Փետրուար 1էն Մարտ 5, Պրիւքսէլի Թուռ է Թաքսի կեդրոնին մէջ տեղի կ՚ունենայ Գիրքի տօնավաճառը: Հոն տեղ պիտի գտնէ նաեւ հայկական տաղաւար մը, որ պիտի ընդունի ծանօթ երեք հայ հեղինակներ՝ Անթոնիա Արսլանը, Գլօտ-Արմէն Մութաֆեանը եւ Ռեմոն-Յարութիւն Գէորգեանը, որոնք պիտի մակագրեն իրենց գործերը:
Արսլան կ՚այցելէ Հինգշաբթի, Մարտ 1ին, Մութաֆեան՝ Շաբաթ, Մարտ 3ին եւ Գէորգեան՝ Կիրակի, Մարտ 4ին:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել Տիկին Մարի Արսլանեանին, հեռաձայնելով թիւին: