ՀՕՄ Նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետն է Վիգի Մարաշլեան


ՀՕՄ Նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետն է Վիգի Մարաշլեան

  • 14-10-2011 22:25:40   | ԱՄՆ  |  Մամլո հաղորդագրություն
14 Հոկտեմբեր, 2011-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն իր աշխատանքները աւարտեց ՀՕՄ-ի Համահայկական 70-րդ Պատգամաւորական Ժողովը: Հինգ օրերու վրայ ժողովը քննեց ՀՕՄ-ի անցնող եռամեակի գործունէութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով միութեան Հարիւրամեակի համահայկական նշումը: Յառաջիկայ գործունէութեան ծրագրի մշակման ընթացքին ժողովականները ծանրացան այն իրողութեան վրայ, որ եկող տարիները անկիւնադարձ մը պիտի ըլլան ՀՕՄ-ին համար մէկ կողմէ նկատի ունենալով համաշխարհային ֆինանսական տագնապը, միւս կողմէ` հայ կեանքի մէջ արձանագրուած փոփոխութիւնները, համաշխարհային եւ համամարդկային մակարդակի վրայ արձանագրուող կարիքներու, բարեսիրական աշխատանքի ըմբռնումի փոփոխութիւնները եւ հաղորդակցական միջոցներու զարգացումը: Այս բոլորի լոյսին տակ ժողովը որդեգրեց մեծ թիւով բանաձեւեր, որոնք կը վերաբերին աշխատելաձեւի, ինչպէս նաեւ այլազան ծրագիրներու որոնք բարեսիրական նպատակներու կողքին կը միտին ընկերային ծառայութեան մարզէն եւ հասարակական կեանքի մէջ հայ կնոջ դերի բարձրացման ուղղութեամբ գործունէութիւն ծաւալել: Օրակարգի կէտերու քննարկման աւարտին ժողովը ընտրեց նոր Կեդրոնական Վարչութիւն, որուն մաս կը կազմեն Վիգի Մարաշլեան (ԱՄՆ), Ռոզի Պետրոսեան (ԱՄՆ), Անի Քէշիշեան (ԱՄՆ), Փոլին Կեթսոյեան (ԱՄՆ), Գարոլին Շմաւոնեան (ԱՄՆ), Սօնա Աքէլեան (ԱՄՆ), Նայիրի Շահինեան (Գանատա), Կրասիելա Գէորգեան (Հարաւային Ամերիկա), Զեփիւռ Է. Րէիսեան (Միջին Արեւելք), Լիզա Աւագեան (Յունաստան), Ալեսիա Բեջանեան (Հայաստան): Նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետն է Վիգի Մարաշլեան:
  -   Մամլո հաղորդագրություն