Թրքական փառատօնին մասնակցեր է նաեւ հայազգի Ուտի Երուանդ


Թրքական փառատօնին մասնակցեր է նաեւ հայազգի Ուտի Երուանդ

  • 13-10-2011 17:07:40   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Մարմարա» Թրքական լրատու աղբիւրները կը հաղորդեն թէ անօրինակ յաջողութիւն արձանագրած է Լոս Անճէլըսի մէջ կազմակերպուած փառատօնը, որ նուիրուած էր »Անատոլուի Քաղաքակրթութիւններն ու Ճաշերը« թէմային։ Ամերիկացիներն ու Ամերիկաբնակ թուրքերը մեծ շահագրգռութիւն ցոյց տուին փառատօնի նկատմամբ, առաջին օրը հազարաւոր աշակերտներ այցելեցին փառատօնի տարածութիւնը ու լուսանկարուեցան Անատոլուի զանազան քաղաքներն ու քաղաքակրթութիւնները ցոլացնող նկարներու ու դռներու առջեւ։ Փառատօնը սարքուեցաւ Լոս Անճէլըսի հարաւային Օրընճ Գաունթրիի մէջ, գրաւելով մօտաւորապէս 50 արտավար տարածութիւն։ Հռովմէական, Օսմանեան, Հիթիթեան, Բիւզանդական քաղաքակրթութիւններու ու Թուրքիոյ զանազան քաղաքները խորհրդանշող դռներ ու մանրանկար կառոյցներ կային, այցելուներուն ալ կը հրամցուէին Մարաշի պաղպաղակի կողքին թրքական զանազան կերակուրներ ու համադամներ։ Փառատօնին մասնակցեր է նաեւ հայազգի Ուտի Երուանդ, որ երգեր է թրքերէն, հայերէն ու քրտերէն երգեր։ Ուտի Երուանդ շատ տպաւորեր է իր ունկնդիրները։ Ուտի Հրանդ սապէս խօսեր է. »Իմ ամէնէն մեծ փափաքն է տեսնել թէ Թուրքիա ու Հայաստան միասնաբար կþիրագործեն ձեռնարկ մը եւ կը բանան սահմանները։ Մէկը պէտք է որ քարին տակ դնէ իր ձեռքը, բայց կը տեսնեմ որ շատ քիչ մարդ պատրաստ է իր ձեռքը քարի տակ դնելու, պէտք է որ բազմացնենք այս տեսակ մարդիկը«։ Ան Անատոլու Գործակալութեան յայտարարեր է որ ինք Տիյարպաքըրցի հայերէ է։ Չորս տարեկանէն ի վեր տարպուքա նուագելով ընդգրկած է երաժշտական ասպարէզը։ Ան 19 տարիէ ի վեր կը բնակի Ամերիկայի մէջ եւ կþըսէ թէ ինք այս մշակոյթին զաւակն է։ »Ես հոս կþապրիմ, բայց իմ սիրտս հոն մնացած է«, ըսեր է ան ակնարկելով Տիյարպաքըրի ու Անատոլուի հողամասերուն։ Ան դիտել տուեր է որ ամէն մարդ ցեղ մը ու կրօնք մը ունի, բայց երգերը ցեղ ու կրօնք չունին։ Փառատօնին իր երգերով մասնակցեր է նաեւ Աննա Զապունեան որ Անատոլուի արմատներով երգչուհի մըն է։ Ան երկրորդ անգամ ըլլալով է որ կը մասնակցի եղեր այս փառատօնին ու այժմ կþըսէ որ ամէն անգամ որ կը մասնակցի, ինքզինք Անատոլուի մէջ կը զգայ։ Ան ալ կþըսէ որ »մենք մեծցանք մեր մեծ հայրերուն մշակոյթով ու ճաշերով«։ Զապունեանի կը յայտնէ որ Թուրք ու Հայ ժողովուրդները եղբայր ժողովուրդներ են, շատ բան կը բաժնենք իրարու հետ, ճաշ, պար, երաժշտութիւն։ »Աշխարհի ամէն կողմը գացած եմ, բայց Իսթանպուլի հողերուն պէս հող չկայ«, ըսեր է Զապունեան։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը