Կարսի կուսակալը ի բացակայութեան յանդիմանեց Ջուրերու վարչութեան շրջանային տնօրէն Չէլէնքը


Կարսի կուսակալը ի բացակայութեան յանդիմանեց Ջուրերու վարչութեան շրջանային տնօրէն Չէլէնքը

  • 14-10-2011 19:18:41   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Մարմարա» »Միլլիյէթ« կը հաղորդէ թէ Կարսի նահանգային համակարգումի ժողովի ընթացքին Կարսի Կուսակալ Ահմէտ Գարա հրապարակաւ քննադատած է Պետական Ջուրերու Վարչութեան Շրջանային Տնօրէն Հայաթի Չէլէնքը, որ ժողովի չէր կրցած մասնակցիլ Հայաստան գացած ըլլալուն համար։ Կուսակալը անսովոր ոճով մը քննադատեց, »Ինչ ապուր ուտելու համար գացած է Հայաստան, թող գայ ու բացատրէ« ըսաւ Հայաթի Չէլէնքի հասցէին։ Ժողովի ընթացքին, շրջանային տնօրէնները կարգով բացատրութիւններ կուտային, բայց Հայաթի Չէլէնքի բացակայութեան պատճառաւ անոր տեղ բացատրութիւն տալ ուզեց տեղակալը Ալի Քէօսէալի։ Կուսակալ Գարա ջղայնացաւ։ - Ո՞ւր է ձեր Տնօրէնը, հոս հարցեր կան որոնց մասին պէտք է խօսինք։ Բայց Շրջանային Տնօրէնը Հայաստան խոյս տուեր է։ Մէկ ամիս առաջուց ճշդուած էր այս հաւաքոյթին թուականը։ Եթէ Հայաստանը աւելի կարեւոր էր, թող գայ տեսնենք ու մեզի բացատրէ թէ ինչ ապուր ուտելու գացեր է Հայաստան ¤Թրքերէն բնագրին մէջ՝ »Նէ հալթ էթմէյէ կիթթի«_։ Երթալու անհրաժեշտութիւն մը չկար։ Հայաստանի հետ ճարտարագէտներն են որ կը խօսին, պատճառ մը չկայ որպէսզի շրջանային տնօրէնները խօսին«, ըսաւ Կուսակալը բարկութեամբ։ Կուսակալը նախ չուզեց իմանալ շրջանային տնօրէնի տեղակալին բացատրութիւնները, »Դուն իմ խօսակիցս չես« ըսաւ, բայց վերջը յօժարեցաւ որ բացատրութիւններ տայ տեղակալը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը