Մինաս Չերազի Նամակը` 1925թ. Արշակ Չօպանեանի գրական գործունէութեան 35-րդ Յոբելեանի կազմակերպիչ Յանձնաժողովին
15-10-2022 19:26:04 | Հայաստան | Հասարակություն
Շաքէ Մանկասարեան
Արշակ Չօպանեանի 35-ամեայ գրական գործունէութեան տօնախմբման հանդէսը հովանաւորող Մինաս Չերազի նամակը:
Ազնիւ պարոններ,
Այսօր ստացայ այն նամակը, որով կը յայտնէք թէ որոշած էք իմ ալ հովանաւորութիւնս խնդրել Արշակ Չոպանեանի Յոբելեանին համար, եւ կը փութամ պատասխանել թէ սիրով կ'ընդունիմ Ձեր որոշումը։
|Երբ Չոպանեան ուսանող մ'էր Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի գրասեղաններուն վրայ, գուշակեցի թէ մեծ գրագէտ մը պիտի ըլլար: Գուշակութիւնս կատարուեցաւ եւ աւելին ալ եղաւ: Չօպանեան ազգային - քաղաքական կարեւոր գործիչ մը հանդիսացաւ, եւ իր գործունէութիւնը պատուաբեր եղաւ օտարին առջեւ, ինչպէս որ եղած է իր գրականութիւնն ալ։ Արժանի է ուրեմն որ իր յոբելեանը տօնուի փառաւորապէս, եւ ազգը պարտաւոր է, ամէն կուսակցական դժկամութիւն մէկդի ձգելով, խրախուսել զայն բարոյապէս ու նիւթապէս եւ ցոյց տալ թէ ապերախտութիւնը Հայկական մոլութիւն մը չէ ։
Փայլուն յաջողութիւն մաղթելով պատուարժան Յանձնախումբիդ ձեռնարկին, կը մնամ՝ յարգալից զցացումներով,
Ձեր անձնուէր
ՄԻՆԱՍ ՉԵՐԱԶ
Առ ի տեղեկութիւն .- 1887-ին Չօպանեան մտաւ Ղալաթիոյ Ազգ. Կեղրոնական Վարժարանը, որ տարի մը առաջ հիմնուած էր: Տնօրէնը՝ Մինաս Չերազ, տեսնելէ յետոյ անոր երկու տետրակ բանաստեղծութիւնները, առաջին տարիէն իսկ զինքը երկրորդ կարգ բարձրացուց:
Արշակ Չօպանեան (15 Յուլիս 1872, Պէշիկթաշ, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 8 Յունիս 1954, Փարիզ, Ֆրանսա), հայ գրող, քննադատ, բանասէր, լրագրող եւ հանրային գործիչ։ Դեռ պատանի կը մօտենայ «Արեւելք» օրաթերթի շրջանակին եւ լոյս կ'ընծայէ թարգմանութիւններ՝ ֆրանսացի իրապաշտ գրագէտներէ։ Պահ մը ուսուցչութեամբ եւ հրապարակագրութեամբ զբաղելէ ետք, շուտով (1893) կը մեկնի Փարիզ, ուր կը ծանօթանայ ֆրանսացի գրական դէմքերու։
Պոլիս դարձէն եւ «Ծաղիկ» գրական թերթի հիմնումէն հազիւ երկու տարի անց, համիտեան սարսափներուն՝ 1896-ին կրկին կը մեկնի Փարիզ, այս անգամ վերջնականօրէն, հոն ճգնաւորի կենցաղով ամբողջ կեանք մը անցնելու համար։
1898-ին, կը հիմնէ «Անահիտ» գրական ամսաթերթը Փարիզի մէջ, 1898-1911 թթ. եւ երկար ընդհատումէ ետք, «Անահիտ» երկրորդ շրջան մը կ'ունենայ 1929-1940-ին եւ վերջին շրջան մը՝ 1946-1949-ին։
Չօպանեանի ծաւալուն գրական գործունէութիւնը կը գտնէ լայն ճանաչում։ Կը տօնուին անոր յաջորդական յոբելեանները։ Կը ստանայ շքանշան՝ նաեւ Ֆրանսական Ակադեմիայէն, յատկապէս թարգմանական իր գործին համար։
Մահացած է ինքանշարժի արկածի մը հետեւանքով։
ՄԻՆԱՍ ՉԵՐԱԶ
Մինաս Չերազ (25 Յուլիս 1852, Խասգիւղ, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 28 Մարտ 1929, Մարսէյլ), հայ գրող, խմբագիր, թարգմանիչ եւ հասարակական գործիչ: 1878-ին անդամ կը նշանակուի Խրիմեան Հայրիկի Պերլինի վեհաժողով մեկնած հայկական պատուիրակութեան իբրեւ թարգմանիչ եւ քարտուղար։ Նոյն տարին, Պերլինէն վերադարձին, կը հրատարակէ գրքոյկ մը՝ «Ի՞նչ շահեցանք Պերլինի վեհաժողովէն»։ 1886-1889, կը վարէ Ազգ. Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութիւնը:
37 տարեկանին օսմանեան իշխանութիւններու հետապնդումներէն խուսափելու համար կը մեկնի Լոնտոն, կը հիմնադրէ անգլերէն եւ ֆրանսերէն «Արմենի» թերթը։ Հետագային կը հաստատուի Ֆրանսա։
Չերազը 1929թ. մահացած է Փարիզի մէջ եւ թաղուած այն գերեզմանատան մէջ, ուր եւ 1935 թուականին, անոր շիրմաթմբի հարեւանութեամբ, թաղուած էր նաեւ Կոմիտաս Վարդապետ։ 1936 թուականին Կոմիտասի աճիւնի հետ Փարիզէն Երեւան բերուած է նաեւ Մինաս Չերազի աճիւնը։ Չերազի թաղումը մեծ շուքով եղած է Նուպարաշէնի՝ անոր դրամով կառուցուած դպրոցի բակին մէջ։ Մէկ թէ երկու տարի անց Չերազի աճիւնը դպրոցի բակէն կը հանեն։ Հիմա անոր աճիւնի վայրը յայտնի չէ։ https://hy.wikipedia.org/
Առ ի տեղեկութիւն.-
Վահան Չերազը արեւմտահայ յայտնի հասարակական-քաղաքական գործիչ, խմբագիր եւ գրող Մինաս Չերազի եղբորորդին է, իսկ հայրը՝ Գասպար Չերազը, Պոլսում յայտնի իրաւաբան։ Մինաս Չերազը, չունենալով ժառանգներ, Վահանին ուղղած է իր ողջ ուշադրութիւնը՝ լուրջ դերակատարութիւն ունենալով անոր կրթութեան ու դաստիարակութեան գործին մէջ։
Երբ Մինաս Չերազին կը նշանակեն արեւմտահայութեան հարցերու ներկայացուցիչ Լոնտոնի մէջ, ան իր հետ կը տանի նաեւ Վահանին, որ կրթութիւն կը ստանայ Լոնտոնի մէջ։ Այդ տարիներուն Անգլիոյ մէջ մեծ թափ կ'առնէ մարզական շարժումը, որ ի վերջոյ կը վերածուի սկաուտական շարժումի։ Վահան Չերազը այդ ամէնուն մէջ կը մեծնար՝ դառնալով այդ գաղափարներու կրողը։ 1908 թ․ երբ Վահան Չերազը հօրեղբոր հետ կը վերադառնայ Պոլիս, կ'ընդունուի Կեդրոնական վարժարան։
1908 թ. Վահանը իր համախոհներով Պոլսոյ մէջ կը ստեղծէ հանրահայտ «Տորք» հայկական մարզական ակումբը, ուր ան ֆուտպոլի թիմի առաջատար խաղացողն էր: 1912-ին «Տորք» մարզական ակումբը Պոլսոյ մէջ կը կազմակերպէր նաեւ լողի, թենիսի ու հեծանիւ-վազքի մրցումներ: 1913-14 թթ. Վ. Չերազը կրթութիւնը կը շարունակէ Մարսէլի ծովագնացութեան բարձրագոյն դպրոցին մէջ։ Ան կը տիրապետէր 4 օտար լեզուի՝ անգլերէն, ֆրանսերէն, յունարէն եւ թրքերէն։ Վահան Չերազ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն հիմնադիր անդամներէն է ՀՄԸՄ (Հ.Մ.Ը.Մ.) անունով։