Ամօթալի Պատմութիւն Վիրաւոր Հայ Զինուորի Մը Մասին, Որ Անտեսուած Է Ու Զրկուած՝ Բժշկական Օգնութենէ


Ամօթալի Պատմութիւն Վիրաւոր Հայ Զինուորի Մը Մասին, Որ Անտեսուած Է Ու Զրկուած՝ Բժշկական Օգնութենէ

  • 15-04-2021 12:47:30   | Հայաստան  |  Վերլուծություն

 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
www.TheCaliforniaCourier.com
 
Կարդացի սրտաճմլիկ պատմութիւնը հայ զինուորի մը, որ  վիրաւորուած է արցախեան վերջին պատերազմին եւ թէ, ցաւօք, բազմիցս մերժած են բուժել զայն Հայաստանի մէջ։ Ասիկա խայտառակութիւն է։ Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է ամէն միջոց տրամադրէ, որ հայրենիքի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը վտանգած երիտասարդները կարենան իրենց վէրքերը բուժել առանց դիւանակալական (bureaucratic) քաշքշուքներու եւ կոպիտ մերժումներու:
 
2020ի արցախեան պատերազմին վիրաւորուած զինուորական ծառայող Սիմոն Յովհաննիսեան 3 Ապրիլ 2021ին բաց նամակ մը գրեց «Հետք» հետաքննական պարբերականին՝ նկարագրելով, թէ ինչպէ՛ս բժշկական բազմաթիւ հիմնարկներ երես թեքած են իրմէ, երբ բուժում ստանալու խնդրանքով դիմած է անոնց։ Ցաւօք, Յովհաննիսեանի մղձաւանջային պատմութիւնը եզակի օրինակ մը չէ։ Ուրիշ բազմաթիւ վիրաւոր զինուորներ կան, որոնք բուժուելու ընթացքին կը բախին նման աններելի կացութիւններու:
 
Յովհաննիսեան կը գրէ, որ 3 Հոկտեմբեր 2020ին գացած է Երեւանի զինուորական մատակարարութիւն եւ կամաւորագրուած է հայրենիքի պաշտպանութեան գործին։ 25 Հոկտեմբերին՝ ստանալով համապատասխան հրաման, տեղափոխուած է Արցախի Մարտակերտի զօրամաս եւ 27 Հոկտեմբերէն մինչեւ 18 Նոյեմբեր ծառայած է առաջին գիծ։
 
10 Նոյեմբերին, հրադադարէն վայրկեաններ առաջ, ան վիրաւորուած է հիթիռի մը հարուածէն։ Յաջորդող ութ օրերուն ան փորձած է կապուիլ զինուորական պաշտօնեաներուն՝ իր եւ միւս զինուորներուն համար բժշկական օգնութիւն ստանալու խնդրանքով։ Բախելով անտարբերութեան՝ ան փորձ ըրած է ինքնակամ երթալ գունդ։ Ճամբան հանդիպած է բուժական ծառայութեան մեքենայի մը եւ համոզած է անոր վարորդը, որ զինք եւ երկու ուրիշներ փոխադրէ բժշկական հաստատութիւն՝ որպէսզի անհրաժեշտ օգնութիւնը ստանան: Անոնք ղրկուած են Դրմբոն գիւղի հիւանդանոցը, ուր ըսուած է իրեն, որ ճմլուածք ստացած է: Սակայն, քանի որ իրեն համար այլեւս բան մը չէին կրնար ընել հիւանդանոցին մէջ, առաջարկած են իրեն երթալ Երեւան։
Յովհաննիսեան վերջապէս կը հասնի Երեւան՝ գրպանէն վճարելով 45 հազար դրամ։ Ան կը գտնէ Երեւանի զօրամասը, կը ներկայացնէ փաստաթուղթերը եւ օգնութիւն կը խնդրէ հիւանդանոց ընդունուելու համար: Զօրամասէն իրեն կ՛ըսեն․ «Դուք այլեւս մեզ մօտ արձանագրութիւն չունիք, մեր գործը չէ, դիմեցէք զինուորական մատակարարութիւն»։ Զինուորական մատակարարութիւնը իր հերթին կը նշէ․ «Դուք այլեւս ծառայութեան մէջ չէք, պէտք է դիմէք քաղաքացիական դարմանատուն»։
Դարմանատան մէջ կ՛ըսեն իրեն․ «Մենք չունինք ձեզի պիտանի մասնագէտ։ Ամիս մը ետք արձակուրդէն կը վերադառնայ ԼՈՌ բժիշկը (քիթ-կոկորդ-ականջի մասնագէտ), եկէք, թող քննէ ձեզ․․․: Մենք չենք գիտեր, թէ ձեզ ո՞ւր պէտք է ղրկենք բուժուելու»։
Զինուորական կոմիտէութենէն կը թելադրուի իրեն․ «Տղա՛յ ջան, արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով կ՛ըսեմ, որ քու անունդ մեր ցանկերուն մէջ չկաս, դիմէ՛ քաղաքացիական հիւանդանոց»:
«Աստղիկ» բժշկական կեդրոնին պատասխանը կ՛ըլլայ․ «Դուք պէտք ունիք քանի մը մասնագէտի։ Եթէ պետական պատուէր կ՛ուզէք, ապա գիտցած եղէք, որ այդ պարագային պէտք է հիւանդանոցէն թուղթ բերէք, որ մասնակցած էք պատերազմին, ապա միայն մենք կը սպասարկենք»։  
«Քանազ» հիւանդանոցէն կ՛ըսեն․ «Գիտէք չէ՞, որ ձեր զինուորական կոմիտէութեան հաստատագիրը հին է, գացէ՛ք, նորը առէ՛ք, որ ձեր ուզած թուղթը տանք»:
Զինուորական կոմիտէութեան մէջ կը թելադրեն իրեն․ «Երկու օրէն եկէք, վերցուցէք այդ փաստաթուղթը»։ Երբ ան կը վերադառնայ, հիւանդանոցին մէջ կ՛ըսեն․ «Գիտէ՞ք որ արդէն վերջացած է ձեր ծառայութիւնը: Հետեւաբար, մենք թուղթ չենք կրնար տալ ձեզի, ոչ ալ մեր միջոցներով կրնանք ստուգել ձեր իրավիճակը»։
Այս քաշքշուքներէն յոգնած՝ վիրաւոր զինուորը կ՛որոշէ դիմել «Նայիրի» մասնաւոր բժշկական կեդրոն։ Քննութենէն կը պարզուի, որ ան ունի ճմլուածք, լսողութեան կորուստ եւ ուղեղի ցնցում։
Ան կը վճարէ դեղորայքի եւ քննութեան համար, իսկ յետոյ երեւան կու գայ, որ կան քանի մը պետական ծրագիրներ, որոնց շնորհիւ ան կրնար անվճար դեղեր եւ բժշկական օգնութիւն ստանալ: Անոր նաեւ կ՛ըսուի, որ կրնայ դիմում կատարել զինուորական հաշմանդամութեան համար։
Առ այդ, հայրենիքի պաշտպան զինուորը կը դիմէ ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւն, որ անմիջապէս կը մերժէ վիրաւոր զինուորին դիմումը։ Կը պատասխանեն․ «Դուք չկաք պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ տրամադրուած ցանկին մէջ»։ Այնուհետեւ ան կը հեռաձայնէ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւն՝ բացատրելով իր հարցը: Կը թելադրեն՝ հեռաձայնել այլ թիւի մը: Երկու օր հրատապ գիծով որեւէ պատասխան չստանալէ ետք, անոր կու տան երրորդ թիւ մը, որով ան ամբողջ օրը կը փորձէ խօսիլ մէկու մը հետ։ Վերջապէս, երեկոյեան մէկը կը պատասխանէ եւ կոշտ ոճով կ՛ըսէ. «Ինչո՞ւ կը հեռաձայնէք ինծի: Ես նման գործերով չեմ զբաղիր»:
Վիրաւոր զինուորը կը ստիպուի դարձեալ կապուիլ հրատապ գիծին: Կը պատասխանեն այսպէս․ «Գիտէ՞ք, թերեւս պէտք է կապուիք պաշտպանութեան նախարարութիւն»։ Ոչ ոք կը պատասխանէ։ Այս անգամ ան կը հեռաձայնէ պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմաբժշկական վարչութիւն։ Դարձեալ ոչ մէկ պատասխան։ Ելեկտրոնային նամակ մը կը յղէ։ Նորէն քար լռութիւն․․․
Ճարահատ, վիրաւոր զինուորը նորէն կը փորձէ զինուորական կոմիտէութեան թիւը։ Կ՛ըսեն. «Եղբայր, մինչեւ օրս Արցախէն թուղթերդ անգամ չեն հասած մեզի, թէ ո՞ւր էիր, ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ․․․»։ Զինուորը վերստին ծայրէն կը պատմէ իր ամբողջ պատմութիւնը։ Միւս կողմէ կը պատասխանեն. «Դեհ, կը հարցնենք, քեզի կը հեռաձայնենք»։ Անոնք երբեք չեն հեռաձայներ․․․
Ծանր դրութեան մատնուած վիրաւոր զինուորը կրկին կը կապուի Պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմաբժշկական վարչութիւն, ուրկէ կը լսէ․ «Տուէք մեզի հիւանդանոցին բժշկական արժեւորումը ձեր իրավիճակին մասին, որպէսզի մենք աւելցնենք ձեր անունը մեր ցանկին վրայ»։ Անճրկած, տղան կը պատասխանէ, որ չի կրնար տրամադրել այդ փաստաթուղթը, քանի որ հիւանդանոցը հրաժարած է բուժել զինք: Կ՛ըսեն իրեն. «Գնա՛ զինուորական մատակարարութիւն»: Վերջին անգամ ըլլալով ան նորէն կը դիմէ նշեալ հասցէին եւ կը խնդրէ կոմիտէութեան օգնութիւնը։ Հոնկէ կը պատասխանեն. «Մեզի թուղթ չի հասնիր, բոլոր հարցումները անպատասխան կը մնան, եթէ հարցդ լուծել կ՛ուզես, գնա՛, հասի՛ր Մարտակերտ, ա՛ռ եւ բե՛ր»:
Այնուհետեւ վիրաւոր զինուորը նամակ մը կը գրէ ՀՀ Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանի՝ բացատրելով իր ամբողջ պատմութիւնը։ Հեռաձայնային երկու անհեթեթ զանգ կը ստանայ. «Բայց ինչո՞ւ դիմում գրած էք։ Ի՞նչ է հարցը»։ Ան նորէն կը պատմէ իր պատմութիւնը։ Անոնք կ՛ըսեն․ «Դեհ, գիտէք, բժշկական արժեւորում պէտք է․․․»։ Տղան կ՛ըսէ, որ չունի, քանի որ չեն բուժած զինք հիւանդանոցի մէջ։ Պատասխանը կ՝ըլլայ. «Կը հեռաձայնենք», բայց երբեք չեն հեռաձայներ։
Վիրաւոր զինուորը իր տխուր ու խճճուած պատմութիւնը կ՛աւարտէ հետեւեալ հզօր խօսքերով․ «Հիմա ի՞նչ, վերջը ի՞նչ․․․: Այդ ո՞ւր էք, պարոնա՛յք, արթնցէ՛ք, վեց ամիսէն աւելի  անցած է, բայց ինծի պէս հազարներով տղաներ  կան դեռ․․․: Երբ գրասենեակ կը մտնես, ոտքը-ոտքին նետած, նստած՝ սուրճ կը  խմէք  եւ  ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրումներ կ՛ընէք, թէ որքան հայրենասէր էք ու, թէ՝ «ներեցէք մեզ, տղաներ, որ մեռաք մեզի համար»: Այդ ինչպէ՞ս եղաւ, որ  պատերազմի  աւարտին առաջին իսկ օրը կուրցաք եւ մէկու մը ցաւը,  ապրածը,  դժուարութիւնը այլեւս «ձեր  ճիւերուն չէ»։ Ինծի՝  վիրաւորիս կ՛առաջարկէք Մարտակերտ երթամ, որ թո՞ւղթ բերեմ․․․:  Հոգեբանական  ու տարրական անվտանգութեան խնդիրներու հետ միասին՝ կը հարցնեմ ձեզի՝ արդեօք ձեր շնականութեան մակարդակը չէ՞ք զգար․․․:  Նոյն  ձեւո՞վ կը խօսիք կորսուած  զինուորի  ծնողին,  հարազատին, աւելի  ծանր հաշմանդամութիւն  ունեցող, բայց փաստաթուղթ չունեցող կամաւորին հետ․․․: Լուծեցէ՛ք  ոչ  միայն իմ,  այլեւ  բոլորիս հարցը։ Անյապա՛ղ լուծեցէք․․․: Հակառակ պարագային, մե՛նք պիտի ըլլանք ձեզ գրողին ծոցը ղրկողները, յոյս ունիմ, որ հանրութիւնն ալ համաձայն է մեզի այս հարցով։ Անմիջապէս լուծեցէ՛ք»։
Ասիկա խայտառակութիւն է: Ես զարմացած եմ, որ ոչ մէկ հայ պաշտօնեայ ներողութիւն  խնդրած է վիրաւոր այս զինուորէն եւ իր նմաններէն, ոչ ալ փորձ ըրած է անմիջապէս  կազմակերպելու այս տղոց բուժումը: Դժբախտաբար, երբ տեղի ունենայ յաջորդ պատերազմը, ոչ մէկ երիտասարդ պիտի փափաքի կամաւորագրուիլ կամ ծառայել բանակին մէջ։ Անկախ կուսակցական քաղաքական հարցերէ, այս վիրաւոր զինուորները մեր ազգին զաւակներն են եւ արժանի են առաւելագոյն հոգածութեան: Անոնք վճարեցին հայրենիքի նկատմամբ իրենց պարտքը եւ այժմ Հայաստանի կառավարութեան կարգն է՝ առնուազն հոգատար վերաբերում ցոյց տալ այս տղոց։
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play