Լոյս տեսաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի գիտաժողովի նիւթերու ժողովածուն


Լոյս տեսաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի գիտաժողովի նիւթերու ժողովածուն

  • 19-03-2021 12:05:15   | Լիբանան  |  Նոր գրքեր

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»-ի 14-րդ հրատարակութիւնը նուիրուած է Մարտ 2018-ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած եռօրեայ համահայկական համագումարին։
 
Հատորին խմբագիրն է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան։ Ժողովածուն հրատարակութեան երաշխաւորած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկի գիտական խորհուրդը։
 
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի նուիրուած Սրբատառ Կոնդակին, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն նախագահներուն, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Կաթողիկէ Պատրիարքին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Միութեան նախագահին ողջոյնի խօսքերու կողքին, ժողովածուն կ՚ընդգրկէ համագումարի 33 զեկուցաբերներուն գիտական եւ պատմական վերլուծութիւնները՝ նորանկախ Հայաստանի զանազան բնագաւառներուն առնչուած, ինչպէս նաեւ Արցախի հարցը մեծ պետութիւններու աշխարհաքաղաքական հոլովոյթին մէջ։ Հատորը նաեւ կ՚ընդգրկէ Արամ Մանուկեանի տիպարը, Վանի հայկական իշխանութիւնը, անկախական շարժումը եւ անկախութեան գաղափարի արծարծումը խորհրդային Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ հայկական հարցը արտաքին քաղաքականութեան առնչուած նիւթեր։
 
Հատորը կը բաղկանայ 575 էջերէ եւ կը ներառէ համագումարէն խումբ մը նկարներ։
 
Յիշեցնենք, որ գիրքը կրնաք ձեռք ձգել Կաթողիկոսարանի գրախանութէն եւ կամ այցելելով գրատան կայքը՝ www.ciliciabookstore.com։
 
 
Նոյյան տապան  -   Նոր գրքեր