Արամ Ա. Կաթողիկոսի այցելութիւն մը տուաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան կեդրոնատեղին


Արամ Ա. Կաթողիկոսի այցելութիւն մը տուաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան կեդրոնատեղին

  • 24-10-2011 16:31:41   | ԱՄՆ  |  Մամլո հաղորդագրություն
Արամ Ա. Կաթողիկոսի Արեւմտեան մեր Թեմին շնորհած հովուապետական այցելութեան նախավերջին օրուան՝ Շաբաթ, 22 Հոկտեմբերի երեկոն ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական խորագիր։ Արդարեւ, Վեհափառ Հայրապետը այցելութիւն մը տուաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան կեդրոնատեղին, ապա, հովանաւորեց «Արարատ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 33րդ տարեդարձին նուիրուած տօնակատարութիւնը, որ կազմակերպուած էր Կլենտէյլի Civic Auditorium-ին մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. Վարչութեան կեդրոնատեղին հասաւ երեկոյեան ժամը 7ին, ուղեկցութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ ժողովականութեան ներկայացուցիչներու։ Իկըլ Ռաքի կեդրոնատեղիին մէջ համախմբուած էին Շրջ. Վարչութեան, մասնաճիւղերու վարչութեանց, սակուտական խմբապետութեան ներկայացուցիչները։ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Գառնիկ Աբրահամեան ողջունեց հայրապետական շքախումբը եւ ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ականները։ Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի յարկին տակ հայակերտումի ու մարդակերտումի աշխատանքներուն, նշելով, որ անոնք կþընդգրկեն նաեւ հոգեւոր դաստիարակութիւն։ Ան անդրադարձաւ Ազգ. Առաջնորդարանին հետ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործակցութեան դաշտերուն, նշելով, որ այս շրջանը միակն է, որ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանի ծրագիրը կþիրագործէ Ազգ. Առաջնորդարանին հետ գործակցութեամբ։ Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այս այցելութեան հիմնական նպատակներուն ու իրագործուած հանգրուաններուն, յիշեցնելով, որ Նորին Ս. Օծութիւնը յատուկ կարեւորութիւն ընծայած է ու կþընծայէ մարզական այս մեծ միութեան գործունէութեան։ Տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։ Հանդիպումը շարունակուեցաւ մտերմիկ զրոյցով։ «ԱՐԱՐԱՏ»Ի 33ԱՄԵԱԿ Վեհափառ Հայրապետն ու շքախումբը այնուհետեւ ուղղուեցան Կլենտէյլի Civic Auditorium-ը, ուր կազմակերպուած էր «Արարատ» մասնաճիւղի 33ամեակի շքեղ տօնակատարութիւնը։ Ներկայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.ական պատասխանատուներ, ներկայացուցչական դէմքեր, որոնց շարքին՝ խորհրդարանի անդամ Էտըմ Շիֆ, եւ բազմահարիւր հանդիսականներ։ Խօսք առնելով՝ Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ «Արարատ» մասնաճիւղի վարչականներն ու անդամները՝ այս հանգրուանին իրագործման առիթով, վեր առնելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի դաստիարակող ու սերունդներ ներշնչող առաքելութիւնը, ապա հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը՝ ուղղելու իր պատգամը։ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի անցեալի ու ներկայի գործունէութեան, որ ի սպաս կը դրուի մեր ժողովուրդին ու յատկապէս մանուկներուն, պատանիներուն եւ երիտասարդներուն։ Ան շեշտեց, որ «Հ.Մ.Ը.Մ.ը ինքնին փոքր Հայաստան մըն է իր ստեղծած ոգեղէն մթնոլորտով ու նորահաս սերունդներուն ներշնչած ոգիով. Հ.Մ.Ը.Մ.ը մեր նորահաս սերունդներուն համար կամուրջ մըն է հայրենիքին հետ հաղորդակցութեան իմաստով, անիկա փոքր Հայաստան մըն է Մեծ Հայաստանին համար», ընդգծեց Նորին Ս. Օծութիւնը, եւ մաղթեց, որ մասնաճիւղն ու անոր պատկանած մեծ ընտանիքը արձանագրեն նոր նուաճումներ՝ հայկական մեր կեանքին մէջ։ Հանդիսութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը յուշանուէր մը յանձնեց բարերար Գագիկ Գալստեանի, բարձր գնահատելով անոր նուիրաբերումը։ Հիւրընկալ մասնաճիւղի ներկայացուցիչները, իրենց կարգին, յուշանուէր մը յանձնեցին Հայրապետին։
  -   Մամլո հաղորդագրություն