժամանակով առաւօտեան ժամը 8ին: Ցաւօք, երրորդ հրադադարը եւս խախտուեցաւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ քանի մը վայրկեան անց: Ասիկա կը վկայէ այն մասին, որ Ատրպէյճան, Թուրքիա եւ Սուրիայէն ժամանած ճիհատիսթական  վարձկանները մտադրութիւն չունին դադրեցնելու պատերազմը, քանի որ դեռ Արցախը չեն մաքրած տեղի հայ բնակչութենէն, բան մը, որ բազմաթիւ անգամ յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: Հայաստան եւ Արցախ, երեք միլիոնէ քիչ մը աւելի բնակչութեամբ, կը պայքարին աւելի քան 90 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միացեալ ուժերու դէմ: Ասիկա Դաւիթին պայքարն է Գողիաթի դէմ: Ասիկա նաեւ կը նշանակէ, որ ատրպէյճանական հզօր բանակը, մինչեւ ակռաները զինուած Իսրայէլէն եւ Ռուսիայէն միլիառաւոր տոլարներու ժամանակակից զէնքերով, չի կրնար իր մարտերը մղել՝ առանց յենելու թուրք զինուորականներու եւ իսլամիստ վարձկաններու վրայ: Նոյնիսկ իրենց միացեալ ուժերով՝ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա մէկ ամիս տեւած մարտերէ ետք անկարող են նուաճելու Արցախը․․․
 
Վերջին շաբաթներու ընթացքին Նեւատայի, Օհայոյի եւ Նիւ Հեմշիրի մէջ կայացած նախընտրական հանրահաւաքներուն նախագահ Թրամփ իր ելոյթներուն ընթացքին երեք անգամ յիշատակած է հայերը: Ան հաճոյախօսութիւններ ըրած է հայերու մասին, սակայն բառերը անիմաստ են, այնքան ատեն որ անոնց չեն հետեւիր գործողութիւնները: Թրամփին կը մնայ միայն վերցնել հեռախօսը, հեռաձայնել իր ընկերոջը`Էրտողանին, եւ ըսել, որ դադրեցնէ աջակցութիւնը Ատրպէյճանի եւ յետս կոչէ իր հաւաքագրած եւ Ատրպէյճան տեղափոխած ահաբեկիչները: Փոխարէնը, Թրամփ ըրաւ այն, ինչ որ ձեռնտու է իրեն՝ առաջին հերթին 3 Նոյեմբերին վերընտրուելու նպատակով դիմելով ամերիկահայ ընտրողներուն:
 
Ռազմական գործողութիւններէ բացի, կան նաեւ այլ ճակատներ, ուր հայերն ու ատրպէյճանցիները կը պայքարին միմեանց դէմ: Միացեալ Նահանգներու մէջ քանի մը բանաձեւեր ներկայացուած են Ներկայացուցիչներու Պալատ եւ Ծերակոյտ՝ ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը եւ արգիլելու զէնքի վաճառքը Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ: Նման քայլերու ձեռնարկուած են Գանատայի, Ֆրանսայի եւ Աւստրալիոյ հայ համայնքներու կողմէ: Հայկական համայնքները նաեւ զանգուածային բողոքի ցոյցեր կազմակերպած են Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Աւստրալիոյ, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Եւրոպայի քաղաքներու մէջ:
 
Ամերիկահայերը եւ ընտրուած պաշտօնեաները ճնշում գործադրած են լոպիիստական տարբեր  ընկերութիւններու վրայ, որոնք վարձուած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ՝ որպէսզի դադրեցնեն իրենց քարոզչական ջանքերը: Անցեալ Շաբաթ Մերքիւրի հանրային ռազմավարութեան ընկերութիւնը (Mercury Public Affairs) յայտարարեց, որ դադրեցուցած է լոպիիստական  պայմանագիրը Թուրքիոյ հետ: «Մերքիւրի» Թուրքիան կը ներկայացնէ 2013 թուականէն ի վեր: Այս տարուան Փետրուարին «Մերքիւրի» կնքած է մէկ միլիոն տոլարի պայմանագիր՝ Թուրքիոյ դեսպանատունը ներկայացնելու համար: Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդը «Մերքիւրի»ն յորդորած էր՝ դադրեցնելու պայմանագիրը Թուրքիոյ հետ, այլապէս այլեւս գործ պիտի չունենայ ընկերութեան հետ: Այսպիսի յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ Լոս Անճելըսի համայնքային համալսարանի շրջանը։
 
Լոպիիստական ուրիշ մեծ ընկերութիւն մը՝ DLA Piper, տեղեկացուց Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան, որ այլեւս չի ներկայացներ Ատրպէյճանի երկաթուղիները: 13 Հոկտեմբերին Livingston Group  վերջ տուաւ  Ատրպէյճանի համար իր լոպիիստական գործունեութեան: BGR լոպիիստական  ընկերութիւնը հրաժարեցաւ Ատրպէյճանի SOCAR պետական քարիւղի ընկերութիւնը ներկայացնելէ, կը յայտնէ AHVAL News:
 
Միւս կողմէ, Հայաստան երբեք չէ վարձած լոպիիստական կամ հասարակայնութեան հետ կապերու ընկերութիւններ: Հազուադէպ օրինակ էր, երբ ՀՀ կառավարութիւնը լոպիիստական պայմանագիր կնքեց Alston & Bird իրաւաբանական ընկերութեան հետ (կապուած նախկին ծերակուտական Պապ Տոլի հետ), տասը հազար տոլարով՝ 15 Սեպտեմբեր 2020էն մինչեւ 14 Հոկտեմբեր: Յայտնի չէ, թէ արդեօք այդ պայմանագիրը երկարաձգուա՞ծ է, կա՞մ ոչ: Թէեւ լոպիիստական կամ հասարակայնութեան հետ կապերու ընկերութիւններ վարձելը միշտ ալ օգտակար է, սակայն հայ համայնքը այնքան ալ կախուած չէ այդ հարցէն, քանի որ անոնք քաղաքականապէս աշխուժ են եւ կ՛ապաւինին Ուաշինկթընի իրենց սեփական կազմակերպութիւններուն, ինչպիսիք են Ամերիկայի Հայկական Համագումարը եւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը: Միւս կողմէ, Ատրպէյճան եւ Թուրքիա պարտաւոր են միլիոնաւոր տոլարներ ծախսել լոպիիստական գործունէութեան համար՝ փորձելով իրենց աղտոտ լուացքը ներկայացնել իբրեւ մաքուր:
 
Ապատեղեկատուական պատերազմի մէկ այլ կողմն է տարբեր երկիրներու թերթերու էջերուն եւ ընկերային ցանցերու մէջ մղուող պայքարը։ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը ամէն տարի ամբողջ  հարստութիւն  մը կը ծախսէ՝ գրողներ վարձելու համար՝ Հայաստանը սեւցնելու եւ Ատրպէյճանի բռնապետութիւնը փառաբանելու համար: Մէկ այլ ճակատ՝ ընկերային ցանցերն են: Ամէն անգամ, երբ ոեւէ յայտնի ամերիկացի կամ եւրոպացի կը յայտարարէ իր հանրային դիրքորոշումը յօգուտ Հայաստանի, ատրպէյճանցիներու եւ անոնց վճարովի գործակալներու հորդան կը հետապնդէ այդ մարդիկը եւ զանոնք կը ստիպէ հրաժարիլ իրենց յայտարարութիւններէն:
 
Վերջին օրերուն քանի մը հաղորդում եղաւ այն մասին, որ ատրպէյճանական զօրքերը կը կրեն հայ զինուորներու համազգեստներ, ըստ ամենայնի, կռուի դաշտի վրայ շփոթ ստեղծելու համար: Նման կռիւներէ մէկուն մէջ յայտնաբերուած էին հայկական համազգեստով 40 ատրպէյճանցի զինուորներու մարմիններ։ Իմ կարծիքով, այսպիսի գործողութիւն, հայերը շփոթեցնելու փոխարէն, կը յանգեցնէ անոր, որ ատրպէյճանցիները կը կրակեն իրենց զինուորներուն վրայ՝ զանոնք համարելով հայեր:
 
Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է բողոք ներկայացնէ Միջազգային քրէական դատարան (ՄՔԴ)՝ ատրպէյճանցի զինուորներու բարբարոսական վարքագիծին վերաբերեալ: Տեսանիւթի մը մէջ ատրպէյճանցի զինուորները կը գնդակահարեն երկու հայ ռազմագերիներ: Միւսին մէջ, ատրպէյճանցի զինուորները կը կտրեն զոհուած հայ զինուորին գլուխը: Երրորդ սարսափելի տեսանիւթի մը մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս ատրպէյճանցի զինուորները մորթազերծ կ՛ընեն հայ զինուորը ողջ վիճակի մէջ: Ասոնք պատերազմական յանցագործութիւններու բացայայտ դէպքեր են: Ատրպէյճան պէտք է դատապարտուի ՄՔԴի կողմէ եւ պատասխանատուութիւն կրէ այդ անմարդկային գործողութիւններու համար: Աւելին, Ատրպէյճան կ՛օգտագործէ «քասեթային» ռումբեր, որոնք արգիլուած են միջազգային մարդասիրական օրէնսդրութեամբ: Աւելին, Ատրպէյճան ամէն օր հազարաւոր հրթիռներ կ՛արձակէ Արցախի քաղաքներու եւ գիւղերու խաղաղ բնակչութեան ուղղութեամբ: Ատրպէյճան ոչնչացուցած է նաեւ հայերու հարիւրաւոր տուներ, դպրոցներ եւ եկեղեցիներ: Ասոնք բացայայտ յանցագործութիւններ են: Ատրպէյճան պէտք է շատ սուղ վճարէ իր բարբարոսական վերաբերումին համար:
 
Դրականը այն է, որ առաջին անգամ ըլլալով ամբողջ աշխարհի տասը միլիոն հայերը միացած են: Իւրաքանչիւր հայ կը գիտակցի, որ ասիկա գոյապայքար է։ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան մտադիր են երկրորդ ցեղասպանութիւն իրականացնել հայերու դէմ: Մինչեւ օրս հայերը հանգանակած են աննախադէպ գումար՝ 150 միլիոն տոլար եւ միլիոնաւոր տոլարներու մարդասիրական օգնութիւն: Միակ բանը, որ կը պակսի՝ ոեւէ միլիառատէր հայու կողմէ մէկ միլիառ տոլարի նուիրատուութիւնն է՝ Հայաստանի եւ Արցախի գոյատեւման աջակցելու համար: Ի վերջոյ, Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման համար անհրաժեշտ է օրական 30 միլիոն տոլար:
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝  Սեդա Գրիգորեան
 
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն