13-10-2011 17:14:41 | | Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Մարմարա»
Ճէ-Հէ-Փէի Կուսակցապետ Քէմալ Քըլըճտարօղլուի ու նախկին Ներքին Նախարար, այժմ Փոխ վարչապետ Պէշիր Աթալայի միջեւ »Խլուրդ«ի բանավէճը երէկ ալ շարունակուեցաւ, Աթալայ երէկ ալ բուռն կերպով բողոքեց Քըլըճտարօղլուի պնդումին դէմ ու պահանջեց որ ան հրապարակէ բովանդակութիւնը գաղտնի փաստաթուղթերու թղթածրարին, փոխանակ այդ թղթածրարը օդին մէջ շարժելով ցոյց տալու։
- Հրատարակէ ինչ որ կայ այդ փաստաթուղթին մէջ, մի քաշուիր, հրապարակէ, հրապարակէ թէ ինչ խօսեր ենք հեռաձայնի խօսակցութեան ընթացքին, ըսաւ Աթալայ խօսք ուղղելով Քըլըճտարօղլուին։
Պատասխանելով այն պնդումին թէ Ներքին Նախարար եղած շրջանին, Ծովային Լապտեր Միութեան շէնքի խուզարկումէն քիչ առաջ ինք հեռաձայնով խօսած է Քըրըքքալէի Քաղաքապետ Վէլի Քորքմազի հետ, Աթալայ ըսաւ որ շատ բնական է որ Ներքին Նախարարութեան բազմաթիւ հեռաձայններէն մէկուն կամ միւսին վրայէն խօսակցութիւններ կատարուին սա կամ նա քաղաքապետութեան հետ, թող բարեհաճին հրապարակել այդ խօսակցութեան ընթացքին խօսուած նիւթերը՝ փոխանակ օդին մէջ թղթածրար մը ճօճելու, ըսաւ Աթալայ։ Աթալայ աւելցուց որ այսպիսի վերաբերում մը վայել չէ Թուրքիոյ Մայր Ընդդիմադիր Կուսակցութեան առաջնորդին։ Ան ուրիշներու պատիւով կը խաղայ։ »Բայց մէկը որ իր պատիւին նկատմամբ նախանձախնդիր չէ, նախանձախնդիր չի կրնար ըլլալ ուրիշներու պատիւին նկատմամբ ալ«, ըսաւ Աթալայ։
Պատասխանելով այն պնդումին՝ թէ ինք մէտիայի կարգ մը ընկերակցութիւններու հետ հաստատութիւն մը հիմնած էր 1999ին, Աթալայ ըսաւ որ 1999-ին իսկ արդէն հրաժարած է այդ ընկերութենէն ու իր մէկ լիրայի շահաբաժինը փոխանցած է ուրիշին։
Իսկ ինչ կը վերաբերի Քըլըճտարօղլուի այն պնդումին թէ ան ուրիշ փաստաթուղթեր ալ ունի ու զանոնք պիտի հրատարակէ, Աթալայ ուզեց որ հրատարակէ։ »Հրատարակէ, ինչ որ ունիս հրատարակէ, մի՛ քաշուիր«, ըսաւ Աթալայ։
Հիմա բանավէճը մտած է իսկապէս հետաքրքրական փուլէ մը ներս։ Քըլըճտարօղլու պիտի հրատարակէ՞ բովանդակութիւնը հեռաձայնի այն տեսակցութեան որու մասին կը խօսի եւ որուն թղթածրարը ցոյց կուտայ իր ամբաստանութեան ընթացքին։