ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Նախագահ Հասթերթը Պէտք է Հարցաքննուի Նաեւ Թրքական Կաշառակերութեան Մեղադրանքներու Համար


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Նախագահ Հասթերթը Պէտք է Հարցաքննուի Նաեւ Թրքական Կաշառակերութեան Մեղադրանքներու Համար

  • 08-06-2015 15:19:55   | USA  |  Articles and Analyses

Անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախկին նախագահ Տենիս Հասթըրթին մեղադրանք առաջադրուեցաւ դաշնակցային դատախազներու կողմէ.
1) Հետաքննութիւններու դաշնակցային պիւրոյին (FBI) ստելու համար, թէ ինչու տարբեր դրամատուներէ մօտ 1.7 միլիոն տոլար հանած է վերջին չորս տարուան ընթացքին.
2) Դրամատուներու կողմէ մեծ եւ կանխիկ գործարքներու համար պահանջուող հաշուետւութիւններէն խուսափելու պատճառով:
Այս մեղադրանքներէն իւրաքանչիւրով անոր կը սպառնայ առաւելագոյն հինգ տարուան ազատազրկում եւ 250 հազար տոլարի տուգանք:
Ըստ ներկայացուած մեղադրանքին, Հասթըրթը 2010 թուականին գաղտնի հանդիպում ունեցած է իր նախկին ուսանողներէն մէկուն հետ եւ համաձայնած է անոր վճարել 3.5 միլիոն տոլար, որպէսզի ան լռութիւն պահպանէ իր «անցեալի վատ արարքին» համար, երբ ան ըմբշամարտի մարզիչ էր Իլինոյիսի Եորքուիլ դպրոցին մէջ, 1965-1981 թուականներուն: 73-ամեայ Հասթըրթը այդ հանդիպումէն սկսեալ անոր վճարած է 1.7 միլիոն տոլար՝ սկիզբը 50 հազարական տոլար հանելով միաժամանակ քանի մը դրամատուներէ, իսկ հետագային դրամատան պաշտօնեաներու կասկածանքին պատճառով կրճատելով զանոնք մինչեւ 10 հազարական տոլարի` դրամատնային հաշուետւութեան պահանջներէն խուսափելու համար:
2014 թուականի Դեկտեմբերին, երբ FBI-ը անոր հարցուցած էր, թէ ինչո՞ւ այդպիսի մեծ գումարներ վերցուցած է դրամատուներէն, Հասթըրթը «էապէս սխալ, կեղծ եւ խաբուսիկ յայտարարութիւններ» ըրած է՝ ըստ դաշնակցային դատախազներու:  Ըստ տարբեր լրատուական աղբիւրներու, Հասթըրթը այս գումարները վճարած է իր նախկին ուսանողին` տասնամեակներ առաջ անոր նկատմամբ թոյլ տրուած սեռական ոտնձգութիւնները թաքցնելու նպատակով:
Հասթըրթի հասցէին կատարուած ամբաստանութիւնները յատկապէս կը հետաքրքրեն ամերիկահայ համայնքը, քանի որ անցեալին ան մեղադրուած էր, որ մեծ չափերու հասնող կաշառքներ ստացած է թրքական կառոյցներէն Ներկայացուցիչներու տան նախագահի պաշտօնին եղած ժամանակ, 1999-2007 թուականներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւերը տապալելու համար: Այս մեղադրանքները երբեք լիարժէքօրէն չեն հետաքննուած Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ: Քոնկրեսէն հեռանալէն ետք Հասթըրթը աշխատեցաւ Տիքշթայն Շափիրոյի մօտ, Ուաշինկթընի մէջ իբրեւ լոպիստ Թուրքիոյ եւ այլ յաճախորդներու համար:
Քոնկրեսական Հասթըրթը իր քաղաքական ասպարէզի սկիզբը զարմանալիօրէն մեծապէս սատարած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման: 1984 թ. Ապրիլ 19-ին Ներկայացուցիչներու տան մէջ ան ելոյթ ունեցաւ ի նպաստ Քոնկրեսի ներկայացուցած Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի: 1996 թ. Յունիս 5-ին ան կողմ քուէարկեց օրէնքի մը փոփոխութեան, որմով պիտի կասեցուէր Թուրքիոյ տրամադրուող ամերիկեան օգնութիւնը, քանի դեռ այդ երկիրը չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Բացի այդ, 2000 թ. Օգոստոսին խօսնակ Հասթըրթը հանդիպեցաւ Կլենտէյլի հայ համայնքի ղեկավարներու հետ` խոստանալով Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը դնել քուէարկութեան` հակառակ նախագահ Քլինթընի խիստ առարկութեան:
Սակայն, 2000 թ. Հոկտեմբեր 19-ին, Ցեղասպանութեան բանաձեւի քուէարկութենէն վայրկեաններ առաջ, Հասթըրթը օրինագիծը հանեց քննարկումէն՝ արդարանալով, որ նախագահ Քլինթըն իրեն նամակ ուղարկած է` «ազգային անվտանգութեան լուրջ մտահոգութիւններ» բարձրացնելով: Ինչպէ՞ս է, որ Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական նախագահը, որ գրեթէ բոլոր հարցերուն մէջ կտրականապէս դէմ էր դեմոկրատ նախագահին եւ կ՝աջակցէր անոր պաշտօնազրկման (իմփիչմընթին), յանկարծ որոշեց համաձայնիլ անոր հետ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը մերժելուն վերաբերեալ: Չորս օր ետք թրքական «Սապահ» թերթը հաղորդեց, որ Հասթըրթը համաձայնած էր խափանել բանաձեւը, եթէ նախագահ Քլինթընը իրեն գրաւոր խնդրագիր ներկայացնէ:
Կրնա՞յ  գոյութիւն ունենալ աւելի ձախորդ պատճառ, որ մղէ նախագահ Հասթըրթը յանկարծ փոխելու իր վերաբերումը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ:
«Վենիթի ֆէյր» ամսագիրը 2005 թ. իր սեպտեմբերեան համարին մէջ բացայայտեց, որ FBI-ի նախկին թարգմանչուհի Սիպել Էտմոնտս զննած էր գաղտնաբար ձայնագրուած թրքական հեռախօսազանգերը, որոնք կը հաստատէին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունումը կանխելու համար նախագահ Հասթըրթը գանձած է առնուազն 500 հազար տոլար: FBI-ը գաղտնալսած է թուրք զրուցակիցները, որոնք պարծեցած են, թէ ինչպէ՝ս «Հասթըրթի նախընտրական քարոզարշաւին ժամանակ կազմակերպած է տասնեակ հազարաւոր տոլարներու վճարումները փոքր չեքերով», որովհետեւ 200 տոլարէն պակաս նուիրատուութիւններու համար յայտարարագրեր չէին պահանջուեր: Ի դէպ, «Վենիթի ֆէյր»-ի կողմէ նախագահ Հասթըրթի 1996-2002 թթ. դաշնակցային փաստաթուղթերու քննութիւնը ցոյց տուած է, որ նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ ան ստացած է մօտ 500 հազար տոլարի չյայտարարագրուած վճարումներ:
Ապշեցուցիչ է, որ Էտմոնտսի լուրջ մեղադրանքները հետաքննելու փոխարէն՝ FBI-ը պաշտօնէն հեռացուց զինք, իսկ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը անոր թոյլ չտուաւ վկայութիւն տալու ոչ Քոնկրեսի եւ ոչ ալ դատարանի մէջ` «պետական գաղտնիքի առանձաշնորհման» օրէնքի պատրուակով:
Զարմանալի չէ, որ նախագահ Հասթըրթի այցերը Թուրքիա 2002 եւ 2004 թուականներուն ֆինանսաւորուած էին Թուրք-ամերիկեան գործարար խորհուրդին կողմէ: Ուստի, 2004 թ. Յուլիսին Հասթըրթը հանդէս եկաւ կոշտ յայտարարութեամբ` խոստանալով խափանել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հետագայ բոլոր բանաձեւերը. խոստում մը, որ ան պահեց մինչեւ Ներկայացուցիչներու տունէն իր հեռանալը 2007 թ. Նոյեմբերին…
Հետաքրքրական է, որ Հասթըրթի անձնական հարստութիւնը  աճեցաւ  270 հազար տոլարէն մինչեւ 17 միլիոն տոլարի Քոնկրեսի մէջ երկու տասնամեակ ծառայելու ընթացքին, այն պարագային, երբ անոր աշխատավարձը կազմած է տարեկան 175 հազար տոլար… Ուրկէ՞ անոր այդ միլիոնները…
Ներկայացուցիչներու տունէն հեռանալէն վեց ամիս անց Հասթըրթը սկսաւ օգուտ քաղել Քոնկրեսի մէջ թրքական շահերուն ծառայելէն` միանալով Տիքշտայն Շափիրոյի ընկերութեան իբրեւ լոպիստ` ներկայացնելով թրքական կառավարութիւնը, ի թիւս այլ յաճախորդներու: Ան համատեղ աշխատեցաւ Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան նախկին ղեկավար Տիք Կեփարտի հետ, երբեմն միասին ճանապարհորդելով Թուրքիա եւ միլիոնաւոր տոլարներ կիսուելով շահաւէտ լոպիստական վճարումներէն: Նախորդ շաբաթ, դաշնակցային մեղադրանքէն անմիջապէս ետք, Հասթըրթը հեռացաւ լոպիստական ընկերութենէն:
Այժմ պէտք է լիարժէք հետաքննութիւն իրականացուի Հասթըրթի դէմ առաջադրուած բոլոր մեղադրանքներով, որոնք շատոնց անտեսուած էին: Ամերիկեան հասարակութիւնը պէտք է իմանայ, թէ արդեօք ան կաշառուա՞ծ է, կամ աւելի վատ` շանթաժի ենթարկուա՞ծ է թրքական կազմակերպութիւններու կողմէ, երբ Ներկայացուցիչներու տան նախագահի էր, որ երրորդ հզօրագոյն պաշտօնն է Ուաշինկթընի մէջ, նախագահէն եւ փոխնախագահէն ետք…
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
 
 
 
 
 
  -   Articles and Analyses