Ատրպէյճան Ղարապաղի Պաշտպանութեան բանակի զօրքերուն հետ սահմանի երկայնքին պաշտպանական պատ մը կը կառուցանէ


Ատրպէյճան Ղարապաղի Պաշտպանութեան բանակի զօրքերուն հետ սահմանի երկայնքին պաշտպանական պատ մը կը կառուցանէ

  • 14-10-2011 19:12:42   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

«Մարմարա» Ատրպէյճան Ղարապաղի Պաշտպանութեան բանակի զօրքերուն հետ սահմանի երկայնքին պաշտպանական պատ մը կը կառուցանէ։ Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ կը յայտնեն որ Ղարապաղի Մարտակերտ շրջանի սահմանակից Չըրաղլը գիւղին մօտ արդէն կառուցուած է երեք մեթր բարձրութեամբ ու 700 մեթր երկարութեամբ պատ մը։ »Հայ նշանառունէն պաշտպանուելու« նպատակով սահմանի երկայնքին պատ կառուցանլու գաղափարը 2006էն ի վեր կը քննարկուի Ատրպէյճանի մէջ։ Պատի շինութեան կողմնակցիներ կը կարծեն որ այդ քայլը հոգեբանական կարեւորութիւն պիտի ունենայ ու »պիտի ստիպէ որ ազերի ժողովուրդը յիշէ թէ ո՞վ է իր դրացին«։ Նշենք որ հակամարտող ժողովուրդները պատով անջատելու կամ հակառակորդներէն պաշտպանելու նպատակով երկրի սահմանները պարսպապատելու նախադէպերը յայտնի են հնագոյն ժամանակներէն ի վեր։ Հին աշխարհէն ներս այդպիսի ամենայայտնի օրինակը չինական մեծ պատն է։ Նորագոյն ժամանակներէն ամենայայտնին՝ ցուրտ պատերազմի ամենախորհրդանշական Պերլինի պատը, որ քանդուեցաւ 1989ին։ Նաեւ Իսրայէլի պետութիւնը 2003ին սկսած է պատ մը հիւսել Յորնանան գետի արեւմտեան ափի վրայ։ Պատը ունի ութ մեթր բարձրութիւն եւ կը փորձէ այդպէս Իսրայէլը պաշտպանել պաղեստինցիներէն։ Պատը փաստացի սահման կը հանդիսանայ Իսրայէլի ու Պաղեստինի միջեւ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը